Category: Լիբանանեան

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

August 5, 2011

«ՆԱՀԱՐ» - Թերթը կ՛անդրադառնայ հարաւային Լիբանանի ջրաբաշխումի ընկերութեան եւ դոկտ. Մարալ Թիւթելեան-Կիտանեանի գլխաւորած վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան, որուն կիրարկումը պիտի սկսի յառաջիկայ սեպտեմբերին: Այս լուրին կ՛անդրադառնան նաեւ լիբանանեան ... Շարն.

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԵՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ

August 5, 2011

Երկրի ապահովութեան եւ ընկերային իրավիճակին վերջին զարգացումները, յատկապէս հետզհետէ շեշտուող սղաճի, ապրուստի պայմաններու վատթարացման, յաճախ կրկնուող գողութեան ու կողոպուտի երեւոյթներուն ու քաղաքացիները մղձաւանջի մատնող երթեւեկի խճողումին վերաբերող հարցերը առանցքը կազմեցին ... Շարն.

ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏԻ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՈՒԱՀԱՊ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏԻ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՈՒԱՀԱՊ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

August 5, 2011

«Պահանջուածը կազմութիւնն է Լիբանանի պաշտպանութեան հովանիի մը, որուն նաեւ մաս կազմէ Սէուտական Արաբիան, յայտարարեց նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի տուած իր այցելութեան աւարտին: Այս առիթով ... Շարն.

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

August 5, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շրջաբերական մը հրապարակեց, ըստ որուն պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետութիւնները կը մնան փակ երկուշաբթի, 15 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով: Շարն.

ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԿՑՈՐԴԸ

August 5, 2011

Իր պաշտօնավարութեան աւարտին երկրի զանազան պատասխանատուներուն կատարած հրաժեշտի իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդ. Ալի Թաշ երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին: Թուրք զինուորականին ... Շարն.

ԵՐԿՐԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԱԶՄԵՑԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ԵՐԿՐԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԱԶՄԵՑԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

August 4, 2011

Նախքան Պէյթէտտինի ամառնային իր նստավայրը մեկնիլը, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ խորհրդակցեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակին շուրջ: Պաապտայի պալատին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՊԻՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ

August 4, 2011

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն, 6-էն 8 օգոստոսի միջեւ հովուապետական այցելութեամբ պիտի մեկնի Սայտա, Տէյր էլ Քամար, Շուֆ` հասնելով մինչեւ Ժեզզին: Այս առիթով նախագահ Սլէյման ընթրիքով մը պիտի պատուէ ... Շարն.

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ 25 ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ 25 ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐ

August 4, 2011

25 օրէնքի նախագիծեր որդեգրուեցան ու վաւերացուեցան երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին խօսք առին 18 երեսփոխաններ: Այսօր շարունակուող այս ընդհանուր ժողովին երեսփոխաններ կրկին խօսք պիտի առնեն` արծարծելով երկրին դիմագրաւած ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲՈՂՈՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ

August 4, 2011

Ինչպէս կը նախատեսուէր, արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ին մօտ Լիբանանի պատուիրակութեան միջոցով պաշտօնական բողոք ներկայացուց Իսրայէլի ոտնձգութեանց դէմ: ՄԱԿ-ի ներկայացուած բողոքին մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլ իր վերջին գործողութիւններով յստակօրէն ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆՑ

August 4, 2011

«Լրատուական եւ մամլոյ ազատութիւնը իր կարեւորութեամբ համազօր է քաղաքական ու ընդհանուր ազատութեանց», յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ հրապարակած իր հաղորդագրութեամբ: «Ոչ ոքի կը նպաստէ Պէյրութի կարգ ... Շարն.

ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵՑԻՆՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵՑԻՆՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

August 4, 2011

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Տիմանի մէջ գումարեց ամսական իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստի աւարտին ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ կառավարութիւնը կարենայ հարթել վարչական նշանակումներուն գծով յարուցուող ... Շարն.

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶ ՄԻՐԶԱ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

August 4, 2011

Ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Միջազգային դատական ատեանին փոխանցուած է, թէ այդ հարցով չորս ամբաստանեալները ցարդ տեղեակ պահուած չեն ... Շարն.

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

August 4, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի եւ յատկապէս լիբանանեան իրավիճակի ընդհանուր կացութեան ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ

August 4, 2011

«Նախարարաց խորհուրդը երէկ (նախանցեալ օր) քննարկեց ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող 10 օրէնքի նախագիծեր, յոյսով եմ, որ արդիւնքները կը տեսնենք մօտերս», յայտարարեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր ... Շարն.

ՇՈՒՏՈՎ ՆՈՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻՆ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱԼՔԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

August 4, 2011

Քուէյթեան «Ժարիտա» թերթին համաձայն, յառաջիկայ շաբաթներուն նոր տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած նախնական ամբաստանութեան շուրջ:   Շարն.

ՀԱՊԻՊ ԱՖՐԱՄ ԿԸ ՎԵՐՅԻՇԵՑՆԷ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

August 4, 2011

Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, որուն հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին ու ճակատագիրին մասին: Աֆրամ ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԵՌՈՒ ՉԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵՆԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՊԱՆԸ

ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԵՌՈՒ ՉԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵՆԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՊԱՆԸ

August 4, 2011

Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Ռամատանի առիթով իր կատարած շնորհաւորական այցելութեանց ծիրին մէջ երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային ու յատկապէս լիբանանեան վերջին զարգացումներուն վրայ: ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՀՆԱՈՒԻ Կ՛ԱՒԵՏԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ ԳԻՆԵՐՈՒ ՆՈՒԱԶԵՑՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՀՆԱՈՒԻ Կ՛ԱՒԵՏԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ ԳԻՆԵՐՈՒ ՆՈՒԱԶԵՑՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

August 4, 2011

Հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կառավարութեան նիստին պիտի ներկայացնէ համացանցի ծառայութեանց գիներու մեղմացման օրէնքի նախագիծ մը: Նախարար Սահնաուի քննադատեց անցեալի տնտեսական ձախող աշխատելաձեւը` մաղթելով, որ ... Շարն.

ՌԻՖԻ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՈՎ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԿՑՈՐԴԸ

August 4, 2011

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդ. Ալի Թաշը` հրաժեշտի այցելութեամբ: Թուրք գնդապետին կ՛ընկերանար զինուորական ... Շարն.

ԲԱՆՏԵՐՈՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

August 4, 2011

«Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան համաձայն, կառավարութիւնը իր վերջին նիստին որոշած է Լիբանանի բանտերու հոգածութեան եւ հետապնդման պատասխանատուութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան փոխարէն յանձնել արդարադատութեան նախարարութեան: Այս գծով ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներ ... Շարն.