Category: Հայկական

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒՆ» ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒՆ» ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

July 1, 2011

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ: Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի ... Շարն.

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

July 1, 2011

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, չորեքշաբթի, 29 յունիսին տրուած որոշումին համաձայն Ապրիլ 24-ը Իսրայէլի մէջ յիշատակման օր ճանչնալու մասին բանաձեւը 25 թեր եւ մէկ դէմ քուէով որոշեց կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբին փոխանցել` ... Շարն.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՈՒՔՐԱՆԻԱ

July 1, 2011

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչին հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուքրանիա: Ինչպէս կը յայտնեն նախագահի մամլոյ գրասենեակէն, այցելութեան ծիրին մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Վիքթոր ... Շարն.

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱԶԱՏԱԳՐԵԼ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱՍԱՆՈՎ

July 1, 2011

Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժանմունքի վարիչ Ալի Հասանով ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Առանց կողմնակի միջամտութեան` ազրպէյճանական բանակը ի վիճակի է մէկ շաբթուան ընթացքին ազատագրելու բռնագրաւուած ... Շարն.

ՅԱՐՈՒԹ ՇԻԹԻԼԵԱՆ` ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

ՅԱՐՈՒԹ ՇԻԹԻԼԵԱՆ` ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

July 1, 2011

Մոնրէալի քաղաքապետ Ժերալտ Թամպլէ յայտարարեց, որ ինք կը յանձնարարէ, որ Յարութ Շիթիլեան նշանակուի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ: Քաղաքապետը կը նշէ, որ իր պաշտօնը ստանձնելու պարագային Շիթիլեան Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի պատմութեան մէջ ... Շարն.

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒՍ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԶԻՍ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՔՀԱՆԼԸ

July 1, 2011

Թրքական դատարանի մը մէջ տեղի ունեցած է թուրք յայտնի գրող եւ իրաւապաշտպան Տողան Աքհանլըի աղմկայարոյց դատական գործին հերթական նիստը, որուն ժամանակ դատախազը դարձեալ պահանջած է այլախոհ մտաւորականը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել: ... Շարն.

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

June 29, 2011

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն բանաձեւերէն մէկը Թուրքիայէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով «Ազդակ» ... Շարն.

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ

June 29, 2011

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է հայկական կողմին հետ առանց որեւէ նախապայմանի բանակցելու: Օրաթերթը ... Շարն.

ՌԱԴԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

ՌԱԴԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

June 29, 2011

Երէկ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Ռադիկ Մարտիրոսեան վերընտրուեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ: Ընդհանուր ժողովի 151 մասնակիցներէն փակ գաղտնի քուէարկութեան ժամանակ Ռադիկ Մարտիրոսեանի օգտին քուէարկեցին 102 հոգի: Անոր ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԼՈՎԵՆԻՈՅ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

June 29, 2011

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թեիրքի հետ: Սլովենիոյ նախագահին խնդրանքով նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: Թեիրք կարծիք յայտնեց, որ միայն ... Շարն.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՀԻԱՍԹԱՓԱԾ ԵՆ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ

June 29, 2011

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ հիասթափած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները Քազանի մէջ չկրցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով համաձայնութիւն մը գոյացնել: «Դուք ... Շարն.

«ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՐԱԳ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՃԱՆԻ

«ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՐԱԳ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՃԱՆԻ

June 29, 2011

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ շրջանային տագնապներու լուծման մեծ պետութիւնները կը միջամտեն, ապա ... Շարն.

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ

June 29, 2011

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին մասին իր հաղորդագրութեան մէջ կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթներուն Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու պիտի այցելեն: ... Շարն.

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՎՐԱՍՏԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

June 28, 2011

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր երկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Վրաստան: Այցելութեան ընթացքին նախարար Նալբանդեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Վրաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ:           Շարն.

ՈՒՈԼԱՆՏԸՐ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՈՒՈԼԱՆՏԸՐ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

June 28, 2011

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Մելեսթ Ուոլանտըրը: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ ... Շարն.

«ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՈՉ ՄԷԿ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅԱՆԳԵՑՈՒՑ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱՒԻԹ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՈՉ ՄԷԿ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅԱՆԳԵՑՈՒՑ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱՒԻԹ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

June 28, 2011

Արցախի նախագահին մամլոյ բանբեր Դաւիթ Պապայեան «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 24 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը ոչ մէկ շօշափելի ... Շարն.

ԹՈՒՐՔ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ

June 28, 2011

Թրքական «Ռատիքալ» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերը, ինչպէս նաեւ «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդեն, որ Թուրք վրիժառական ջոկատը, որ անցեալին սպառնական նամակ մը յղած էր Պասքըն Օրանի, «Էվրենսել» օրաթերթին յղած է նոր նամակ ... Շարն.

ԸՍՏ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԱԽՈՐԺԱԿԸ` ՄԵԾՑԱԾ

ԸՍՏ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԱԽՈՐԺԱԿԸ` ՄԵԾՑԱԾ

June 28, 2011

Կառավարման հարցերու մասնագէտ Յարութիւն Մեսրոպեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ Օպամա, Մետվետեւ եւ միւսները ի՞նչ յայտարարութիւններ կ՛ընեն արցախեան հիմնախնդիրին եւ եռանախագահներու քազանեան հանդիպման մասին եւ թէ արդեօք այդ ... Շարն.