Category: Մարզական
Ճատրակ. Թալի Մրցաշարք. 9-րդ Մասնակցողին Անունը Պիտի Որոշեն Համացանցի Քուէարկողները
PanARMENIAN.Net հայկական կայքէջէն կ՛իմանանք, որ Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իլիա Լեւիթով, հարցազրոյց մը ունենալով chess-news.ru-ի հետ ըսած է, որ այս տարի 7-19 յունիսին տեղի ունենալիք Թալի ճատրակի յուշամրցաշարքին 9-րդ մասնակցողին ... Շարն.
Ժիւտօ. Կիպրոսի Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ 29 Մետալի
Նախանցեալ օր Կիպրոսէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջազգային մրցաշարքի մը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պուլկարիա, Վրաստան, Յունաստան, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ երկիրը` Կիպրոս: Լիբանանի պատուիրակութիւնը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Քահրապա - ՀՄԸՄ Պէյրութ երկրորդ մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթած ... Շարն.
ՎՈԼԻՊՈԼ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ 30-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿԱԶՄԵՐՆ ԱԼ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
Երէկ` չորեքշաբթի, աւարտեցան վոլիպոլի Արաբական ակումբներու 30-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ Միշել Մըրի անուան համալիրին եւ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցան վերջին ճակատումները: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ Ասիոյ ֆութպոլի 2013-ի ախոյեանութեան 22 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին, Լիբանան մաս կազմեց Ա. խմբակին` Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից ունենալով ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ 9 ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Յառաջիկայ 19 մարտէն 1 ապրիլ Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա), տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի անհատական ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները: Armchess.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի 9 կրանտմասթըրներ պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան: ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱԲՐԱՀԱՄ – ՎԻԼՇԵՒՍՔԻ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ 31 ՄԱՐՏԻՆ` ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
Գերմանահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, IBF-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յառաջիկայ 31 մարտին, պիտի կատարէ իր յաջորդ մենամարտը` Գերմանիոյ Քիլ քաղաքի «Սփարքասեն Արենա» մարզահամալիրին մէջ, կը յայտնէ Աբրահամի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Armsport.am, ... Շարն.
ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅՐԵՆԻ 9 ԸՄԲԻՇՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ԻՐԱՆ
Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Իրանի մէջ 24-26 փետրուարին տեղի ունենալիք ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին հայրենի 9 ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՄԱՅԵՄԻ ՀԻԹ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ 7-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ: Մայեմի Հիթ, որ իր դաշտին վրայ 120-108 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզի, այսպիսով արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը: ... Շարն.
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ՇԱԽՏԻՈՐ – ԱՆԺԻ` 3-1
Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Շախտիոր Տոնեցք ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Անժի Մախաչքալայի դէմ: Ուքրանիոյ ախոյեանը տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՔԱՀՐԱՊԱ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Քահրապայի դաշտին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ Քահրապա - ՀՄԸՄ Պէյրութ երկրորդ մրցումը: Անիկա պիտի սկսի երեկոյեան ժամը ... Շարն.
26 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԿԻՊՐՈՍ
Յառաջիկայ 26 փետրուարին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը ընդլայնուած կազմով կը մեկնի Լիմասոլ (Կիպրոս): Մարզիչ Վարդան Մինասեանի գլխաւորած հաւաքականը Կիպրոսի միջազգային մրցաշարքով կը սկսի 2012 տարուան իր առաջին նախապատրաստական հաւաքը: Ծրագրուած ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՔԱՈՒ
Երէկ, Մաքաու (Չինաստան) մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ 20-րդ ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութիւնը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար ... Շարն.
ՄԵԼԻՔ ՋԱՆՈՅԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԼՈՆՏՈՆԻ 2012-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ատլերի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Ա. Լունիովի անուան աթլեթիզմի բաց մրցաշարքին, Հայաստանէն Մելիք Ջանոյեան նիզակ նետելու մրցումներուն արձանագրելով 79,71 մեթր արդիւնք մը, ապահոված է ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. ՑԱՐԴ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքին գծով ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, այժմ վիճակագրութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը. 1994/1995 ՏՂԱՔ --------------------------------------ԿԷՏ 1.- Թորոս Մենտիլեան (Ս. Հռիփ.) 31 ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՄՐՑԱԿԻՑԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ՎԻԼՇԵՒՍՔԻ
Կռփամարտի միջին դասակարգի աշխարհի նախկին գերմանահայ ախոյեան Արթուր Աբրահամի յաջորդ մրցակիցը շատ հաւանաբար կրնայ ըլլալ EBU-ի նախկին ախոյեան Փիոթր Վիլշեւսքի, կը յայտնէ Armsport.am` իր լուրը քաղելով Boxingscene լրատու աղբիւրէն: Կը ... Շարն.
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԳԷՈՐԳ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԵՒ ԷԼԵՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒԵՑԱՆ
PanARMENIAN.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը եւ WADA կազմակերպութիւնը հաստատած են ծանրաբարձներ Գէորգ Պօղոսեանի եւ Էլեն Գրիգորեանի որակազրկման լուրը: Սակայն նախքան այս հաստատումը կատարելը, տեղեկութիւններ կային, ... Շարն.
«ՉԵՄ ՓԱՓԱՔԻՐ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՉ ԵԱՔԱՆ
Սթանտար Լիեժի (Պելճիքա) եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին մարզիկ Հրաչ Եաքան, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ գտնուող Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Գանձասար Կապանի հետ ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի, հարցազրոյց մը ... Շարն.
ՎՈԼԻՊՈԼ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Նախանցեալ օր, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Քասր Սուֆարա» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ), պատուեց արաբական պատուիրակութիւնները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող վոլիպոլի ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՇԻՔԱԿՕ ՊՈՒԼԶ` ՑԱՐԴ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ
Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզ արձանագրեց իր 26-րդ յաղթանակը (ցարդ` լաւագոյնը)` 90-79 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տերըն Ուիլիըմզ (38 ... Շարն.

