Category: Մարզական
ՀՄԸՄ – Ախա Ահլի Ալէյ` 0-0
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ախա Ահլի Ալէյի հետ եւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Այս փորձ-մրցումը ՀՄԸՄ-ի ... Շարն.
Աշխարհի Քոնկ Ֆուի 3-րդ Ախոյեանութիւն. Պէյճինկ-2014. Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի
25-30 յուլիսին Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցան աշխարհի Քոնկ ֆուի Պէյճինկ-2014-ի 3-րդ ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որոնք հոն մեկնած էին պատուաւոր դիրքեր գրաւելու եւ իրենց երկիրներուն համար մրցանակներ ... Շարն.
Աշխարհի Ըմբշամարտի Ախոյեանութենէն Առաջ. Հայաստանի Ըմբիշները Կը Պահեն Իրենց Բարձր Վարկանիշները
8-14 սեպտեմբերին Թաշկենտի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան նախօրեակին, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻԼԱ) հրապարակեց իւրաքանչիւր դասակարգի առաջին 20 զօրաւորագոյն ըմբիշներուն վարկանշային ցուցակը: Վերջին շրջանին միջազգային մրցաշարքերուն ... Շարն.
Ճատրակ. Միջազգային 41-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Տիտղոսը Պաշտպանելու Իր Յոյսերը Կորսնցուց
Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականին 10-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը (2-2) արձանագրելով Վիեթնամի հետ, տիտղոսը պաշտպանելու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց` նկատի ... Շարն.
Գերմանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Տորթմունտ Տիրացաւ Տիտղոսին` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Պայէրնի
Հենրիխ Մխիթարեան Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ գերբաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ: Ինչպէս բոլորն ալ ծանօթ են, Պայէրն Միւնիխ իւրաքանչիւր տարեշրջանի իր դէմ ... Շարն.
Ռունի` Մանչեսթըր Եունայթըտի Խմբապետ
Ուէյն Ռունի (աջին) Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչ Լուիս Վան Կաալ խումբի խմբապետի պաշտօնը յանձնեց անգլիացի յառաջապահ Ուէյն Ռունիի, մինչ փոխխմբապետի պաշտօնը վստահուեցաւ սկովտիայի միջնապահ Տերըն Ֆլեչըրի: 28 տարեկան Ռունի տասը ... Շարն.
Յաջորդաբար 10-րդ Անգամ Ըլլալով`. Շարափովա Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիկը
Իր լուրը քաղելով «Ֆորպս» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա դարձեալ գլխաւորեց աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն ցուցակը` յաջորդաբար 10-րդ անգամ ըլլալով (2004-էն սկսեալ): ... Շարն.
Թապարեզ Դարձեալ Պիտի Ենթարկուի Կռնակի Վիրաբուժութեան
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Օսքար Թապարեզ դարձեալ պիտի ենթարկուի կռնակի վիրաբուժութեան: 67 տարեկան Թապարեզ, որ նախորդ դեկտեմբերին ենթարկուած էր առաջին վիրաբուժութեան, ... Շարն.
Վալերի Քարփին Նշանակուեցաւ Մայորքայի Մարզիչ
Սպարտակ Մոսկուայի նախկին մարզիչ Վալերի Քարփին նշանակուեցաւ Մայորքայի մարզիչ, յայտնեց Մայորքայի պաշտօնական կայքը: Նախապէս Քարփին իբրեւ ֆութպոլի մարզիչ աշխատած է միայն Սպարտակի հետ` 2009-2012-ին եւ 2012-2014-ին: Մայորքա ներկայիս մաս կը ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Պարտուեցաւ
Երէկ երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկու ճակատումները: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի դէմ, 54-31 արդիւնքով յաղթանակ ... Շարն.
Նանճինկ-2014. Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Ժամանեց Նանճինկ
Երէկ առաւօտեան Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը ժամանեց Չինաստանի Նանճինկ քաղաքը, ուր 16 օգոստոսին կը սկսին պատանիներու ողիմպիական 2-րդ խաղերը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը: Հայաստանի 32 անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը ... Շարն.
Ալաշկերտի Միջնապահ Գէորգ Օհանեան Կը Տեղափոխուի Լիբանան
Tert.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Ալաշկերտի միջնապահ Գէորգ Օհանեան երկկողմանի համաձայնութեամբ, իր պայմանագրութիւնը խզեց իր ակումբին հետ, կը յայտնէ հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան ... Շարն.
ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբին Ֆիզիքականի Մարզիչին Հետ
Լիբանանեան մարզական լրագրողներուն յղած իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը յայտնեց, որ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի խումբին ֆիզիքականի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի հետ, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով: ... Շարն.
Ճատրակ. Աշխարհի 41-րդ Ողիմպիական. Հայաստան – Սերպիա` 2-2. Ռուսիա – Հայաստան` 2,5-1,5
Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 9-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սերպիոյ հետ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Հայաստան այժմ ... Շարն.
Նանճինկ-2014. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Նանճինկ
PROFOTO Երէկ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Նանճինկ (Չինաստան) մեկնեցաւ լիբանանեան ողիմպիական պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար երիտասարդական ողիմպիական 2-րդ խաղերուն: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ ... Շարն.
«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ Տիրացաւ Տիտղոսին
Երէկ գիշեր Կալեսի Քարտիֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան սպանական երկու խումբեր` Ռէալ Մատրիտ եւ Սեւիլլա: Մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ ... Շարն.
Ժերարտօ Մարթինօ Նշանակուեցաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ» յայտնեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Ժերարտօ Մարթինօ նշանակուեցաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով այդ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ... Շարն.
Չիլիցի Հենրիքեզ Փոխ Տրուեցաւ Տինամօ Զաղրեպի
Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող չիլիցի յառաջապահ Անճելօ Հենրիքեզ մինչեւ նոր սկսելիք տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Խրուաթիոյ ախոյեան Տինամօ Զաղրեպի: 20 տարեկան Հենրիքեզ, որ 2012-ին, Եունիվերսիթատ տը Չիլիէն միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին, ... Շարն.
Տիեկօ Լոփես Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ա. Սէ. Միլանի Հետ
Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Տիեկօ Լոփես, որ ժամանեց Իտալիա, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ա. Սէ. Միլանի հետ: «Ասիկա շատ կարեւոր քայլ մըն է իմ արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին: Իմ նոր ... Շարն.
Հատըլ Նշանակուեցաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի Մարզիչ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին մարզիչ Կլեն Հատըլ երէկ նշանակուեցաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի գլխաւոր մարզիչ: 56 տարեկան Հատըլ, որ 1998-ի Մոնտիալին Անգլիոյ մարզիչն էր, ... Շարն.

