Category: Լիբանանեան
Ժետտայի Մէջ Վարչապետ Միքաթի – Ապու Մազեն Հանդիպում
Պաղեստինեան «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի (Ապու Մազեն) հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները, ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Քննարկեց Կիպրոս Կատարելիք Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները
Սապունճեան, Մաւրոմմաթիս եւ Ճիկերճեան Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան առեւտրական կցորդ Կարապետ Ճիկերճեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ սեպտեմբերի ... Շարն.
Պըրրի Սալամէի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը
Սալամէ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը: Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Եթէ Հըզպալլա Լիբանանին Տիրէ, Ապա Միջին Ուղղութեան Տեղ Պիտի Չմնայ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակից ուժերը տիրեն Լիբանանին, ապա միջին ուղղութեան տեղ պիտի չմնայ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ չէ ... Շարն.
Ժեմայէլ. «Լիբանան Կը Գտնուի Զգայուն Եւ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ»
Ժեմայէլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ իրենց մօտ կան տուեալներ, որոնց համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ահաբեկչական բջիջը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Խմբագիրներու ... Շարն.
Միշել Սըմահա Կ՛ամբաստանուի Զինեալ Աւազակախումբ Մը Կազմելու Յանցանքով
Սըմահային զօրակցող ցոյցին մասնակիցները Նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարը անցեալ շաբաթավերջին փոխանցուեցաւ Զինուորական ատեան, որուն մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի օգնական դատախազ Սամի Սատեր նախկին նախարար Սըմահան եւ սուրիական բանակի բարձրաստիճան զինուորականներէն ... Շարն.
Սլէյման Ռիֆիի Եւ Հասանի Հետ Քննարկեց Սըմահայի Հարցով Հետաքննութեան Մանրամասնութիւնները
Նախագահ Սլէյման` զօր. Ռիֆիի եւ Ուիսամ Հասանի հետ հանդիպման ընթացքին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ նախորդ քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած կացութիւնը վախազդու էր եւ մտահոգիչ` ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Շարունակել «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Մութ Կարգախօսով»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Շուֆի մէջ սարքուած ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարելի չէ «բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» մութ կարգախօսին հիման վրայ շարունակել այս մութ քաղաքական դաշինքը` ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեց Պետական Քննութիւններուն Յաջողած Աշակերտները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին շնորհաւորեց պետական քննութիւններուն յաջողած լիբանանցի բոլոր աշակերտները` անոնց մաղթելով մնայուն յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ, լեցուն` առողջութեամբ, գիտութեամբ եւ յառաջդիմութեամբ: Վարչապետը գնահատեց նաեւ աշակերտներուն համբերութիւնը եւ ... Շարն.
Ռաատ. «Քաղաքական Որոշ Ուժեր Դիմադրութեան Դէմ Դաւադրութիւններ Կը Նիւթեն»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր պատրաստ վիճակով եւ կարողութիւններով միակ արգելքն է` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործելիք հաւանական որեւէ ներխուժումին կամ սանձազերծելիք պատերազմին: Ռաատ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Այսօր Կ՛այցելէ Աքքար
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան կը սկսի Աքքար կատարելիք իր հովուապետական այցելութիւնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 16 օգոստոս: Այս առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Ռայի պատրիարքին ... Շարն.
«Իբրեւ Լիբանանցիներ Մեր Ճակատագիրն Է Երկխօսութիւն Կատարել» Ընդգծեց Ալի Հասան Խալիլ
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն ճակատագիրն է երկխօսութիւն կատարելը` զարմանք յայտնելով, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը մերժեն վերատեսութեան ենթարկել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ ինը ժամ շարունակ թռիչքներ գործեց Նաքուրայի վերեւ: ԿԱԹՈՂԻԿԷ տեղեկատուութեան կեդրոնի նախագահ ... Շարն.
Միշել Սըմահայի Ձերբակալումը Շարունակեց Առանցքը Կազմել Օրուան Գլխաւոր Լուրերուն
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղին Բոլոր լիբանանցիները եւ տեղական թէ մերձակայ երկիրներու պատկան կողմերը շշմեցուցած` Միշել Սըմահայի ձերբակալման լուրը երէկ շարունակեց առանցքը կազմել տեղական թէ արաբական գլխաւոր լուրերուն: Նախկին ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյ անակնկալօրէն այցելեց Մուխթարա, ուր ընթրիքի հիւրը եղաւ Ազգային պայքարի ճակատի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի: Քաղաքական ընդհանուր իրադրութեան վրայ կեդրոնացած երկու ժամուան այս հանդիպումին ... Շարն.
Եռամսեայ Ապարդիւն Ճիգերէն Յուսահատ Սուրիոյ Մէջ Առեւանգեալ Լիբանանցիներու Ծնողները Պահանջեցին Յանձնախումբ Կազմել
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարի պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեց իրաւական յանձնախումբ մը կազմել` հետապնդելու համար Սուրիոյ Ազազ շրջանին մէջ առեւանգեալ 11 լիբանանցիներու ազատ արձակման ճիգերը: ... Շարն.
Պասիլ Եւ Քանաան Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին
«Համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքի սկզբունքին շուրջ համաձայն գտնուեցան հանրապետութեան նախագահը, Պքերքէ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մաս կազմող քրիստոնեայ եւ իսլամ պլոքները» յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարար Ժըպրան ... Շարն.
Բողոքելով Ելեկտրական Հոսանքի Մնայուն Ընդհատումին Դէմ` Խանտաք Ղամիքի Բնակիչներ Փակեցին Ռինկի Կամուրջը
Մոթորսիքլեթներու վրայ երիտասարդներ կը փակեն Ռինկի կամուրջը Խանտաք Ղամիքի շրջանէն խումբ մը երիտասարդներ երէկ անիւներ հրկիզելով փակեցին Էշրեֆիէն (նախկին արեւմտեան) Պէյրութին կապող Ռինկի կամուրջը` իբրեւ բողոք ելեկտրականութեան հոսանքի յաճախակի ընդհատումին ... Շարն.
Աքքարի Մէջ Աքրում Գիւղին Եւ Ժաաֆար Ընտանիքին Միջեւ Բախումները Վերսկսան
Երկու հոգի վիրաւորուեցան եւ Քըպէյաթի հիւանդանոց փոխադրուեցան երէկ երեկոյ, երբ բախումները վերսկսան հիւսիսի Աքքարի շրջանի Աքրումի գիւղին եւ Ժաաֆար ընտանիքին միջեւ: Լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը ուղղուեցաւ հիւսիսի սահմանային այդ հեռաւոր ... Շարն.



