Category: Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 10, 2012

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կազմ ու պատրաստ են, եւ Լիբանանի կառավարութեան տապալումին պարագային ոչինչ պիտի պատահի, այլեւ` Լիբանանի կացութիւնը հակակշիռի տակ պիտի պահուի: ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ... Շարն.

Բանակը Կը Ձերբակալէ Հասան Մըքտատը Առեւանգուած Թուրք Քաղաքացիին Եւ 4 Սուրիացիներուն Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ

September 8, 2012

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ լսուեցան կրակոցներ, որոնց մասին աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը Ռուէյսի մէջ Մըքտատ եւ Սրուր ընտանիքներու միջեւ հարցի մը լոյսին տակ ձերբակալած է Մըքտատ ... Շարն.

Ռաատ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Յուշագիրը Յարձակողական Է»

Ռաատ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Յուշագիրը Յարձակողական Է»

September 8, 2012

Երեսփոխան Ռաատ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ խորհրդարանին մէջ իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մանսուրը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մանսուրը

September 8, 2012

Նախագահ Սլէյման եւ Մանսուր Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց անոր Մաւրիտանիա կատարած վերջին այցելութեան ... Շարն.

Դատախազ Ապու Ղայտա Ազատ Արձակեց Քուէյխաթի Միջադէպին Հարցով Ձերբակալուած Սպաները

September 8, 2012

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ ազատ արձակեց Քուէյխաթի միջադէպին հարցով ձերբակալուած սպաները: Ազատ արձակումին անմիջապէս յաջորդեց Պիրէի բնակիչներուն կատարած բողոքի ցոյցը, որ սակայն հակակշիռի տակ առնուեցաւ: ... Շարն.

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Լիբանանահայ Երիտասարդութեան Բողոքի Ցոյցին

September 8, 2012

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն կողմէ Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ նախանցեալ օր կատարուած բողոքի ցոյցին անդրադարձած են լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր: «ՏԻԱՐ» «Տիար» օրաթերթը իր թիւին մէջ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 8, 2012

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի այցելեց կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին մէջ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը: Քոնելլի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ տնտեսութեան ... Շարն.

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աշխատավարձերու Յաւելումը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աշխատավարձերու Յաւելումը

September 7, 2012

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախագահական պալատին մէջ   գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Միջազգային Յարաբերութեանց Ֆրանսական Հիմնարկի Պետը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Միջազգային Յարաբերութեանց Ֆրանսական Հիմնարկի Պետը

September 7, 2012

Նախագահ Սլէյման եւ ֆրանսական պատուիրակութիւնը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային յարաբերութեանց ֆրանսական հիմնարկի պետ Թիերի տը Մոնրէալը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի: Հանդիպումին ... Շարն.

Զօր. Աուն Ընդունեց Ուահապն Ու Եաագուպը

September 7, 2012

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք ... Շարն.

Տիմանի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը

Տիմանի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը

September 7, 2012

Ռայի պատրիարքը` Հըզպալլայի պատուիրակութեան եւ Հարես Շեհապի հետ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը`  գլխաւորութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի եւ ... Շարն.

Իսլամ Կրօնաւորներու Համախմբումը Կը Զօրակցի Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

September 7, 2012

Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց դեսպան ... Շարն.

Թարիք Ժտիտէի Մէջ Զինեալ Բախումներ

September 7, 2012

Երէկ երեկոյեան մայրաքաղաք Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին Ֆաքհանի թաղամասին մէջ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին հինգ վիրաւոր: Զինեալ բախումները կասեցնելու նպատակով շրջան ժամանեց լիբանանեան բանակը, որ իսկոյն իր զրահապատներուն համար դիրքեր ... Շարն.

Սայտայի Աղբանոցին Մէջ Բռնկեցաւ Հրդեհ Մը

Սայտայի Աղբանոցին Մէջ Բռնկեցաւ Հրդեհ Մը

September 7, 2012

Երէկ առաւօտեան Սայտայի աղբանոցէն բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ հետզհետէ աւելի մեծցաւ եւ անկարելի եղաւ զայն հակակշիռի տակ առնել հրշէջներուն կողմէ: Հրշէջներուն եւ Սայտայի քաղաքապետութեան օժանդակութեան հասաւ նաեւ բանակը: Շրջանին բնակչութիւնը ... Շարն.

Փարիզի Մէջ Հարիրի – Ժոմպլաթ Հանդիպումէն Ետք

September 7, 2012

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, յայտնեց, թէ ինք Ժոմպլաթի հետ ժամեր շարունակ քննարկած է շարք մը իրադարձութիւններ` աւելցնելով, որ ... Շարն.

Կառավարութիւնը Այսօրուան Նիստին Յետաձգեց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը

Կառավարութիւնը Այսօրուան Նիստին Յետաձգեց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը

September 6, 2012

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, նախագահական պալատին մէջ   գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման ... Շարն.

Վարչապետ Միքաթի Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Տագնապին Լիբանան Փոխադրութենէն

Վարչապետ Միքաթի Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Տագնապին Լիբանան Փոխադրութենէն

September 6, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան այն երկիրներէն է, ուր կրնայ փոխադրուիլ Սուրիոյ տագնապը` քաղաքական, ապահովական եւ աշխարհագրական պատճառներով: Ան կոչ ... Շարն.

Լիբանան Ստանձնեց Արաբական Լիկայի 138-րդ Նստաշրջանի Նախագահութիւնը

Լիբանան Ստանձնեց Արաբական Լիկայի 138-րդ Նստաշրջանի Նախագահութիւնը

September 6, 2012

Արաբական լիկայի նիստէն պահ մը Երէկ Լիբանան ստանձնեց Արաբական Լիկայի 138-րդ նստաշրջանի նախագահութիւնը: Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր ... Շարն.

«Թող Պապին Այցելութիւնը Ըլլայ Կրօններու Միջեւ Երկխօսութիւնը Ամրապնդելու Առիթ Մը» Մաղթեցին Մարոնի Եպիսկոպոսները

«Թող Պապին Այցելութիւնը Ըլլայ Կրօններու Միջեւ Երկխօսութիւնը Ամրապնդելու Առիթ Մը» Մաղթեցին Մարոնի Եպիսկոպոսները

September 6, 2012

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին նիստը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները: Մարոնի ... Շարն.

Ապպաս Իպրահիմ – Զօր. Սերրա Հանդիպում

Ապպաս Իպրահիմ – Զօր. Սերրա Հանդիպում

September 6, 2012

Զօրավարներ Իպրահիմ եւ Սերրա Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ... Շարն.