Category: Լիբանանեան
Սլէյման. «Լիբանանի Մէջ Մասնակի Բարգաւաճումը Երկրին Ապահովական Կայունութեան Չի Նպաստեր»
Նախագահ Սլէյման իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց «Առաւել աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան ազգային արշաւ»-ի առաջին հանգրուանի յայտարարութեան, որուն ընթացքին հաստատեց, որ պահանջատիրական շարժումի այս հանգրուանին ... Շարն.
Զօր. Աուն. «2013-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը Խորհրդարանին Յանձնելու Ժամկէտը Յարգելը Անհրաժեշտ Է»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքին ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Ընդունեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը
Նախարար Սապունճեան եւ Սալամէ Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց դրամատնային մարզի ֆինանսաւորումին բարելաւման կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սապունճեան ողջունեց ... Շարն.
«Մենք Չենք Ուզեր Լիբանանի Իշխող Համայնքը Ըլլալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Նասրալլա Դիմադրութեան զօրակցող կիներուն կ՛ուղղէ իր պատկերասփռուած պատգամը Դիմադրութեան զօրակցող կիներու խորհուրդներուն կազմակերպած իֆթարին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի համար ... Շարն.
Ասիրի Կը Շարունակէ Զգուշացնել Սէուտցիները Լիբանան Այցելելէ
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական պայմանները կ՛ենթադրեն, որ Ռիատի կողմէ կատարուած զգուշացումները` Լիբանան չճամբորդելու իմաստով, հաշուի ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել: Նիստին ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան ... Շարն.
Թանգարանի Արդարութեան Պալատին Հինգերորդ Յարկը Կը Հրկիզուի
Երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Թանգարանի Արդարութեան պալատին հինգերորդ յարկին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ պատճառեց 4 վիրաւորներ, որոնց շարքին էր նաեւ արդարութեան նախարարութեան տնօրէն Օմար Նաթուր, որ իսկոյն փոխադրուեցաւ «Օթել ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր յայտնեց, որ Պըրն մտահոգ է Սուրիոյ իրադարձութիւններով եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութենէն: Ան Զուիցերիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն: ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ... Շարն.
«Մենք Սուրիոյ Մէջ Մտահոգ Ենք Անորոշութենէն Եւ Բաժանումէն» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, սուրիահայութեան իրականութեան, Լիբանանի քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ ... Շարն.
Պէյթէտտինի Մէջ Կառավարութիւնը Այսօր Կը Շարունակէ Քննարկել Ընտրական Օրէնքը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի դռնփակ հանդիպումի ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Փակեցին Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ճամբան
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` իբրեւ բողոք լիբանանեան պետութեան կողմէ իրենց հարազատներուն թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ նաեւ, որ անոնք ... Շարն.
Ժալիլի Ընդգծեց Լիբանանի Կարեւորութիւնը` Շրջանին Ապահովական Կայունութեան Իմաստով
Նախագահ Սլէյման եւ Ժալիլի Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ Դեսպանը
Սպանիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «ով որ աւելի լաւ կառավարական կազմ մը ունի թող ներկայացնէ եւ ես ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Ազգային Երկխօսութեան Յաջորդ Նիստին Պիտի Մասնակցիմ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք 16 օգոստոսին տեղի ունենալիք երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցի: Ժոմպլաթ վերահաստատեց 14 սուրիացի քաղաքացիներու արտայանձնումի որոշումին իր դատապարտումը` յայտնելով, որ ընդհանուր ... Շարն.
Քոնելլի. «Այնքան Ատեն Որ Պաշշար Ասատ Իշխանութեան Վրայ Է` Լիբանանի Սահմաններուն Վրայ Բռնարարքները Պիտի Շարունակուին»
Քոնելլի եւ Սինիորա Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հզօր յարաբերութիւն կայ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով սուրիական բանակը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայացնէ Լիբանանը` Մեքքէի մէջ տեղի ունենալիք իսլամական միասնականութեան արտակարգ խորհրդաժողովին, որուն հրաւիրած է Սէուտական Արաբիա: Այս խորհրդաժողովին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել ... Շարն.
Շարպել Կ՛ուղղուի Եամմունէ Եւ Ցուցարարներէն Կը Խնդրէ Բանալ Ճամբաները
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ ուղղուեցաւ Եամմունէ, որուն մզկիթներէն մէկուն մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է Եամմունէի բնակիչներուն եւ ցուցարարներուն հետ, որոնք կը ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդգծեց Թաէֆի Համաձայնագիրին Գործադրութիւնը
Նախագահ Սլէյման` Շուֆի նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն հետ հանդիպումին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցը, ուր ընդունեց Շուֆի երեսփոխանները, որոնց ներկայութեան շեշտեց Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը: ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Սարակներուն Մէկ Պատուիրակութիւնը
Պըրրի` սարակներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի աշխատաւորական հարցերու պատասխանատու Ալի Ապտալլայի եւ հանրային ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Կը Շեշտէ, Թէ Ինք Կառավարութեան Յանձնառու Չէ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի ապագային նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք հանգիստ կը զգայ Սայտայի նստացոյցին աւարտով, ուսուցիչներուն կողմէ ... Շարն.



