Category: Հայկական
Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Այցելած Է Սահմանամերձ Զօրամաս
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կիրակի անակնկալօրէն այցելած է բանակի սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը: Օհանեանին ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գառնիկ Հայրապետեան, բանակային զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Օննիկ ... Շարն.
Էրտողանի Կուսակցութեան Փոխնախագահը Եւս Կը Ցաւակցի «1915-ի Դէպքերուն» Կապակցութեամբ
Մեւլութ Չաւուշօղլու Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած «Մալաթիան` Մալաթիոյ հայերու աչքերով» խորհրդաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ, Մալաթիայէն երեսփոխան Էօզնուր Չելիք «1915-ի դէպքերուն» կապակցութեամբ ցաւակցած է հայերուն: Ըստ ... Շարն.
Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ազրպէյճանական Կողմը Զինադադարը Խախտած Է 550 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 12-էն 18 հոկտեմբերի ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանային գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման օրէնքը խախտած է շուրջ 550 անգամ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի ... Շարն.
Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Երեւան Եւ Պաքու Իրենց Այցելութեան Շուրջ Յայտարարութիւն Տարածած Են
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 14-18 հոկտեմբերին Երեւան եւ Պաքու իրենց կատարած այցելութեան արդիւնքներուն շուրջ յայտարարութիւն տարածած են: ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները ... Շարն.
Վարչապետ Աբրահամեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Իրան
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիի հրաւէրով 20 հոկտեմբերին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Իրան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան ... Շարն.
Ըստ Թրքական Մամուլին. Սպիտակ Տունը, Ցուցադրելով Հայկական Գորգը, Ուղերձ Կը Յղէ Թուրքիոյ
Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի հայ որբերու գործած գորգը 18-23 նոյեմբերին ցուցադրել նախագահական նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ: Լուրը մեծ արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին մէջ: Սպիտակ տան այդ ... Շարն.
Արմէն Գէորգեան Ազատ Կացուցուեցաւ Փոխվարչապետի Պաշտօնէն
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին ստորագրած հրամանագիրով, Արմէն Գէորգեան ազատ կացուցուեցաւ փոխվարչապետի եւ տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօններէն: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: Յիշեցնենք, որ Արմէն Գէորգեանի ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Համանախագահներուն Հետ Քննարկեց Փարիզի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպումը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտիոն (Ֆրանսա), Միացեալ Նահանգներու համանախագահի օգնական Տէյվիտ Սալվոն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Սահմանադրական Բարեփոխումներու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը Պիտի Յայտնէ 2015 Թուականի Փետրուար-Մարտ Ամիսներուն
Tert.am սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Արման Սաղաթելեանի հետ, որ ըսաւ, թէ սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջնական դիրքորոշումը, ըստ ամենայնի, յայտնի պիտի ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հայեցակարգին Գծով Իր Առաջարկները Պիտի Ներկայացնէ
ՀՅԴ-ն սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի` յառաջիկային սպասուող քննարկումներուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր առաջարկները: «Մեր հիմնական մօտեցումները ժամանակին ներկայացուած են, բայց երէկ հրապարակուած փաստաթուղթը, այդ պարագային Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը կարիք ունի մանրամասն ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Այցելութիւնը Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Պելճիքայի կոմիտէութեան, Հայ դատի ... Շարն.
Հրապարակուեցաւ Շանթ Յարութիւնեանի Եւ Ընկերներուն Գործով Վճիռը. Յարութիւնեան Դատապարտուեցաւ 6 Տարուան Բանտարկութեան
Երէկ Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան հրապարակեց 5 նոյեմբեր 2013-ի անկարգութիւններու գործով դատավճիռը: Այս մասին դատարանէն տեղեկացուց «Երկիր»-ի թղթակիցը: Դատարանը բոլոր ամբաստանեալները մեղաւոր ... Շարն.
Մրցանակ` Արցախի Նախագահին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պիտի արժանանայ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ափի գրասենեակի պատւոյ «Ազատութեան մրցանակին»: Մրցանակը Արցախի նախագահին կը շնորհուի 2 նոյեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան ընդունելութեան ընթացքին: ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Սեփական Ճակատագիրը Տնօրինելու Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Իրաւունքը
Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը: Նախագահը կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը ... Շարն.
Սպիտակ Տունը Պիտի Ցուցադրէ Հայ Որբերու Գորգը
«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը գրէ, որ Սպիտակ տունը չորեքշաբթի օր հաստատած է նախապէս տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած պատմական գորգը ցուցադրման քանի մը ձախողած փորձերէ ետք նոյեմբերին պիտի ... Շարն.
Փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան Հրաժարական Ներկայացուց
Արմէն Գէորգեան 17 տարի պետական համակարգին մէջ աշխատած, վարչապետի օգնականէն տարածքային կառավարման նախարար եւ փոխվարչապետ դարձած Արմէն Գէորգեան երէկ աշխատանքէն ազատ կացուցուելու դիմում ներկայացուց: Կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին ... Շարն.
Անգարայի Քաղաքապետը Քիւրտ Անուան Տակ Ծպտուած Հայերը Մեղադրած Է Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար
Մելիհ Կէօքչեք «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ կատարած հակահայկական գրառումին համար «Թուիթըր»-ի օգտատէրերու քննադատութեանց թիրախ դարձած է: Քաղաքապետը գրած ... Շարն.
Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Ներկայացուեցաւ Նախագահ Սարգսեանին
Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նախանցեալ օր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց յանձնախումբի երեքշաբթի օրուան նիստին հաստատուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին նաեւ ներկայացուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին վերաբերեալ «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի ... Շարն.
Սուխումի Հայ Համայնքի Ղեկավարը` Աբխազիոյ Փոխվարչապետ
Սուրէն Կերսելեան ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ մէջ հաստատուած է կառավարութեան նոր կազմը: Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպան: Նոր կառավարութեան մէջ այսուհետեւ պիտի ըլլայ երեք ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը
Դեսպան Չանչուն եւ Սարգսեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելուն առիթով: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` պաշտօնավարութեան տարիներուն հայ-չինական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած արդիւնաւէտ ... Շարն.

