Category: Լիբանանեան
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ԲԱԽՈՂ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆԼՈՅԾ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի եւ ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԺԺԱՐՆ ՈՒ ՖԸՐԶԼԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ ... Շարն.
«ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ՄԵՐ ԵՒ ՊԱՐՈՒՏԻ ՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՐՑԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՉԱՐԱՉԱՐ ԿԸ ՍԽԱԼԻՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակողը ինք կամ համախմբումին պահանջները չեն: Ան ... Շարն.
ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ հրաժարեալ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Հըզպալլայի ... Շարն.
ՇԱՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԵՒ ՍԱԼԵՀԻԻ ՀԵՏ
Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի, որ Նեւրուզի տօնին առիթով կը գտնուի Թեհրանի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
ՊԵՔԱԱՅԻ ԵՒ ՄԱԺՏԱԼ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ
Արեւմտեան Պեքաայի եւ Մաժտալ Այնճարի մէջ ապահովութեան ուժերը երէկ շարունակեցին 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքը: Այս ծիրին մէջ բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ներխուժումներ գործեցին, սակայն չկրցան բացայայտել զբօսաշրջիկներուն ... Շարն.
«ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԵԺԻՊ ՄԻՔԱԹԻ ՊԷՏՔ Է ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ Ի ԳՈՐԾ ԴՆԷ» «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱՀԱՊ
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ «Վանայ Ձայն»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնէ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ... Շարն.
«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒՈՂ ԴԱՒԵՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԹԱԼԱԼ ԱՐՍԼԱՆ
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Խալտէի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, թէ ինք կը հասկնայ, որ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ երկիրներ շահեր ունին, սակայն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ապակայուն մթնոլորտը երկրին մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի տնտեսական եւ քաղաքական ապակայունութեան, որովհետեւ արդէն իսկ երկրին մէջ սկսած ... Շարն.
7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ . ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայթ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար Պեքաայի մէջ ... Շարն.
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԶԱՀԼԷԻ ՊԱՅԹՈՒՄԸ
Հայկական երեսփոխանական պոլքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զահլէի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ եւ բուռն կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Զահլէի մէջ ասորի ուղղափառ ... Շարն.
«ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՔ Կ՛ՈՐՈՇԷ ԻՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ, ԻՍԿ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, Զահլէի մէջ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ
Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտ 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ դեսպանները: Հայաստանի դեսպանը Աշոտ Քոչարեան եկած էր վեհափառէն իմանալու Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք ... Շարն.
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը խստիւ կը դատապարտէ կիրակի առաւօտ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ռմբահարման անարգ ոճիրը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ ասորի ուղղափառ համայնքի զաւակներուն ու ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ: Նախագահական պալատի այցելուներէն ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐՆ ՈՒ ՄԱԽԶՈՒՄԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան պետական նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Պըրրիի այցելեց ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ «ԻՆԹԸՐՍԻՄ»Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ «Հապթուր» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի մէջ աւազի եւ սիմենթի արտադրութեան ու շուկայադրման «Ինթըրսիմ» ընկերութեան համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, Սիմենթի ... Շարն.
ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՍԼԷՅՄԱՆԸ ԵՒ ՊԸՐՐԻՆ
Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի երէկ Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ` Նեւրուզի տօնին տօնակատարութեան, իրանեան նոր տարուան` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ... Շարն.
ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀՅԴ ԱԿՈՒՄԲ
Ուրբաթ, 25 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք Թրիփոլիի ՀՅԴ ակումբ այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի զաւակը` Ֆայսալ Քարամէ, որ բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան եւ յատկապէս շրջանի հայութեան դրական եւ օրինակելի մասնակցութիւնը զանազան ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼՈՒ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորութիւններ` իր գահակալման արարողութեան առիթով: Ռայի պատրիարքը Իքլիմ Խարրուպէն Պքերքէ ժամանած զինք շնորհաւորող պատուիրակութեան ներկայութեան շեշտեց հոգեւոր եւ ընկերային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` կերտել կարենալու ... Շարն.

