Category: Մարզական
ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐԸ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՁԵՒՈՎ ՍԿՍԱՆ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 168 վարպետներ: Հայաստան, որ այս մրցաշարքին ունի տասը մասնակից, տպաւորիչ սկիզբ մը ունեցաւ: Ա. հանգրուանին իրենց ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, շաբաթ, 9 ապրիլին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան ֆութպոլի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնք ընթացան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ: Նշենք, որ սովորականին նման տեղի ունեցան երեք` փոքր, ... Շարն.
«ՆԱՅՔԻ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ԼՈՌԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ԵՒ ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 9 ապրիլին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան վազքի մրցումներ` տարբեր տեսակի դասակարգերու եւ տարիքներու մէջ: Աղջկանց 17 տարեկանէն վար 400 ... Շարն.
ԺԻՒՏՕ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան երէկ կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նախանցեալ օր Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան) Անդրանիկ Չափարեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքի 73 քկ ... Շարն.
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ապահովեց իր առաջին մետալը` շնորհիւ Յարութիւն Մերտինեանի, որ 14,950 կէտ ապահովելով տիրացաւ պրոնզ մետալին: Նշենք, որ Մերտինեան բաւական փորձառութիւն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՊԱԺԺԷ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՏՂՈՑ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի Պաժժէ - Թըպնին երրորդ ճակատումը: Պաժժէ 57-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԲԱՆԱՆՑ – ՓԻՒՆԻԿ` 3-4
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Բանանցը: Միքայի մարզադաշտին վրայ ... Շարն.
ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՎԵԹԵԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երէկ` կիրակի, 10 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2011-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի կրան փրին` Սեփանկի վազքուղիին վրայ (Մալեզիա): Ռետ-Պուլի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել, որ տիրացած էր տարեշրջանի առաջին կրան ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներ: Ֆութպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 9 ապրիլին, պիտի կատարուին «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Իսկ պասքեթպոլի ... Շարն.
ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ` ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 10 ապրիլին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները: Մրցումները պիտի սկսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին` ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, կարգ մը ճակատումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Անոնց կարգին է` Ֆիորենթինա - Ա. Սէ. Միլան ճակատումը: Սպանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտ կարեւոր ... Շարն.
ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 4-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ. ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ
«Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Պէյրութեան ընկերութիւններու 4-րդ խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Ժամհուր ակումբին մէջ, հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ դրուած մնացեալ մարզաձեւերը: 32 ընկերութիւններէ եւ համալսարաններէ ... Շարն.
«ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ Կ՛ՈՒԶԵՄ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԵՆԻՍ ԹՈՒՄԱՍԵԱՆ
Ռուսական Ուրալ-Էքաթերինպուրկ ակումբին մաս կազմող հայազգի ֆութպոլիստ Տենիս Թումասեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մաս կազմել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: «Վերջերս կը ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. «ՆԱՔ-ԱՈՒԹԻ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿԵՄ ՓԵՐԵՍԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐՉԻՆԵԱՆ
Երկրորդ թեթեւ կշիռի IBF-ի, WBC-ի եւ WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Վախտանկ Դարչինեան իր ունեցած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբ յառաջիկայ 23 ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ ճակատի առաջին թեթեւ կշիռի ... Շարն.
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՄԵԼԻՆԷ ՏԱԼՈՒԶԵԱՆ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՉՄԵԿՆԻ ՔԱԶԱՆ
Յառաջիկայ 11 ապրիլին Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ պիտի սկսին Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը այժմ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Երեւանի մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս ... Շարն.
ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱՅՍՕՐ` ԱՅՆԹՐԱԽԹ ՖՐԱՆՔՖՈՐԹ- ՎԵՐՏԸՐ ՊՐԵՄԸՆ
Այսօր, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ կը հիւրընկալէ Վերտըր Պրեմընը: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, վաղը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրը ըլլայ ... Շարն.
ՖԻՖԱ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄԻ
Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ եւ ՖԻՖԱ-ի նախկին փոխնախագահ Չուն Մոն Ժուն իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամի, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է ՖԻՖԱ-ի նախագահի ... Շարն.
ԼԵՊՐԸՆ ՃԷՅՄՍ` ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ԲԱԺՆԵՏԷՐԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Էն. Պի. Էյ.ի կազմերէն Մայեմի Հիթի աստղ Լեպրըն Ճէյմս դարձաւ Լիվըրփուլի բաժնետէրերէն մէկը` ստանալով ակումբին բաժնետոմսերէն փոքր մաս մը: Այս տեղեկութիւնը, որ հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», կը նշէ, որ NESV ... Շարն.
ՄԵՔՍԵՍ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԻԱՆԱՅ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ
Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Ֆիլիփ Մեքսես կը յայտնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտին, երբ աւարտի իր պայմանագրութիւնը, շատ հաւանաբար միանայ Ա. Սէ. Միլանի: 29 տարեկան ֆրանսացիին համար այս ... Շարն.

