Category: Մարզական

ՖԻՏԷ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Արոնեան Նահանջեց 3-րդ Դիրք

October 3, 2013

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (ՖԻՏԷ) հրապարակուած աշխարհի նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2-րդ դիրքէն նահանջեց 3-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ ... Շարն.

Թորես Երկու Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Թորես Երկու Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

October 3, 2013

Սպանացի միջազգային յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես, որ նախանցեալ օր Շթէուա Պուքրեշի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») վիրաւորուեցաւ, երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, երէկ յայտնեց անոր ակումբին` Չելսիի մարզիչը, փորթուգալցի ... Շարն.

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 24 Ճակատումներ

October 3, 2013

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի ունենալիք 24 մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական: Վալենսիա, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, հիւրը պիտի ըլլայ Քուպան Քրասնոտարի: Այլ կարեւոր ... Շարն.

Տիեկօ Ալվես Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Տիեկօ Ալվես Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

October 3, 2013

Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի հիմնական բերդապահ Տիեկօ Ալվես, իր ծունկէն ստացած վնասուածքին պատճառով, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, ... Շարն.

ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Ֆանար.  Վեթերաններու Մինի-Ֆութպոլի Մրցում` Ֆանարի Դաշտին Վրայ

ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Ֆանար. Վեթերաններու Մինի-Ֆութպոլի Մրցում` Ֆանարի Դաշտին Վրայ

October 2, 2013

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէ - Ֆանար մասնաճիւղին, կիրակի, 29 սեպտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին Ֆանարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մինի-ֆութպոլի մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի ՀՄԸՄ-ական վեթերան նախկին ֆութպոլիստներ: ... Շարն.

Ժան Համմամ Այսօր Կը Մեկնի Տուպայ

October 2, 2013

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ այսօր` չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, կը մեկնի Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ վոլիպոլի ֆետերասիոնի համագումարին, որ տեղի ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Յաղթեց Սելթիքի. Չելսի` Մեծագոյն Յաղթականը

October 2, 2013

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով երէկ գիշեր տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Սելթիք, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ: Օգտուելով մարզիկի մը առաւելութենէն` Պարսելոնա ... Շարն.

Երեւան Լ. Հ. Ակումբը` Աղջկանց Ֆութպոլի 2013-ի Աշնանային Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

October 2, 2013

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Հանքաւանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի 2013-ի աշնանային մրցաշարքը: Տիտղոսակիր դարձաւ Երեւան Լ. Հ. խումբը, որ իր կատարած ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սեն Ժոզեֆ – Լիբանանեան Բանակ

October 2, 2013

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Սեն Ժոզեֆ պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան բանակը: Առաջինը 28 կէտով կը ... Շարն.

Ֆեր-Փլէյի Դասաւորման Մէջ. Գանձասար Կը Գրաւէ Առաջին Դիրքը

October 2, 2013

Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի առաջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Գանձասար կը գրաւէ առաջին դիրքը: Ստորեւ` դասաւորումը. .............................ԿԷՏ 1.- Գանձասար           8,22 2.- Արարատ             8,19 3.- Միքա                8,14 4.- ... Շարն.

Արժանթինի Ֆութպոլի Խումբին Մէջ.  Իքարտի Փոխարինեց Վիրաւոր Մեսսին

Արժանթինի Ֆութպոլի Խումբին Մէջ. Իքարտի Փոխարինեց Վիրաւոր Մեսսին

October 2, 2013

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Ալեխանտրօ Սապելլա, որ հրապարակեց իր կազմը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին երկու մրցումներուն գծով, իր խումբին մէջ նկատի առաւ Ինթեր Միլանի երիտասարդ յառաջապահ Մաուրօ Իքարտին, ... Շարն.

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Այս Անգամ Չյաղթեց

October 2, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Վրաստանի իր հասակակիցներուն, երկրորդ մրցումին չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել, այլ բաւականացաւ 0-0 արդիւնքով: Մրցումը տեղի ունեցաւ ... Շարն.

«Փրեմիեր Լիկ». Էվըրթըն` Ցարդ Անպարտելի Միակ Խումբը

October 2, 2013

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 6-րդ հանգրուանի վերջին ճակատումին, Էվըրթըն, որ հիւրընկալեց Նիւքասըլը, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Էվըրթըն ոչ միայն բարձրացաւ 4-րդ ... Շարն.

Ռէալ Մատրիտի Համակիրները Կը Պահանջեն Մուրինիոյի Վերադարձը

Ռէալ Մատրիտի Համակիրները Կը Պահանջեն Մուրինիոյի Վերադարձը

October 2, 2013

Ռէալ Մատրիտի համակիրները դժգոհ մնացած են նախորդ շաբաթավերջին, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումէն, կը յայտնէ սպանական մամուլը: Արքայական ակումբը այդ մրցումին զիջած է 1-0 արդիւնքով` ... Շարն.

Մանչինի Նշանակուեցաւ Կալաթասարայի Մարզիչ

Մանչինի Նշանակուեցաւ Կալաթասարայի Մարզիչ

October 2, 2013

Մանչեսթըր Սիթիի նախկին մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի նշանակուեցաւ Կալաթասարայի մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Ֆաթիհ Թերիմը, որ նախորդ շաբաթ պաշտօնանկ եղած էր թրքական ակումբին կողմէ: 48 տարեկան իտալացին, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ... Շարն.

«Մատրիտի Մէջ Պէտք Է Հասկնան, Որ Դրամը Յաջողութեան Բանալին Չէ»  Կ՛ըսէ Կարսիա Ռեմոն

«Մատրիտի Մէջ Պէտք Է Հասկնան, Որ Դրամը Յաջողութեան Բանալին Չէ» Կ՛ըսէ Կարսիա Ռեմոն

October 2, 2013

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Կարսիա Ռեմոն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին քննադատեց ակումբին պատասխանատուները` անոր վարած մարզիկներու փոխանցման քաղաքականութեան վերաբերեալ: «Կը կարծեմ, որ Ռէալի ելոյթներուն մասին կարելի չէ դրական ենթադրութիւններ ... Շարն.

Կռփամարտ.  Հայ Մարզիկուհիները Արծաթէ Եւ Պրոնզէ Մետալներու Տիրացան

Կռփամարտ. Հայ Մարզիկուհիները Արծաթէ Եւ Պրոնզէ Մետալներու Տիրացան

October 1, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աղջկանց կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ երեք մարզիկուհիներով: 44 քկ դասակարգին մէջ Ֆրիտա Սարգսեան ... Շարն.

«Նպատակը Միշտ Նոյնն Է. Անցնիլ Յաջորդ Հանգրուան»  Կ՛ըսէ Վարազդատ Աւետիսեան

«Նպատակը Միշտ Նոյնն Է. Անցնիլ Յաջորդ Հանգրուան» Կ՛ըսէ Վարազդատ Աւետիսեան

October 1, 2013

Ինչպէս արդէն ծանօթ է, 23-30 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեանութեան Է. խմբակի զտումի մրցաշարքը: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը նախորդ 25 սեպտեմբերին ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Մարսէյ

October 1, 2013

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը պիտի կատարուին ութական մրցումներ: Գերմանիոյ մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Պորուսիա ... Շարն.

Ռուբէն Նազարէթեան` Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչ

Ռուբէն Նազարէթեան` Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչ

October 1, 2013

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ Ռուբէն Նազարէթեան, նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Զօհրապ Նիազեան եւ Վաղարշակ Շահնազարեան: Շարն.