Category: Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ.   «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը  Պիտի Ամբողջացնենք Պրիհի Վէրքը Բուժելով»  Ըսաւ Ժոմպլաթ

Պքերքէի Մէջ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Պիտի Ամբողջացնենք Պրիհի Վէրքը Բուժելով» Ըսաւ Ժոմպլաթ

January 5, 2013

Ժոմպլաթ եւ կարտինալ Ռայի Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ... Շարն.

Ատնան Մանսուր Իր Մօտ  Կանչեց Սուրիոյ Դեսպանը

Ատնան Մանսուր Իր Մօտ Կանչեց Սուրիոյ Դեսպանը

January 5, 2013

Շարպել, Մանսուր եւ Սաֆատի Հիմնուելով նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստէն բխած որոշումին վրայ` արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն ... Շարն.

Էօզեըլտըզ. «Կը Ջանանք Սուրիոյ Մէջ  Առեւանգուած  Լիբանանցիները Ազատ Արձակել»

Էօզեըլտըզ. «Կը Ջանանք Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազատ Արձակել»

January 5, 2013

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով: ... Շարն.

Միքաթիի Բնակարանին Դէմ Նստացոցյը Ջնջուեցաւ

January 5, 2013

Թալքալախի դէպքին ընթացքին սպաննուած եւ գերեվարուած լիբանանցիներուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն հարազատները, որոնք երէկ կէսօրուան նամազէն ետք բողոքի ցոյց մը պիտի կատարէին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թրիփոլիի բնակարանին դիմաց, ... Շարն.

Շարպել. «Նախագահական Ընտրութեան  Թեկնածու Եմ, Եթէ Իմ Անձիս Շուրջ  Համախոհութիւն Գոյանայ»

Շարպել. «Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու Եմ, Եթէ Իմ Անձիս Շուրջ Համախոհութիւն Գոյանայ»

January 5, 2013

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու է, եթէ իր անձին շուրջ կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել: Ան աւելցուց սակայն, որ համախոհական նախագահ մը ըլլալ չի ... Շարն.

Քոնելլի. «Կ՛ողջունենք Սուրիոյ Հետ  Սահմանները Բաց Պահելու Լիբանանի  Կառավարութեան Որոշումը»

Քոնելլի. «Կ՛ողջունենք Սուրիոյ Հետ Սահմանները Բաց Պահելու Լիբանանի Կառավարութեան Որոշումը»

January 5, 2013

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հանդիպում մը ունենալէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, բարձր գնահատեց նախարարութեան ի գործ դրած ջանքերը` ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն ... Շարն.

«Ընտրական Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Ոչ Մէկ Օրինագիծ Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ»  Կ՛ըսէ Ռոպեր Ղանեմ

«Ընտրական Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ոչ Մէկ Օրինագիծ Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ» Կ՛ըսէ Ռոպեր Ղանեմ

January 5, 2013

Վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ընտրական խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը իր նիստերուն ընթացքին ոչ մէկ ընտրական օրինագիծ վեթոյի պիտի ենթարկէ: Ան նկատել տուաւ, ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 5, 2013

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արաբական երկիրներ` օգտագործելով վերջերս Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն կասեցումը, Թըպպանէ ուղարկած են մեծ քանակութեամբ զէնքեր, հրասանդեր եւ նռնականետեր, որոնք բաւարար են ամիսներու տեւողութեամբ ... Շարն.

Կառավարութիւնը Գումարեց Այս Տարուան  Իր Անդրանիկ Նիստը` Որդեգրելով Սուրիացի  Գաղթականներուն Վերաբերող  Միջոցառումներու Շարք Մը

Կառավարութիւնը Գումարեց Այս Տարուան Իր Անդրանիկ Նիստը` Որդեգրելով Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Միջոցառումներու Շարք Մը

January 4, 2013

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց այս տարուան իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան ... Շարն.

