Category: Հայկական
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՋՆՋՈՒԱԾ»
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 8 ապրիլին հրապարակուած մարդկային իրաւանց վերաբերող տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական եւ քրտական հարցերուն վերաբերող ... Շարն.
ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ` ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ. «28 ԱՊՐԻԼԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՋՐԲԱԺԱՆԻ ՕՐ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ Հայ ազգային քոնկրես ընդդիմադիր դաշինքի հանրահաւաքը Մատենադարանին մօտ: Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առին նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, հանրայայտ դերասան Երուանդ Մանարեան, նախկին զինուորական դատախազ Գագիկ Ջհանկիրեան, ՀՀՇ վարչութեան ... Շարն.
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՐԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԵՐԸ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի լուսանկարն ու յայտարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնուած էին թրքական համացանցային բազմաթիւ լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն վրայ` «Հայ ղեկավարը կը պահանջէ Կարսը» վերնագիրով: ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Ամերիկաներէն եւ Աւստրալիայէն Կեդրոնական կոմիտէներու եւ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներ անցնող շաբաթավերջին հաւաքուած էին Նիւ Ճըրզիի մէջ` Հայ դատը առաջ տանելու նպատակով խորհրդաժողով գումարելու: ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՄԱՒԻՐԻ ՄԱՐԶ
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Արմաւիրի մարզ մեկնեցաւ: Ան ներկայ գտնուեցաւ Այգեկ գիւղի համայնքի նորակառոյց դպրոցի բացման արարողութեան, շրջեցաւ շէնքին մէջ եւ ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ. «ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ
Երէկ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կնոջ դերը սփիւռքի մէջ» խորագիրով կլոր սեղանը, զոր վարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Մասնակցեցան գիտական, կրթական հաստատութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ ... Շարն.
Լոթօ թիւ 872 07/04/2011
--------------------------------------------------------------------- ZEED 07/04/2011 86260 25,000,000 լ.ո. 6260 450,000 լ.ո. 260 45,000 լ.ո. 60 8,000 լ.ո. Շարն.
«ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՐԳՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ԱՆՈՒՆԻՆ ՇՈՒՐՋ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Երէկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կազմակերպած «Հարիւր հարցում եւ պատասխան» հանդիպումին հիւրընկալուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեանի կողմէ ՀՅ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՐՁԱԿԱԾ ՎՃԻՌԸ
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա դատապարտած է արժանթինցի դատաւորի այն վճիռը, թէ Թուրքիա հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործած է, եւ յայտնած է, թէ արտասահմանի մէջ թրքական թիրախներու դէմ հայ արմատական ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐՊԻՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ
Պաշտօնական այցելութեամբ Սերպիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ Իրինէյ պատրիարքին հետ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ... Շարն.
ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՎՃԻՌԻՆ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով անդրադարձած է Արժանթինի դատարաններէն մէկուն արձակած այն վճիռին, որ 1915-1923-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ` անոր շնորհաւորելով նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը փոխանցէ, որ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ԵՒ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ականներու մասին իրազեկութեան եւ ականազերծման հոլովոյթին օժանդակութեան միջազգային օրուան առիթով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 ապրիլին այցելեց Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ճարտարագիտական գումարտակ: Հայաստանի պաշտպանութեան ... Շարն.
ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ Է «ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԻՆԱՆՇԱՆ» ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ
Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, քաղաքին մատուցած ծառայութիւններուն, քաղաքապետարանին հետ սերտ համագործակցութեան, Երեւանի մէջ իրականացուող տօնակատարութիւններու կազմակերպման ընթացքին իր ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքին մէջ անոր ներդրած ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ` ԹՈՒՐՔ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ
Թուրք-հայկական գործարար յարաբերութիւններու զարգացման խորհուրդը կը ծրագրէ խորհրդատուական ծառայութիւններու խորհուրդ ստեղծել երկու երկիրներու ձեռներէցներուն համար, որոնք կ՛ուզեն համագործակցիլ` հակառակ 1993-էն ի վեր հայ-թրքական սահմանին փակ ըլլալուն: Խորհուրդի համանախագահ Քաան Սոյաք ... Շարն.
ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ. «ՄԵԶԻ ՀԵՏ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԵՐՈՎ ՄԻ՛ ԽՕՍԻՔ»
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմութեան ընդառաջ երթալու, առողջ բանավիճելու եւ առողջ քննադատութիւն ու առաջարկներ ... Շարն.

