Category: Հայկական
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնեցաւ Կարճատեւ Արձակուրդի
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ կարճատեւ արձակուրդի, որուն մէկ մասը պիտի անցընէ արտերկրի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Շարն.
Սոչիի Մէջ` Սարգսեան-Փութին- Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում
Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ. Ներթափանցման Նոր Փորձ` Հատրութի Եւ Մարտունիի Ուղղութիւններով
8-էն 9 օգոստոսի լուսցող գիշերը, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային (Հատրութի) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունիի) ուղղութիւններով հակառակորդը անգամ մը եւս ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ... Շարն.
Յովիկ Աբրահամեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Զինուորական Յենակէտերը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի ընկերակցութեամբ այցելած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական յենակէտերը: Լեռնային Ղարաբաղի ... Շարն.
«Ղարաբաղեան Տագնապը Սառեցուած Չէ» Կ՛ըսէ Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին` մեկնաբանելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը սառեցուած ... Շարն.
Տաւութօղլու. «Թուրքիան Միշտ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին»
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան միշտ պիտի աջակցի Ազրպէյճանին: Ան յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից ... Շարն.
Փութին Այսօր Երկկողմանի Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հետ
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի հանդիպումները: Մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, ... Շարն.
Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան Մահացաւ»
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, քանի մը օր առաջ գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան «յանկարծամահ եղած է»: Կը նշուի. «Պետրոսեանի մահուան պատճառը ... Շարն.
«Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Պիտի Ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Տեմիրթաշ
Սելահաթթին Տեմիրթաշ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին քիւրտ թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի ապրիլ 24-ին յարգել հայ ... Շարն.
Հայաստան Եռակողմ Հանդիպման Մասնակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնեց
Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սոչի այցելութեան ծիրին մէջ կայացնելու նաեւ եռակողմ հանդիպում` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր` 8 օգոստոսին, աշխատանքային ... Շարն.
Շիֆ. «Պաքուի Յարձակումը Պէտք Է Դադրեցուի»
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ատըմ Շիֆ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ յարձակումը: Քոնկրեսականը «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ գրած է. «Լեռնային Ղարաբաղի ... Շարն.
6-7 Օգոստոսին Զինադադարը Խախտուած Է 39 Անգամ
6 եւ 7 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Հայկական կողմէն ... Շարն.
Թուրք Ընդդիմադիրներ Կը Պատրաստուին Վերջին Հակահայ Յայտարարութիւններուն Համար Էրտողանի Դէմ Դատական Հայց Ներկայացնելու
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի Թուրքիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ անոր կատարած վերջին հակահայ յայտարարութեան համար դատական ... Շարն.
Հայ Դատի Յանձնախումբը Ալիեւը Զսպելու Համացանցային Արշաւի Կը Դիմէ
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական բռնարարքները կասեցնելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը համացանցային գլխաւոր ընկերային ցանցերուն վրայ նախաձեռնած է «#STOPALIYEV» արշաւին: Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ... Շարն.
Ռուսիա Հաւանութիւն Տուաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան
Ռուսիոյ կառավարութիւնը երէկ ընդունեց Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը, որ ստորագրուած էր 29 մայիսին Ասթանայի մէջ: Համաձայնագիրը պիտի ներկայացուի երկրի նախագահին: Նոյնը պէտք է ընեն նաեւ Ղազախստանի եւ ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Մերձտնեսթրի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Կարէն Միրզոյեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան կառավարութեան միջազգային համագործակցութեան հարցերով փոխնախագահ, արտաքին ... Շարն.
Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայ Ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանին
Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանին եւ 5 քաղաքացիներու: Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի ներկայացուցչութեան մամլոյ ծառայութեան ... Շարն.
Բրիտանիա Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Լարուածութիւնը
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ բռնութեան վերջին սրման կապակցութեամբ: Բրիտանիան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ միջոցառումներու ձեռնարկելու լարուածութեան մեղմացման եւ հրադադարի դրութեան պահպանման ... Շարն.
Ներթափանցումի Հերթական Փորձի Կասեցում. Ազրպէյճան Տուած Է Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ
Երեքշաբթի գիշեր Ազրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին հարաւարեւելեան` Մարտունիի ուղղութեամբ ձեռնարկած են հետախուզական թափանցման փորձ մը, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Պաշտպանութեան բանակի ... Շարն.
Դիմում` ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան երէկ նամակ յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներուն` վերջին շրջանին սահմանային գօտիին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող զինուորական գործողութիւններուն առիթով: Սոյն նամակին ... Շարն.

