Category: Լիբանանեան
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ... Շարն.
ԱՊԱՏԻ. «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾՈՒԻՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ»
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, ... Շարն.
ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑ. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍԻ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ, ԻՍԿ ՂՈՍԸՆ ԱՌԿԱԽԵՑ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ
Նախարարաց խորհուրդը երէկ երեկոյեան գումարեց աշխատանքային նիստ մը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Խորհրդակցութիւններէն ետք նախարարները թեր քուէարկեցին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի աշխատավարձերու օրինագիծին: Այսպիսով, նուազագոյն աշխատավարձը կ՛ըլլայ 868 հազար լիբանանեան ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ
«Մեր շահերուն չի համընկնիր ներկայիս վէճ յարուցել ընտրական օրէնքին գծով», յայտարարեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, երէկ հոգեւոր պետերուն տուած իր այցելութիւններուն առիթով: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` կառչած մնալու Թաէֆի համաձայնագիրին եւ ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` ներկայութեամբ նախարար Ժպրան Պասիլի, հաժ Հիւսէյն Խալիլի եւ հաժ Ուաֆիք Սաֆայի: Խորհրդակցութեանց առանցքը ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստական նորարարութեան լիբանանեան-եւրոպական կեդրոնի մէկ խմբակին հետ` ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆըրնի: Այս առիթով նախարար Սապունճեան իր նախանձախնդրութիւնը ... Շարն.
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻ ԿԸ ՄՂԷ ՀԱԿԱԴԻՐ ԿՈՂՄԵՐԸ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած վերջին յայտարարութիւնը, թէ հիւսիսի անցքերէն Քայիտայի զինեալներ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք կը գործեն սուրիացի գաղթականներու պիտակին տակ, ընդվզումի ալիք մը բարձրացուց հակադիր ուժերուն մօտ: Մուսթաքպալ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին ընդհանուր իրավիճակին վրայ: Շարն.
ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՄԵՐՆ Է ԵՒ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՉԷԶՈՔԱՑՆԵԼ ՄԻՒՍԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՀԱՐԻՐԻ
«Բոլորը թող գիտնան, որ Լիբանան մերն է, եւ ոչ ոք կրնայ չէզոքացնել միւսը Լիբանանի մէջ, յայտարարեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, երէկ թուրք վարիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն աւարտին: Արդարեւ, պատուիրակութեան ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտալլա Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանի ապահովական վերջին իրադարձութիւնները: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Թրիփոլիի ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէութեան առաջարկով եւ Մինայի քաղաքապետութեան վաւերացումով, այսուհետեւ Մինայի կարեւոր պողոտաներէն մէկը պիտի կոչուի «Արմենիա պողոտայ»: ՀՅԴ «ԲԵՐԴԱՎԱՅՐ» ԿՈՄԻՏԷ Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին թելադրանքով` մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին եւ Հարես Շեհապի, այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի: ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանը Ապտալլա Ապտալլան ընդունելով` նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դիտել տուաւ, որ արաբական աշխարհին վիճակը շուտափոյթ լուծման կը կարօտի, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկան այս գծով դերակատարութիւն պէտք ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԵԿԱՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼՈՒՌ ՄՆԱՆՔ» ԸՍԱՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Ժողովէն ետք զօր. Աուն յայտարարեց, որ քննարկումի նիւթ դարձած են ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերող երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ամերիկեան այն որոշումը, ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուպերթ Տարապուսը, որուն ընկերակցեցաւ դիւանագիտական, զինուորական եւ տեղեկատուական պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս ... Շարն.
ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Է
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ Լինօ ծածկանունով) «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ Ֆաթհէն հազար հոգի զոհուի, Այն Հելուէի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական ատեանի դատախազ Իմատ Զէյն երէկ արձակեց որոշում մը, որուն շրջագիծին մէջ ան պահանջեց մահապատիժի ենթարկել Իսրայէլի հետ լրտեսութեան յանցանքով դատապարտուած կրօնաւոր Հասան Մ.ն: ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնն ու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի ծրագիրը, ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, ... Շարն.