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Ուղղակի Բանակցելու Լիբանանցիները Առեւանգող Կողմերուն Հետ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Ուղղակի Բանակցելու Լիբանանցիները Առեւանգող Կողմերուն Հետ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 4, 2013

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքին առիթով երէկ Պաալպեքի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ քայլարշաւ մը, որուն յաջորդեց ժողովրդային հաւաք: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաւաքուած բազմութեան ... Շարն.

Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Ընտրական  Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ  Յանձնախումբին Աշխատանքային Ծրագիրը

Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբին Աշխատանքային Ծրագիրը

January 4, 2013

Ղանեմ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչական եւ դատական իշխանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքի խորհրդարանական սեղմ ... Շարն.

«Որեւէ Ընտրական Օրինագիծ Մը Կ՛ընդունինք, Պայմանաւ Որ Հանրապետութեան Նախագահին  Վերադարձուի Անոր Իրաւունքներուն Մէկ Երրորդը»   Ընդգծեց Զօր. Աուն

«Որեւէ Ընտրական Օրինագիծ Մը Կ՛ընդունինք, Պայմանաւ Որ Հանրապետութեան Նախագահին Վերադարձուի Անոր Իրաւունքներուն Մէկ Երրորդը» Ընդգծեց Զօր. Աուն

January 4, 2013

Համախմբումի նիստէն պահ մը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց 2013 տարուան համախմբումի անդրանիկ նիստին: Համախմբումին նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենց ... Շարն.

Ֆայեզ Ղոսըն. «Սուրիացի Գաղթականներուն Թիւին Բարձրացումով Տագնապին  Բռնկումը Դարձած Է Մօտալուտ»

Ֆայեզ Ղոսըն. «Սուրիացի Գաղթականներուն Թիւին Բարձրացումով Տագնապին Բռնկումը Դարձած Է Մօտալուտ»

January 4, 2013

Ֆայեզ Ղոսըն Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ հարցի մը, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցն է: Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը ... Շարն.

Խմբագիրներու Սենտիքայէն  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սելիմ Հըսի

Խմբագիրներու Սենտիքայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սելիմ Հըսի

January 4, 2013

Հըս` խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող ... Շարն.

Ատնան Մանսուր Ընդունեց Զասպիքինը

Ատնան Մանսուր Ընդունեց Զասպիքինը

January 4, 2013

Մանսուր եւ Զասպիքին Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ ... Շարն.

Տար Ֆաթուա. «Հանրապետութեան Միւֆթին  Իր Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգէ»

Տար Ֆաթուա. «Հանրապետութեան Միւֆթին Իր Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգէ»

January 4, 2013

Տար Ֆաթուա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ոչ մէկ նպատակ ունի երկարաձգելու իր նստաշրջանը, որ կ՛աւարտի 15 սեպտեմբեր 2014-ին: Հաղորդագրութիւնը հերքեց ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 4, 2013

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ 6 իսրայէլեան օդանաւեր երէկ առաւօտեան ժամը 10:12-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:10 թռիչքներ գործած են հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վերեւ` ... Շարն.

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները  «Փակեցին» Թրքական Օդանաւային  Ընկերութեան Պէյրութի Գրասենեակը

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները «Փակեցին» Թրքական Օդանաւային Ընկերութեան Պէյրութի Գրասենեակը

January 3, 2013

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները, որոնք նախապէս յայտարարած էին, թէ իրենք Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ ճնշում պիտի բանեցնեն, երէկ խորհրդանշական քայլով մը ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր անոնք կարմիր մոմով ... Շարն.

Միքաթի. «Սուրիացի Գաղթականներուն  Թղթածրարը Քաղաքական Բանավէճի  Վերածելը Դաւադրութիւն Է»

Միքաթի. «Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը Քաղաքական Բանավէճի Վերածելը Դաւադրութիւն Է»

January 3, 2013

Սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստէն պահ մը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ սկզբնական հանգրուանին Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը բաւական ... Շարն.

Պըրրի Շեշտեց Երկրին Կացութիւնը  Հանդարտ Պահելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Շեշտեց Երկրին Կացութիւնը Հանդարտ Պահելու Կարեւորութիւնը

January 3, 2013

Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնք չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ այցելեցին Պըրրիի: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ... Շարն.