Category: Լիբանանեան
Զօր. Ֆրանսուա Հաժի Նահատակութեան Է. Տարելիցին Առիթով Հոգեհանգիստ
Ծաղկեպսակի զետեղում` զօր. Ֆրանսուա Հաժի յուշարձանին Զօր. Ֆրանսուա Հաժի նահատակութեան է. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրէ ետք Մար Ապտա եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս ... Շարն.
Մար Մթըր Եկեղեցւոյ Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ժըպրան Թուէյնիի Նահատակութեան Առիթով
Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան Թ. տարելիցին առիթով, երէկ Էշրեֆիէի Մար Մթըր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ ... Շարն.
Միքաթի. «Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Համար Առաջնահերթութիւնը Կառավարական Արագ Ծրագիր Մը Մշակելուն Մէջ Կը Կայանայ»
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին ամէն ջանք ի գործ դնելու` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները եւ անտեսելու այս թղթածրարին կապուած անձնական բոլոր հարցերը: Միքաթի հաստատեց, որ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն համեմատութիւնը կը կազմէ Լիբանանի բնակչութեան 42 առ հարիւրը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա մաղթեց, որ Ազգային ազատ հոսանք ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Այսօր Հանդիպում Մը Պիտի Ունենայ Հոլլանտի Հետ
Սալամ եւ Փարթոլոն Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Փարիզ, այսօր Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ... Շարն.
Մուքպել Ֆրանսացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Յանձնուելիք Զէնքերուն Համաձայնագիրը
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Իվ Լոտրիանի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
Զահլէի Մէջ . «Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանին Անձնակազմը Ենթարկուեցաւ Խոշտանգումի
Զահլէի մէջ երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմը, որուն մաս կազմեցին լրագրող Եումնա Ֆաուազ եւ քամերամեն Սաատ Այեատ երէկ Զահլէի մէջ ենթարկուեցան յարձակումի, երբ կը ծրագրէին նկարել Փիեռ Ֆաթթուշի պատկանող սիմենթի ... Շարն.
Պշարա Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ֆրենժիէն
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Շարն.
Սայտայի Մէջ Ապահովական Միջադէպ
Երէկ ուշ երեկոյեան պաղեստինեան Սայտայի Թաամիր-Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը Սարայա Մուքաուամայի զինեալներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերուն միջեւ հրացանաձգութիւն արձանագրուեցաւ: Ապահովական այս միջադէպին պատճառով լիբանանեան բանակը տեղակայուեցաւ շրջանին ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Սփենսի Հետ Քննարկեց Ամերիկեան Եւ Լիբանանեան Բանակներուն Միջեւ Փոխադարձ Գործակցութեան Հեռանկարները
Սփենս եւ Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնականի տեղակալ Մեթիու Սփենսը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկացի զինուորականներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ... Շարն.
Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Արդարութեան Նախարարը
Ռիֆի, Աուտէ եպիսկոպոս եւ Մաժտալանի Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին` ներկայութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: ... Շարն.
Ֆրանսա Կառչած Կը Մնայ Լիբանանցիներուն Միջեւ Համախոհութեան
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրոյի Լիբանան կատարած այցելութեան առիթով, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դերակատարութիւնը եւ անոնց ունեցած ներդրումը` լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆրանսա
Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահին հետ հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցան փոխվարչապետ, ... Շարն.
Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքին Մասին Քննարկումները Բաւական Առարկայական Են Եւ Անոնք Կը Ձգտին Ըլլալ Ազգային»
Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը Ընտրական օրինագիծի մշակման խորհրդարանական յատուկ ենթայանձնախումբը երէկ առաւօտեան ժամը 9:45-ին, խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ ... Շարն.
Պըրրի. «Եթէ Քարիւղի Մեր Բնական Հարստութիւնը Պաշտպանելու Նպատակով Լուրջ Քայլերու Չնախաձեռնենք, Ապա Լուռ Պիտի Չմնամ»
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը` քարիւղն ու բնական կազը գողութեան կ՛ենթարկուին, աւելցնելով, ... Շարն.
Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Շնորհաւորագիրը` Դոկտ. Մարալ Կիտանեանին
Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Միջազգային դրամական ֆոնտի վիճակագրութեան բաժանմունքի Ուաշինկթընի գրասենեակը երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան անձնակազմին` Լիբանանի մէջ ընդհանուր ... Շարն.
Հարիրի. «Արսալի Շրջափակումը Խիստ Մերժելի Է»
Սաատ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ զինուոր Ալի Պազզալի սպանութիւնը եւ բանակայինները առեւանգուած պահելը ոճիր մըն է, որ դատապարտելի է բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ: «Իսկ Արսալի շրջափակումն ու ... Շարն.
Մոկերինի Այցելեց Պասիլի Եւ Ռայի Պատրիարքին
Մոկերինի եւ Ռայի պատրիարքը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Պէյրութ, նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան ... Շարն.
Իսլամ Կրօնաւորներու Համախմբումը Այցելեց Սուրիոյ Դեսպանին
Իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը` դեսպան Ալիի հետ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Հասսան Ապտալլայի: Իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը ... Շարն.

