Category: Մարզական
Բռնցքամարտ. Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ 5 Լաւագոյն Բռնցքամարտիկներէն
Պերլինի մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ Բռնցքամարտի համաշխարհային կազմակերպութեան (WBO) ախոյեանութեան գօտիի` Ռոպերթ Շտիկլից - Արթուր Աբրահամ մենամարտը, որուն նախօրեակին Sports.yahoo.com հեղինակաւոր կայքը կազմած է Գերմանիոյ լաւագոյն 5 բռնցքամարտիկներուն ցուցակը, ... Շարն.
Ճատրակ. Պոլսոյ Մէջ Պայքարը` Տաք
Ճատրակի Հայաստանի տղոց հաւաքականի մարզիչ Արշակ Պետրոսեան հաւաստեց, որ 27 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ սկսելիք Ճատրակի ողիմպիականին ընթացքին պայքարը բաւական տաք պիտի ըլլայ եւ մրցումին վայրը ազդեցութիւն պիտի չունենայ մեր տղոց ... Շարն.
Լոնտոնի Մէջ Բոցավառուեցաւ Փարալիմփիք Խաղերու Ջահը
Լոնտոնի Թրաֆալքար հրապարակին մէջ բոցավառեցաւ 14-րդ Փարալիմփիք խաղերու խորհրդանշական ջահը: Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Բրիտանիոյ վարչապետը, ողիմպիական խաղերու կազմակերպական խորհուրդի նախագահը, Լոնտոնի քաղաքապետը եւ այլ պաշտօնատարներ: 28 օգոստոսին կը սկսի փարալիմփիք ... Շարն.
Մեսսի Կրնայ Գերազանցել Տի Սթեֆանոյի Մրցանիշը
Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, Էլ Քլասիքոյի (Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա մրցումներու) 14 կոլի հեղինակ դարձած է եւ կը մօտենայ 18 կոլով մրցանիշ հաստատած Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի: Մեսսի հինգշաբթի գիշեր նշանակած իր ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը
Չինական Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 91-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆիլիփեան կղզիները: Նշենք, ... Շարն.
Փարալիմփիք Խաղերուն Մասնակցող Հայ Մարզիկները Այցելեցին Փոխնախարար Խաչիկ Ասրեանին
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Խաչիկ Ասրեան երէկ ընդունեց 2012-ի ամառնային Փարալիմփիք խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկները, հաղորդեց Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը` իր լուրը քաղելով նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութենէն: Ողջունելով ներկաները` Ասրեան ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի Նաեւ Պունտըսլիկան
Հետեւելով Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Սպանիոյ օրինակին` այսօր կը սկսի նաեւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները: Այսօր` Պունտըսլիկայի բացման մրցումին, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Վերտըր Պրեմընը, մինչ ... Շարն.
Ֆութպոլի Մրցումներուն Հսկող Անձերու Դասընթացքներ` 25-26 Օգոստոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 օգոստոսին «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (նախկին «Մարիոթ» պանդոկը) տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի մրցումներուն հսկող անձերու դասընթացքներ` մասնակցութեամբ 62 անձերու: Անոնցմէ 48-ն ... Շարն.
Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոսին Լիբանանի Կռփամարտի Նոր Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ
Լիբանանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 29 օգոստոսին, յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի կռփամարտի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Անոնք տեղի պիտի ունենան Ժընահի մէջ գտնուող ֆետերասիոնին ... Շարն.
Լիբանանի Սթրիթ-Պոլի Ախոյեանները Մեկնեցան Յունաստան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ ամիս տեղի ունեցան տղոց սթրիթ-պոլի (3x3) ախոյեանութեան մրցումները: Նշենք, որ անոնք տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ «Քլաս Սփոր» վաճառատան: Այս ախոյեանութեան ախոյեանները` Ռիպալ Պըշարա, Ժատ Քապպարա, Ռիշար ... Շարն.
Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Վրաստանի Իր Հասակակիցներէն
Վրաստանի մէջ ֆութպոլի ուսումնամարզական հաւաք կատարող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային հաւաքականը, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վրաստանի իր հասակակիցներէն: Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած այս ... Շարն.
Ճատրակ. Աբրահամեան Եւ Խուտկարեան Եւս Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ՖԻՏԷ-ն յայտարարած է, որ յաւելեալ երկու հայ ճատրակ խաղացողներ ալ պիտի մասնակցին ճատրակի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ... Շարն.
Քասսանօ Միացաւ Ինթեր Միլանի
Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Անթոնիօ Քասսանօ պաշտօնապէս միացաւ Ինթեր Միլանի, մինչ Ճիամփաուլօ Փացցինի մեկնեցաւ հակառակ ուղղութեամբ, պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին երկու ակումբները: Քիչ մը երկար տեւած բանակցութիւններէ ետք, Միլանօ ... Շարն.
Շատ Հաւանաբար Յառաջիկայ Ամիս Հայաստան Ունենայ ՖԻՖԱ-ի Ֆութպոլիստներու Առաջին Արտօնագիր Ունեցող Գործակալը
Ֆութպոլի գործակալներու դերը ներկայ ժամանակներուն թէեւ չափազանց ընդլայնուած է, սակայն մինչեւ օրս Հայաստան չունի ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլիստներու արտօնագիր ունեցող գործակալ: Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ ամիս` սեպտեմբերին, Հայաստանի ... Շարն.
Ծանրաբարձութիւն. Ռուս Մաքսիմ Շէյքօ Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ռուս ծանրաբարձ Մաքսիմ Շէյքօ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 105 քկ դասակարգի մրցումներուն, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատած է` բարձրացնելով 239 քկ: Մէջբերելով Lenta.ru ... Շարն.
Վաղը` Ուրբաթ, 24 Օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Պիտի Ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի 2012-2013 Տարեշրջանի Ներկայացուցչական Խումբը
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ վաղը` ուրբաթ, 24 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պիտի ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ իր մասնակցութիւնը ... Շարն.
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելին Տեղի Պիտի Ունենայ Ճշդուած Ժամկէտին` 7-9 Սեպտեմբերին
Երէկ կէսօրին Ա. Թէ. Սէ. Էլ. պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելին տեղի պիտի ունենայ ըստ նախօրօք ճշդուած ժամկէտին` 7-9 սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Առաջին Յաղթանակը
Չինական Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական չորս պարտութենէ ետք: Լիբանանցիք 88-67 ... Շարն.
Թենիս. Անի Ամիրաղեան` Յաղթական
Հայ թենիսվումըն Անի Ամիրաղեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իտալիոյ թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի մը, իր կատարած առաջին մրցումին (1-16-րդ հանգրուան) յաղթանակ արձանագրեց` 1-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ... Շարն.
Ճատրակ. Հայաստան Կը Պատրաստուի Աշխարհի Ողիմպիականին
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 27 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ պիտի սկսին ճատրակի աշխարհի ողիմպիականի 40-րդ մրցումները: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ հայրենի վարպետները լաւապէս կը պատրաստուին անոր` Ծաղկաձորի մէջ կատարելով ... Շարն.

