Category: Լիբանանեան
«Կառավարութիւնը Սկսած Է Խօսքի Կառավարութեան Տպաւորութիւններ Ձգել Եւ Ոչ Գործի» Կ՛Ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկսած է այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ինք խօսքի կառավարութիւն է ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Հարցերուն Թեքնիք Լուծումներ Տրամադրելու
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան բոլոր թղթածրարները թեքնիք ձեւով լուծուին` յանձնառու մնալով պետական շահերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ապահովելով լիբանանցի քաղաքացիներուն տարրական կարիքները` ապահովելով հանդերձ երկրին ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի. «Կառավարութեան Նոր Տագնապ Մը Չեմ Նախատեսեր»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան վերաբերող թղթածրարները: Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ... Շարն.
Պըրրի Սաֆատիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեցին նաեւ լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որուն ... Շարն.
Ս. Աստուածածնայ Աւետման Տօնին Առիթով` Պքերքէի Մէջ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով
Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ընտրութեան Ա. տարեդարձին առիթով` անցեալ կիրակի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի ... Շարն.
Մանսուր. «Լիբանան Ինքզինք Զանց Պիտի Կացուցէ Որեւէ Որոշումէ, Որ Կրնայ Վնասել Սուրիոյ»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան պիտի մասնակցի յառաջիկայ 29 մարտին Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՁՆԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ մասնակցեցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած նստացոյցին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց կառավարութեան բաւարար ֆինանսաւորում տրամադրելու` երաշխաւորելու համար հիւանդանոցներու մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Շարն.
Մարալ Կիտանեան Պիտի Մեկնի Ֆրանսա
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան վաղը` չորեքշաբթի, 28 մարտ 2012-ին, պիտի մեկնի Ֆրանսա: Փարիզի մէջ դոկտ. Մ. Կիտանեան պիտի մասնակցի «Փարիզ 21»-ի տարեկան նիստին` նկատի ունենալով, որ ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 26 մարտ 2012-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 27 մարտին: Շարն.
Լիբանան Կ՛Անցնի Ամառնային Ժամանակացոյցի
Այսօր կէս գիշերէն ետք Լիբանան կ՛անցնի ամառնային ժամանակացոյցի: Ուստի, այսօր կէս գիշերուան ժամը 12:00-էն ետք ժամացոյցները մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ: Շարն.
Նախագահ Սլէյման Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակին Որդեգրած Միջոցառումները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ լիբանանեան ... Շարն.
Տորայի Շրջանին Մէջ Շէնքի Մը Առաջնամասը Փուլ Եկաւ` Պատճառելով Նիւթական Վնասներ
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:20-ին Պուրճ Համուտի անդորրը խզուեցաւ, երբ Տորա շրջանի «Պիկ Սէյլ» վաճառատան մօտակայքը գտնուող շէնքի մը առաջնամասը փուլ եկաւ` նկատի ունենալով, որ ճարտարապետը քանդած էր շէնքին հիմը ... Շարն.
Պըրրի Բարի Գալուստ Մաղթեց Ռայի Պատրիարքին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ անոր բարի գալուստ մաղթեց` նկատի ունենալով, որ Ռայի պատրիարքը վերջերս աւարտած էր արաբական երկիրներու ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Ղոսընի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Հանդիպումին ... Շարն.
Մանսուր – Ալի Հանդիպում
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ... Շարն.
Էխհորեսթ. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Յաջողած Է Հաւասարակշռութիւն Պահել` Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Իր Որդեգրած Մօտեցումով»
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը օր մը օրանց իր դռները չէ փակած վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան դիմաց` աւելցնելով, որ օրին Եւրոպական Միութիւնը ... Շարն.
Շարպել Եւ Զօր. Ռիֆի Այսօր Կ՛Այցելեն Ռումիէ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, այսօր պիտի այցելէ Ռումիէի բանտը: Միւս կողմէ, Շարպել «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ... Շարն.
Վրաստանի Վարչապետը Միօրեայ Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Պէյրութ
Վրաստանի վարչապետ Նիքոլոզ Կիլաուրի, որ միօրեայ այցելութեամբ մը նախանցեալ օր ժամանած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Կիլաուրին` ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ջրային Հարստութեան Վերաբերող Ռազմավարութիւն Մը
Ջուրի միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց վերջ տալու կառավարութեան աշխատանքը արգելակող խոչընդոտներուն, որպէսզի կառավարութիւնը առիթ ունենայ աւելի ազդու կերպով աշխատելու կենսական եւ բարգաւաճման իր ... Շարն.

