Category: Հայկական
ԱՐՑԱԽ. ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՈՒՐՋ
Նախանցեալ օր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակի տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի անդամներուն մասնակցութեամբ: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տօնական ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՄԵԾՑՈՂ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ցաւալի նկատեց ներկայ արտագաղթի միտումները: Ան արտագաղթի աշխուժացումը պայմանաւորեց հիմնականին մէջ ընկերային-տնտեսական բարդութիւններով: «Ես կը հաւատամ, որ յատկապէս ռուսական ... Շարն.
«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՕԹԱՆ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ Պաքուի մէջ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ ... Շարն.
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՊՕՐԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու` թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի իրաւասու մարմիններու ղեկավարներու համակարգող խորհուրդի 10-րդ նիստը, որուն կը նախագահէր Ռուսիոյ թմրեցուցիչներու շրջանառութեան վերահսկման ... Շարն.
«ՌՈՒՍԻԱՆ ՄԻԱԿ ԵՐԿԻՐՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՍԱՏԱՐԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՖՐԱՆԹԻՇԵՔ ՄԻՔԼՈՇՔՕ
Յունիսի աւարտին Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կազմակերպած էր միջազգային գիտաժողով մը` «Եւրոպան Միացեա՞լ եւ ազա՞տ. երկու տասնամեակ Վարշաւայի ուխտի գործունէութեան կասեցումէն ետք» խորագիրով: Գիտաժողովին մասնակցեցան Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Քարել ... Շարն.
«ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ԱՌԱՆՁՆԱՑՆԵՐ ՈՐԵՒԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ լրագրողներուն հետ եւ շնորհաւորեց զիրենք Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Հանդիպման քննարկման առանցքային նիւթերն էին ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը եւ ներքաղաքական ... Շարն.
«ՔԱՌՆԸԿԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր 4 յուլիսի թիւին մէջ ամբողջ էջ մը տրամադրած է «Քառնըկի» հիմնարկի ծանուցումին: Ծանուցումին վրայ 45 լուսանկարներ կը շրջապատեն հիմնարկի հիմնադիր Անտրիւ Քառնըկիի լուսանկարը. ... Շարն.
ԸՍՏ «ՎԵՐՍԻ»Ի ՈՒՔՐԱՆԻԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋՆՈՐԴ ԴԱՌՆԱԼ
Ուքրանական «Վերսի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիա կը պատրաստուի ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդ դառնալու: «Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուքրանիա կատարած այցելութեան արդիւնքներէն յայտնի դարձած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին ... Շարն.
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ` ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ ծրագրուած դիտարկում մը կատարեց Ասկերանի ուղղութեամբ: Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, դիտարկումը անցած է ըստ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ` ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հայաստան երէկ նշեց Սահմանադրութեան օրը: Այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, զոր ամբողջութեամբ կու տանք ստորեւ: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շնորհաւորում եմ ձեզ Սահմանադրութեան օրուայ կապակցութեամբ: Սահմանադրութեան ... Շարն.
ԻԼԻԱ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՇՆՈՐՀՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ
Ամենայն վրաց Իլիա Բ. պատրիարքը յատուկ յայտարարութեամբ դիմեց Վրաստանի խորհրդարանին եւ կոչ ուղղեց կասեցնելու քաղաքացիական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնցմով երեսփոխանները կը պատրաստուին իրաւաբանական անձի կարգավիճակ տալ Վրաստանի մէջ գործող հինգ կրօնական ... Շարն.
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ. «ՀԵՏԱԳԱՅ ՁԳՁԳՈՒՄԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԴՆԷ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ հակառակ այն բանին, որ Քազանի մէջ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք չէ ձգուած ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս յառաջընթաց ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՐԺԷՔԻՆ
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, որ մասնագիտութեամբ սահմանադրագէտ է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր բոլոր քննադատութիւններով հանդերձ` 1995-ի սահմանադրութիւնը յաջողեցաւ ամրագրել այն իսկական փոփոխութիւնները, որոնք ... Շարն.
ԹԻՖԼԻՍ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Թիֆլիս «ցաւալի» նկատած է այն փաստը, որ Հայաստան ՄԱԿ-ի մէջ գաղթականներու վերադարձի մասին բանաձեւի քուէարկութեան ժամանակ չէ պաշտպանած Վրաստանի դիրքորոշումը: Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 57 թեր եւ 13 դէմ ... Շարն.
ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
Աթէնքի «Ասթիր Փալաս» պանդոկին մէջ, ուրբաթ 1 եւ շաբաթ, 2 յուլիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան կազմակերպութեան անդամ շուրջ 90 կուսակցութիւններէ 300-է աւելի ներկայացուցիչներ` ամբողջ ... Շարն.
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԵՐԻՒՐԱՆՔՆԵՐԸ
Մեկնաբանելով ազրպէյճանական կողմին տարածած այն տեղեկատուութիւնը, որ հայ զինուորները կը հրդեհեն ազրպէյճանական դաշտերը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը յայտարարեց, որ բանակի ստորաբաժանումները այսպիսի քայլերու չեն դիմեր, քանի որ ատիկա անյարիր է ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ԿԸ ՅՂԷ ՕՊԱՄԱՅԻՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ, որուն բնագիրը տարածեց Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը, նախագահ Սարգսեան Հայաստանի ... Շարն.

