Category: Հայկական
ՊՈՒՐՃՈՒՕՂԼՈՒ ԱՐԴԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՏՈՄՍԸ ԳՆԵՑ
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու արդէն տոմս գնած է եւ պատրաստ է վերադառնալու Թուրքիա, եթէ 22 դեկտեմբերին ծերակոյտը վաւերացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնքը: Դեսպանը շեշտեց, որ ներկայիս Թուրքիան 2001-ի ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԻՐԱՐ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԵՆ
«Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բարեփոխումներու իրականացման դիտորդական խումբի նիստին ժամանակ յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը պիտի ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ՖՐԱՆՍԱՆ ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր դարձեալ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հարցին անդրադառնալով Ֆրանսան ամբաստանեց Ռուանտայի ցեղասպանութեան մեղսակցութեան յանցանքով: «Ոեւէ մէկը չի տեսներ Ռուանտայի մէջ տեղի ... Շարն.
«2012 ԹՈՒԱԿԱՆ ԿԸ ՄՏՆԵՆՔ ՄԵԾ ԲԵՌՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան` վերլուծելով անցնող 2011 թուականը, զայն բնորոշեց իբրեւ տագնապներու, չարդարացուած յոյսերու, սպասումներու, արժէքներու խաթարման ժամանակաշրջան եւ նշեց, որ «2012 թուականին կը մտնենք մեծ ... Շարն.
ԸՍՏ ԱՓԱ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը: ԱՓԱ ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
16 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ հանդիպումը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Հանդիպման կը ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ԾԱՆՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին: Ան նամակին մէջ նշած է, ... Շարն.
«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՐԴԵԳՐՈՒԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒԻՆ ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԻԺԻ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱԼԵՐՕ
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պեռնար Վալերօ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծը խորհրդարանական նախաձեռնութիւն ... Շարն.
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով-սեմինար մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ դատի աշխատանքներն ու յառաջիկայ երկու ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր պիտի մեկնի Ռուսիա: Ան պիտի մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին` Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը եւ հանդիպում ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն ու Իտալիոյ հայ ... Շարն.
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԳԾՈՎ
Չորեքշաբթի 14 Դեկտեմբեր 2011-ին, Հայաստանի Երկիր Մետիա հեռատեսիլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որոշումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներու վերադարձին գծով: Վեհափառ Հայրապետը ... Շարն.
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ՏՈՒՆ ԿԱՆՉԵԼ
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էնկին Սոլաքօղլու ԱՖՓ գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիա կը սպառնայ իր դեսպանը տուն կանչել Ֆրանսայէն, եթէ այդ երկրին խորհրդարանը յառաջիկայ շաբաթ հաւանութիւն տայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԹԻՒ 306 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին, որ թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ երկրին քրիստոնէական համայնքներուն, մասնաւորաբար հայկական, յունական եւ ասորական փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու բռնագրաւուած ... Շարն.
«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
15 դեկտեմբերին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Երեւանի պետական համալսարանի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գարեգին Նժդեհի ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՑԱԽ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր զայն ընդունեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան առնչուող շարք մը հարցեր: ... Շարն.

