Category: Միջազգային
Եգիպտոսի Լուծարեալ Խորհրդարանը Կարճատեւ Նիստ Մը Գումարեց
Եգիպտոսի խորհրդարանը Եգիպտոսի խորհրդարանը երէկ կարճատեւ նիստ մը գումարեց, հակառակ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին կողմէ լուծարուած ըլլալուն: Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի խորհուրդի որոշումին մարտահրաւէր եղող քայլով մը խորհրդարանին հրամայած ... Շարն.
24 Յուլիսին Պոլսոյ Մէջ Իրան-«5+1» Բանակցութիւններ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1»-ի (Ապահովութեան խորհուրդի հինգ անդամներ + Գերմանիա) բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 24 յուլիսին` Պոլսոյ մէջ: Կողմերը բանակցութիւնները պիտի շարունակեն 3 ... Շարն.
Եգիպտոսի Խորհրդարանի Լուծարումը «Վերջնական Է Եւ Ոչ Վիճարկելի»
Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ նիստ մը գումարելու խորհրդարանին ուղղուած հրամանէն ետք, լուծարեալ խորհրդարանին նախագահը` Սաատ Քաթանի երէկ երեսփոխաններուն հրաւէր մը ուղղեց այսօր կէսօրէ ետք նիստ մը գումարելու, սակայն ... Շարն.
Անան – Ասատ «Շինիչ Ու Անկեղծ» Հանդիպում` Դամասկոսի Մէջ
Անան եւ նախագահ Ասատ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որմէ ետք ուղղուեցաւ Թեհրան` սուրիական տագնապին ... Շարն.
Ահմատինեժատ Հրահանգած Է Ուրմիոյ Լիճի Ցամաքումը Արաքսի Միջոցով Կանխարգիլել
Ուրմիոյ լիճը Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յանձնարարած է Ուրմիոյ լիճը չորացումէն փրկելու համար Արաքսի ջուրերը օգտագործել : Ան յանձնարարած է Արաքսի ջրամբարէն Սալմաստ ... Շարն.
Ռումանիոյ Խորհրդարանը Երկրին Նախագահը Երեսուն Օրով Իշխանութենէ Զրկած Է
Թրայան Պասեսքու «Եուրոմակ» կը գրէ, որ Ռումանիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ անվստահութիւն յայտնած է գործող նախագահ Թրայան Պասեսքուի դէմ եւ քուէարկած է անոր պաշտօնանկութեան օգտին: Պաշտօնանկութեան կողմ քուէարկած են 258 օրէնսդիր, ... Շարն.
Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի Իսրայէլ Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Դէմ Հաւանական Պատերազմի Կը Պատրաստուի
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան տեղեկագիրներ հաղորդած են, որ իսրայէլեան ծովուժը կը մտածէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին իր գնելիք մարտանաւերը օժտել կարճ եւ երկար հասողութեամբ հրթիռներով, որպէսզի ապագայ որեւէ ... Շարն.
Յունաստանի Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն
Անթոնիս Սամարաս Անթոնիս Սամարասի գլխաւորութեամբ Յունաստանի համաձայնական կառավարութիւնը ստացաւ յոյն երեսփոխաններուն վստահութեան քուէն: Խորհրդարանի կէսէն աւելին աջակցութիւն յայտնած է կառավարութեան, որ կը խոստանայ վարկատուներու հետ համաձայնութիւն գոյացնել: Կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւն ... Շարն.
Ապպաս Հոլլանտէն Արաֆաթի «Նահատակութեան» Շուրջ Միջազգային Հետաքննիչ Յանձնախումբի Մը Կազմութիւնը Պահանջած Է
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր յանձնախումբի անդամ Սայեպ Օրէյքաթ յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն պահանջած է Եասեր Արաֆաթի «նահատակութեան» շուրջ հաւաստի միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբի կազմութեան ... Շարն.
Այսօր Դամասկոս Այցելելու Նախօրեակին Անան Սուրիոյ Մէջ Իր Ձախողութիւնը Յայտարարեց
Քոֆի Անան ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան շաբաթ օր ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սուրիական տագնապը իր ներկայ կացութենէն դուրս ... Շարն.
