Category: Հայկական
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամային Կոչ Կ՛ուղղէ Օգնելու Հալէպի Ժողովուրդին
Քեն Խաչիկեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` աջակցութիւն ցուցաբերելու «Հալէպի անպաշտպան եւ տառապող ժողովուրդին»: «Ժիհատականներու բանակները շրջապատած են Հալէպը», գրած է ... Շարն.
Վարդանեան. «Իշխանութիւնները Իրենց Խօսքին Տէրը Չեն»
Աղուան Վարդանեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաձայնութիւն չյայտնեց այն տեսակէտներուն, որոնց համաձայն` ոչ իշխանական քառեակը իր 12 կէտնոց յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարած է միայն ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն: ... Շարն.
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ժոզէ Մանուէլ Պարոսոյին
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսոյէն խնդրած է 14 յունիսին Ազրպէյճան այցելութեան ժամանակ շեշտել, որ Ազրպէյճան պէտք է յարգէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ... Շարն.
«Համանախագահները Ջանք Չեն Խնայեր Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութեան Մեղմացման Համար» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար յայտարարած է, թէ տեղեկութիւն չունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումին մասին: «Ես տեղեակ չեմ նախագահներուն ... Շարն.
Ըստ «Ռատիքալ»-ի Քակ Յայտարարած Է, Որ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Բնակող Հայերուն Անվտանգութիւնը Պիտի Երաշխաւորէ
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարները, որոնք Հիւսիսային Իրաքի Կորթուաց լեռներուն վրայ կը գտնուին, հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են, որ իրենք պատրաստ ... Շարն.
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Վլատիմիր Փութինին
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ռուսիոյ պետական տօնին` Ռուսիոյ օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ ... Շարն.
Ընկերային – Տնտեսական Հարցերը` ՀՅԴ Խմբակցութեան Ուշադրութեան Կեդրոն Վարդանեան. «Ուժանիւթի Համակարգին Մէջ Պէտք Է Կանխատեսելիութիւն Ըլլայ»
Աղուան Վարդանեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը իր գործառոյթներու սահմաններուն մէջ ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակը` ելեկտրուժի գինի թանկացման վերաբերեալ: Նշենք, որ Հանրային ... Շարն.
Դաշնակցութիւն Խմբակցութեան Հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Հետ
Արա Յարութիւնեան 11 յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան մասնաւորապէս 2013 թուականի պիւտճէի ... Շարն.
Պուէնոս Այրեսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի
Օրասիօ Ռոտրիկես Լարեթթան Պուէնոս Այրեսի իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղ յատկացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար: Արարողութեան մասնակցած են քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Օրասիօ Ռոտրիկես Լարեթթան, մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան գծով ... Շարն.
Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Դէմ Պիտի Քուէարկեն 2013-ի Պետական Պիւտճէի Կատարողականին
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականին: Երէկ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի քննարկման ժամանակ յայտարարեց Բարգաւաճ Հայաստան ... Շարն.
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Աւստրիոյ Նախագահին Հետ
Նախանցեալ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրիա: Երէկ առաւօտեան տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայնց Ֆիշըրի դռնփակ հանդիպումը, ապա` պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ... Շարն.
Ղարաբաղի Մէջ Հրազէնային Հարուածէն Զինուոր Մը Մահացաւ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ Ղարաբաղի բանակի հիւսիսային (Գիւլիստան) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ, տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ, գլխու հրազէնային մահացու հարուած ստացած ... Շարն.
Ս. Էջմիածինի Մէջ. «Սուրիոյ Ճգնաժամը. Մարտահրաւէրներ Հաւատքի Համայնքներուն Համար» Նիւթով Միջազգային Խորհրդաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հրաւէրով, նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլաւ Թուէյթի, 11 յունիսին Ս. Էջմիածինի մէջ սկսաւ ... Շարն.
«Սերժ Սարգսեանի` Թուրքիոյ Նախագահին Ուղղած Հրաւէրը Նուաստացնելու Փորձ Է» Կ՛ըսէ Լիւթեմ
Էօմեր Էնկին Լիւթեմ Թուրք դիւանագէտ, տարիներ շարունակ Հայկական հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած Էօմեր Էնկին Լիւթեմ թուրք-ամերիկեան «թըրքիշնի» կայքին վրայ զետեղած է յօդուած մը` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Թուրքիոյ նախագահին ... Շարն.
Ռուստամեան. «Նախագահի Հեռացումը Հայաստանը Պիտի Չփրկէ»
Սերժ Սարգսեանի պարզապէս հեռացումը Հայաստանը պիտի չփրկէ: Այս մասին 10 յունիսին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` կառավարութեան Հայաստանի խորհրդարանի ոչ իշխանական քառեակի (Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ, ... Շարն.
Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Հրապարակեցին 12 Կէտերը
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի չորս ոչ իշխանական ուժերը հրապարակեցին իշխանութիւններէն իրենց ունեցած 12 պահանջները: Ստորեւ` այս գծով ոչ իշխանական քառեակին յայտարարութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն, «Ժառանգութիւն», Հայ ... Շարն.
Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Պիտի Մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Պաքուի Նստաշրջանին
Արտաշէս Գեղամեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ամբողջ կազմով պիտի մեկնի Պաքու` մասնակցելու 28 յունիսէն 2 յուլիս տեղի ունենալիք վեհաժողովի ամառնային 23-րդ նստաշրջանին: Այդ մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Բրիտանիոյ Ազգային Տօնը
Բրիտանիոյ ազգային տօնին` Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ծննդեան պաշտօնական օրուան առիթով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին եւ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին: Նախագահը տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ յղեց ... Շարն.
Ոչ Իշխանական Քառեակը Այսօր Պիտի Հրապարակէ Կառավարութեան Նկատմամբ Իր Պահանջները
Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ իշխանական ուժերու քառեակը ընդդիմութեան վերաբերեալ օրինագիծ պիտի ներկայացնէ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան` իրենց խմբակցութեան գրասենեակին մէջ ընթացող խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերու քառեակի ... Շարն.
Տէր Թադեւոսեան. «Հայկական Ուժերը Կը Պատրաստուին Շօշափելի Հարուածներ Տալ Ազրպէյճանին»
Արկադի Տէր Թադեւոսեան Պաշտօնաթող հազարապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին նշեց, որ հայկական ուժերը կը պատրաստուին շօշափելի հարուածներ հասցնելու ազրպէյճանական կողմին եւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են: Ան ... Շարն.

