Category: Գաղութային
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Երէկ` երեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք ... Շարն.
«Կոկիկեան» Հիմնադրամ. Արաբերէնի Փայլուն Ուսանողներու «Պայան» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւնը
Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնի փայլուն ուսանողներու «Պայան» մրցանակաբաշխումը: Ներկայութեամբ պաշտօնական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն, ... Շարն.
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին. Լիբանանի Միջդպրաց Դասերու Գ. Համագումար
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի միջդպրաց դասերու միօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց ... Շարն.
Դաշնակցութեան Օրուան Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն.
Խաչերեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Նեմեսիսի Հերոսներուն Աճիւնները Հայրենիք Վերադարձնելու» Նալպանտեան. «ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը` Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն» Իր 124 տարուան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ... Շարն.
Եթէ Չհասկցար, Վերստին Կը Բացատրենք
Նոյեմբեր 12-ին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ արձակուած հրթիռին պատճառով երեք հայ զինուորներ նահատակուեցան, իսկ հրթիռը արձակողը շքանշանով պարգեւատրուեցաւ: Կրկին, ազրպէյճանական բանակը յաջողեցաւ ձախողութիւն մը եւս արձանագրել` ի զուր փորձելով դուրս ... Շարն.
Յուշահամալիրին Մէջ. ՀՅԴ ԼԵՄ-էն Եւ ԶՈՄ-էն 51 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
ՀՅԴ 124-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին երէկ` հինգշաբթի, 20 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի Մուսա լերան նահատակներուն նուիրուած յուշահամալիրին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն 51 նորագիրներ դաշնակցականի իրենց երդումը կատարելով միացան ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք ռատիոթոն: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով կազմակերպուած համահայկական դրամահաւաքի հանգանակուած գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի ... Շարն.
ՔԱՀԼ «Հայ Տարեցներու Տուն». «Ուրախացիր Եւ Ուրախացուր» Տօնավաճառ
Կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ «Հայ տարեցներու տան» տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, հինգշաբթի, 20 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ուրախացիր եւ ուրախացուր» տօնավաճառը` հաստատութեան սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ: Տօնավաճառին ... Շարն.
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ո՞ւր Պահուըտած Են Մանրէները» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ո՞ւր պահուըտած են մանրէները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ... Շարն.
Վերամուտին Առիթով Կազմակերպուած Հանդիպումին Ընթացքին. «Մեր Կենսունակութեան Մեծագոյն Ազդակը Մեր Ունեցած Ազգային Կրթական Ժառանգութիւնն Է» Կ՛ըսէ Շահէ Եպս. Փանոսեան
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 17 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի ... Շարն.
Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի Խօսքը` Արտասանուած Կրթական Մարզի Պատասխանատուներու Հետ Հանդիպման Ընթացքին
Խօսքս կը սկսիմ, ձեզի հետ կիսելով սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 50-ամեակին առիթով իմ կողմէս գրի առնուած քանի մը մտածումներ, որոնք կը յուսամ, որ կ՛արտայայտեն նաեւ ... Շարն.
Հայրապետական Կոչ Եւ Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Յիշատակումի Յայտարարութիւն.
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. Ողորմութեամբ Աստուծոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական Կոչ Մեր պատուական եղբայրներուն` Արհի. արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, գերապատիւ վարդապետներուն, յարգոյ քահանաներուն, սարկաւագներուն, առաքինազարդ կոյսերուն եւ ... Շարն.
«Մանկական Եւրատեսիլ – 2014» Մրցումին Հայաստան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը
15 նոյեմբերին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ - 2014» երաժշտական մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Պեթթին տպաւորիչ եւ խանդավառ կերպով մեկնաբանելով «Արեւի մարդիկ» երգը` գրաւեց երրորդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Իտալիան` 159 ... Շարն.
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Երկօրեայ Սեմինար` «Հայ Դատի Նոր Մարտահրաւէրներ Եւ Փոխանցման Արդի Միջոցներ» Խորագիրով
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի նոր մարտահրաւէրներ եւ փոխանցման արդի միջոցներ» ... Շարն.
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Թատերական Տարեշրջանի Բացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` կիրակի, 16 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, թատերական վերամուտին առիթով: Օրուան ... Շարն.
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի. Եկեղեցւոյ Զանգակատան Նոր Խաչի Օծում
Կիրակի, 16 նոյեմբեր 2014-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատան նոր խաչի օծման արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: ... Շարն.
Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Մասունքներու Զետեղում` Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցիին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, երկօրեայ ձեռնարկներով տեղի ունեցաւ` Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի մասունքներու զետեղում Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Շաբաթ, ... Շարն.
Պուրճ Համուտի Ոսկերչութեան Մարզը Կ՛արժանանայ ԵՈՒՆԻՏՕ-ի Օժանդակութեան
Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Ճարտարարուեստի բարգաւաճման կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԻՏՕ) յայտարարեց սկիզբը Միջերկրական ծովու հարաւային ափի շրջանին մշակութային եւ ստեղծագործական արտադրութիւններու համախմբումներու զարգացման ծրագիրի գործադրութեան` Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով, իտալական կառավարութեան աջակցութեամբ եւ ... Շարն.
Նարեկ Դուրեան Ներկայացուց «Քոմա Նոստրա»-ն
Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Դուրեան` ներկայացնելով «Քոմա Նոստրա» մենախաղը, ուրբաթ, 14 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Քոմա Նոստրա» ներկայացումը ... Շարն.
«Միասնաբար Սերտենք Աստուածաշունչը» Խորագիրով Ս. Գիրքի Սերտողութեան Նախաձեռնութիւնը Սկսաւ
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, այուհետեւ ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը 8:00-9:00 Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ս. Գիրքի սերտողութիւն երիտասարդութեան հետ` «Միասնաբար սերտենք Աստուածաշունչը» խորագիրով: ... Շարն.