Ազրպէյճանի Առաջին Նախագահը Հայրենիք Վերադարձած Է
Այազ Մութալիպով Ազրպէյճանի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպով շաբաթ օր քսան տարի Ռուսիոյ մէջ բնակելէ ետք հայրենիք վերադարձած է: Անոր վերադարձը կարելի եղած է միայն Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած «Նախկին նախագահներու ... Շարն.
Լիպիոյ Նոր Իշխանութիւնները Կը Մտադրեն Երկրին Օրէնսդրութեան Իբրեւ Հիմք Իսլամական Օրէնքի Կանոնները Դնել
Սալեհ Տարհուպ Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ իշխանութիւնը ստանձնած Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ Սալեհ Տարհուպ յայտնած է, որ իսլամական օրէնքի կանոնները պէտք է Լիպիոյ օրէնսդրութեան հիմքը ... Շարն.
«Ռուսիա Եւ Չինաստան Սուրիոյ Շուրջ Յառաջդիմութիւնը Արգելակելնուն Գինը Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Քլինթըն
«Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովէն պահ մը Փարիզի մէջ երէկ գումարուած «Սուրիոյ ժողովուրդի բարեկամներ»-ու ժողովը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ աւելի խիստ քայլերու դիմելու, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ... Շարն.
«Սուրիոյ Տագնապը Միայն Սուրիացի Ժողովուրդը Կրնայ Լուծել» Կ՛ըսէ Լաւրով
Սերգէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական տագնապը անպայման կարիք ունի խաղաղ լուծման: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է բռնարարքներու դադրեցման եւ սուրիական ուժերու ու զինեալ խմբաւորումներու ... Շարն.
Իսրայէլ Կը Մերժէ Արաֆաթը Սպաննած Ըլլալու Ամբաստանութիւնը
Եասեր Արաֆաթ` իր կեանքի վերջին շրջանին Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներ կը մերժեն Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթի սպանութեան պատասխանատու ըլլալու Իսրայէլին ուղղուած ամբաստանութիւնները: Իսրայէլի ... Շարն.
Իրան Թշնամիի Օդուժի Զօրակայանները «Հաշուըուած Վայրկեաններու Ընթացքին» Խոցելու Ծրագիր Մշակած Է
Զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական ստորաբաժանումի ղեկավար զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ յայտարարած է, որ Իրան մշակած է արտաքին յարձակումներուն պատասխան քայլերու ռազմավարական ծրագիր մը, որուն նպատակն է ... Շարն.
Գործադուլի Պատճառով Ֆրանսացիները Մնացած Են Առանց Թերթերու
Ռուսական Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ Ֆրանսայի մէջ տպագրութեան մարզի աշխատակիցները կատարած են գործադուլ մը, որուն պատճառով Ֆրանսայի բազմաթիւ թերթեր լոյս չեն տեսած: Կայքէջը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական մամուլը ... Շարն.
Կապալայի Ռատարի Կայանին Վերաբերեալ Տակաւին Ռուս-Ազրպէյճանական Համաձայնութիւնը Չէ Գոյացած
Կապալայի ռատարի կայանը Ռուսական «ՌԻԱ նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային ծառայութեան ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան փոխտնօրէն Քոնսթանթին Պիրիւլին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգման վերաբերեալ ռուս-ազրպէյճանական ... Շարն.
«Թուրքիա Ամէն Տեսակի Գումակային Աջակցութիւն Տրամադրեց Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Ասատ
Նախագահ Ասատ` հարցազրոյցին պահուն Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը երէկ հրապարակեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր կատարած հարցազրոյցին երկրորդ բաժինը, որուն մէջ Ասատ Թուրքիան կ՛ամբաստանէ Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչներուն» գումակային աջակցութիւն տրամադրելու ... Շարն.
Սալաֆականները Կը Մերժեն Եգիպտոսի Փոխնախագահի Պաշտօնին Ղպտիի Մը Կամ Կնկայ Մը Նշանակումը
Եասեր Պրհամի Եգիպտոսի մէջ սալաֆական քարոզչութեան ղեկավարի տեղակալ Եասեր Պրհամի յայտնեց, որ սալաֆականները կը մերժեն, որ ղպտի մը կամ կին մը Եգիպտոսի փոխնախագահ նշանակուի: «Սալաֆականները կը մերժեն, որ փոխնախագահը ղպտի ... Շարն.

