Category: Լիբանանեան
«Իսլամներու Անմեղութիւնը» Ժապաւէնին Դէմ Դատապարտումի Ալիք Կը Բարձրանայ Նաեւ Լիբանանի Մէջ
Շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» խորագիրը կրող ժապաւէնը, որ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ խստիւ դատապարտուեցաւ լիբանանեան կրօնական շրջանակներուն կողմէ, ըլլան անոնք ... Շարն.
Սապունճեան Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը
Սապունճեան եւ Քորէայի դեսպանը Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քորէայի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Նախարար Սապունճեան ստացաւ Քորէա այցելութեան հրաւէր ... Շարն.
Սաատ Հարիրի. «Հըզպալլա Պէտք Է Վերջ Տայ Դէպի Սուրիա Զէնքի Մաքսանենգումին»
Հոլլանտ կը դիմաւորէ Հարիրին Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ ընդունուելէ ետք յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Հոլլանտին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի անկախութեան ... Շարն.
Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին շրջագիծին մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան: Ան աւելցուց, որ թրքական կողմին հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սերրան
Զօրավարներ Քահուաժի եւ Սերրա Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց ... Շարն.
Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներու Հարց. Նախարար Շարպել Դրական Տրամադրութիւններով Վերադարձաւ Թուրքիայէն
Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Բանակի Հրամանատարութիւնը
Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին ապահովական կացութիւնը: ... Շարն.
Պըրրի. «Եթէ Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Քրիստոնէական Համախոհութիւն Գոյանայ, Ապա Ես Անոր Դէմ Չեմ Ըլլար»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյանայ միացեալ կեցուածք մը, որուն շուրջ քրիստոնէական համախոհութիւն գոյանայ, ապա ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Եւ Ընդունեց Ժոլին
Ժոլի, Կիթերես եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ընկերակցեցաւ ՄԱԿ-ի բարի կամեցողութեան դեսպան Անժելինա Ժոլին: Պատուիրակութիւնը, որ երէկ առաւօտեան ... Շարն.
«Պապին Լիբանան Այցելութիւնը Կը Փաստէ Անոր Պատգամի Երկիր Եւ Սուրբ Հող Ըլլալու Իրականութիւնը» Շեշտեց Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք պատմական այցելութիւնը կը փաստէ անոր պատգամի երկիր եւ սուրբ հող ըլլալու իրականութիւնը: Ան մաղթեց, որ բոլոր լիբանանցիները ... Շարն.
Զօր. Աուն Ընդունեց Փլամպլին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը նախապատրաստած եւ ծրագրած յանձնախումբի ընդհանուր համադրող հայր Մարուան Թապեթ յայտնեց, որ Լիբանան կազմ ու պատրաստ է` ընդունելու պապը: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ ... Շարն.
«Հայութիւնը Լաւ Վիճակի Մէջ Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ հայութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լաւ վիճակի մէջ է: Ան շեշտեց, ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Կիպրոս
Սապունճեան եւ նախագահ Խրիսթոֆիաս Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Կիպրոս` ընկերակցութեամբ լիբանանցի եւ կիպրացի (ծագումով լիբանանցի) գործատէրերու: Վ. Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի ... Շարն.
Թուրք Քաղաքացիին Ազատ Արձակումով Փակուեցաւ Մըքտատ Ընտանիքին Կատարած Առեւանգումներուն Թղթածրարը
Այտըն Թեքին Երէկ գիշերուան ժամը 11:00-ին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին առջեւ զօր. Ապպաս Իպրահիմ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ ստանձնեցին թուրք պատանդ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ուոլընը
Քոնելլի, Ուոլըն եւ նախագահ Սլէյման Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Նիլ Ուոլընը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ ... Շարն.
«Բանակին Դերակատարութիւնը Կասկածի Տակ Առնելու Քայլը Կը Վնասէ Ամբողջ Երկրին» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Զօր. Քահուաժի եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները: Վարչապետ ... Շարն.
Ապու Ղայտա Հարցաքննեց Սըմահան` Առանց Անդրադառնալու Ժամիլ Սէյիտի
Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին շարունակեց Սըմահայի հարցաքննութիւնը` առանց անոր մէջ ներառելու Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտը, հակառակ այն իրողութեան, ... Շարն.
Պըրրի – Փլամպլի Հանդիպում
Փլամպլի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Ալի Համտանի: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
Ղոսըն. «Բանակը Ոչ Ոքի Հետեւորդն Է»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ոչ ոքի հետեւորդն է` աւելցնելով, որ բանակը Զինուորական ատեանին աշխատանքը չի խաչաձեւեր, այլ` կը գործէ ամենայն բծախնդրութեամբ: Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը ... Շարն.


