Category: Գաղութային
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Դեսպան Քոչարեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Երկուշաբթի, 4 օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս ... Շարն.
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումի Յիշատակելի Չորս Օրերը. ՀՄԸՄ-ական Սկաուտներ Կ՛այցելեն Էջմիածին, Սարդարապատ Եւ Սեւանայ Լիճ
31 յուլիսին ընթացք առած համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը անցնող չորս օրերուն ունեցաւ սկաուտական, դաստիարակչական ճոխ յայտագիրներով յիշատակելի պահեր: Բանակումին երկրորդ օրը, բանակումին մասնակից 18 երկիրներու պատուիրակութիւնները պատրաստեցին եւ ներկայացուցին իրենց երկիրներու ... Շարն.
Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն վերջին չորս օրերը յատկացուած էին Արցախ այցելութեան: Հինգշաբթի առաւօտեան դէպի Արցախ ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան եւ Նորավանք: Երեկոյեան խումբը հասաւ ... Շարն.
ՀՄԸՄ Գործակցութեան Յուշագիր Մը Կը Ստորագրէ Սփիւռքի Նախարարութեան Հետ
Երէկ` կիրակի, 3 օգոստոսի կէսօրին, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄ գործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հետ: Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումով մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական «Արարատեան» Կարգի Տուչութիւն
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Արարատեան» կարգը, որ կը նկատուի գերագոյն կարգը սկաուտական շարքերուն համար եւ որուն կը մասնակցին բարձրաստիճան խմբապետներ: Առաջինը տեղի ունեցած էր ... Շարն.
Համա-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին երկրորդ օրը` երէկ, յատկանշուեցաւ «Բազմամշակութային օր»-ուան կազմակերպութեամբ, երբ բանակումին մասնակից 18 երկիրներու պատուիրակութիւնները հանդէս եկան իրենց երկիրներու սովորութիւնները, տարազներն ու մշակոյթները ներկայացնող տաղաւարներով: Խանդավառութիւնը մեծ եղաւ բոլոր տաղաւարներուն ... Շարն.
Ուրբաթօրեայ Պատարագներու Եւ Երիտասարդութիւնը Յուզող Հարցերու Շուրջ Հոգեւոր Զրոյցներու Սկիզբ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ երեկոները, հերթական կարգով, թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի ... Շարն.
ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումի Պաշտօնական Բացում
Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը արդէն իսկ ընթացք առած է Բիւրականի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ աւելի քան 750 սկաուտներու, որոնք Հայաստան ժամանած են 18 շրջաններէ: Բանակումը սկսաւ հինգշաբթի, 31 յուլիս ... Շարն.
Երեւանի Մէջ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Փակում Եւ Արցախ Մեկնում
Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները չորեքշաբթի երեկոյեան յատուկ հանդիսութեամբ Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին եւ երէկ` 31 յուլիսին մեկնեցան Արցախ: Նախորդող օրերուն հաւաքի մասնակիցները ունեցած էին բաւական ճոխ եւ բազմաբնոյթ առօրեայ: ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճամբարները Կը Շարունակուին Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, 28 յուլիսէն 8 օգոստոս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենան «Անուշ հայրենիք» պատանեկան երիտասարդական ճամբարները: Այս տարի Հայաստանի մէջ աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ Կոտայքի մարզի Աբովեան եւ Հրազդան ... Շարն.
ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումի Մամլոյ Ասուլիս
ՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի նախօրեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ին, Երեւանի «Ուրբաթ» լրատուական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, բանակումին առնչուող տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական ... Շարն.
Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն
30 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցները` Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ հաւաքի պատասխանատուներուն գլխաւորութեամբ: ... Շարն.
Քանատայի Բազմամշակութային Եւ Ընկերային Հարցերու Նախարար Ճէյսըն Քենի Երկար Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ
Երկուշաբթի, 28 յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանին մէջ, շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Քանատայի բազմամշակութային եւ ընկերային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի միջեւ: ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Մեկնեցան Հայաստան` Մասնակցելու ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Բանակումին
Երէկ` չորեքշաբթի, 30 յուլիսի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի սկաուտները համախմբուեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շրջափակին մէջ` մեկնելու օդակայան, իսկ հոնկէ` Հայաստան: Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Այնճարի եւ Անթիլիասի ... Շարն.
Այնճարի Մէջ. Խանասորի Արշաւանքի 117-Ամեակի Եւ Լիզպոնի Գործողութեան 31-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 27 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Խանասորի արշաւանքի 117- ամեակին եւ Լիզպոնի ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը. «Ամբողջական Հայաստան» Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Ամբողջական Հայաստան» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած կիրակի, 20 յուլիսին, շարունակուեցաւ այս անգամ երէց պատանիներուն հետ` «Այրուն» շրջանին մէջ: Բանակումին պաշտօնական ... Շարն.
Հալէպի Մէջ Նոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմինէ Պօղիկեան Հալէպէն կը տեղեկացնէ, որ չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ի առաւօտեան, ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի Ճալլաա շրջանին մէջ ինկած հրասանդի պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Սոնա Պալըքեան, իսկ յետմիջօրէին ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Յունաստանի Խալքիտիքիի շրջանի ճամբարին Լիբանանէն մասնակցող 11 պարմանուհիները իրենց օգնականով գոհունակութեամբ վերադարձան Լիբանան երկուշաբթի, 28 յուլիս 2014-ի երեկոյեան: ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Շարն.
Լիզպոնի Հինգ Հերոս Տղոց Յիշատակի Ոգեկոչում
Շաբաթ, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ խոնարհելու վեհութեան ու օրինակելիութեան առջեւ Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի կամ Սեդրակի, որոնք իրենց հայավայել ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ 26 յուլիս 2014-ին սկիզբ առաւ «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանի դասընթացքը, որ սկաուտական կարգերու գերագոյնն է եւ որուն կը մասնակցին 7 կազմակերպական շրջաններէ 26 բարձրաստիճան խմբապետներ` ... Շարն.

