Category: Հայկական
Թուրք Դատախազը Բողոքարկած Է Տինքի Սպանութեան Գործով Դատավճիռը
Դատախազ Հիքմեթ Ուսթա Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով բողոքարկած է դատարանի վճիռը: Երեսուն էջնոց բողոքարկման դիմումին մէջ ան պնդած է, որ Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ Տրապիզոնի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորման ... Շարն.
Կորտըն Եւ Քարասին Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցը
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը հաղորդուի, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն Ժընեւի մէջ ... Շարն.
Ջաւադեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը` Պէյրութի Մէջ
Երէկ կէսօրին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասաւ Պէյրութ, ուր պիտի մասնակցի «Հայաստանի դրամատնային հատուածի նոր իրականութիւն» խորագիրը կրող հայ լիբանանեան կլոր սեղանին: Կլոր սեղանին ընթացքին, որուն ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահի Ընտրութիւնները` 19 Յուլիսին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ կատարեց նախագահական ընտրութիւններու օրուան մասին յայտարարութիւն մը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան կարդաց յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Առաջնորդուելով Լեռնային Ղարաբաղի ... Շարն.
«Այսօր Պետական Մակարդակով Թրքական Հակահայ Քայլարշաւին Պատասխանելու Խնդիր Կայ» Կ՛Ըսէ Հրաչ Վարժապետեան
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան երէկ Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի տապալման համար անցնող մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիա ծախսած ... Շարն.
ՀՅԴ .«Շատ Կարեւոր Է Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Միջպետական Համաձայնագիրի Կնքումը»
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, զոր ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Լեռնային ... Շարն.
«Հայ-Ամերիկեան Զինուորական Համագործակցութիւնը Պիտի Ընդլայնի» Կ՛Ըսէ Սէյրան Օհանեան
Անդրադառնալով վերջերս Միացեալ Նահանգներ կատարած իր աշխատանքային այցելութեան արդիւնքներուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հայ-ամերիկեան զինուորական համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի ընդլայնի: Նախարարը ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Կը Շեշտէ Հայ-Սինկափուրեան Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր պետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սինկափուր: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Թոնի Տամ Քեն ... Շարն.
Պրիւքսէլի Մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Հանդիպումը Վրաստանի Դեսպանին Հետ
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան, Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Վրաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սալոմէ Սամատաշվիլիի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ... Շարն.
Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Քասփրչիքը
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն ... Շարն.
Ջաւախքում «Վերեւներից» Թոյլ Չտուեցին Զեկուցական Հանդիպում Կազմակերպել
Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւնների խորհրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանի Պրիւքսելում Եւրոպական խորհրդարանի մի շարք պատգամաւորների եւ պաշտօնեաների հետ ունեցած հանդիպումները առիթ տուեցին ամենատարբեր մեկնաբանութիւնների: Այդ նպատակով Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւնների խորհուրդը ... Շարն.
Ժոզեֆ Փանոսեան Ոչ Եւս Է
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան Միջին Արեւելքի երկար տարիներու աշխատակից Ժոզեֆ Փանոսեան իր մահկանացուն կնքեց 74 տարեկանին: Մահուան գուժը երէկ յայտնի լրագրողին ընտանիքը փոխանցեց լրատու գործակալութեան: Ան մահացած է 13 մարտին ... Շարն.
Սէուլի Մէջ «Հայաստանի Մասին Յերիւրանքներ Տարածելը Ազրպէյճանի Մէջ Դարձած Է Գործելաոճ» Յայտարարեց Սերժ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սէուլի մէջ հիւլէական ապահովութեան 2012-ի միջազգային վեհաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ հիւլէական ապահովութիւնը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի համար առաջնահերթ խնդիր: Ան նշեց, որ Հայաստան` ... Շարն.
Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ Եւ Ռուսիա Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպո՞Ւմ Մը Կ՛Ուզեն Կազմակերպել
Թուրքիոյ Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի քաղաքական մեկնաբան Կիւներ Էօզքան ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, որ Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կ՛ուզեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել: ... Շարն.
ՀՅԴ Առաջին Նախընտրական Հանրահաւաքը` 10 Ապրիլ Ին
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան երէկ news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի առաջին նախընտրական հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 10 ապրիլին` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ: Ինչ կը վերաբերի ... Շարն.
ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական Համահայկական Խորհրդաժողովը Վերջ Գտաւ
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 22-24 մարտին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան տասներկու երկիրներէ ... Շարն.
Ծերակուտական Շըրմըն Կը Պահանջէ Ջաւախքին Տրամադրուող Ամերիկեան Աջակցութիւնը Աւելցնել
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Զարգացման միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաճիւ Շահի հետ Միացեալ Նահանգներու 2013-ի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին ծերակուտական ... Շարն.
Ըստ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչի Եահկ-Ի Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Ինքզինք Չէ Սպառած
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը ինքզինք չէ սպառած: Մեկնաբանելով համանախագահող երկիր Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու առաջարկը` Ա. Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ եռեակը ... Շարն.
Լաւրով Հայաստան Պիտի Այցելէ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 2-3 ապրիլին Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Այցելութիւնը նուիրուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ... Շարն.
Արցախ. Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուած Է Շուրջ 250 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով` նախորդ շաբթուան ընթացքին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակ կողմէն արձանագրուած են զինադադարի դրութեան աւելի քան 250 խախտումներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային ... Շարն.

