Category: Լիբանանեան
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Միշել Աունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Րաֆֆի Աշգարեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ ... Շարն.
Հարիրի Վերադարձաւ Պէյրութ
Երեք տարուան բացակայութենէ ետք, նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ վերադարձաւ Պէյրութ: Ապահովական պատճառներով Լիբանանէն հեռացած Հարիրիի պաշտօնական այս վերադարձը անակնկալի մատնեց լիբանանցիները: Հարիրի այցելեց Մոհամետ Ամին ... Շարն.
Զօր. Աուն Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-սուրիական փոխադարձ գործակցութեան ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը
Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումէն ... Շարն.
Կրթութեան Նախարարը Առիթ Կու Տայ Ուսուցիչներուն Սրբագրելու Պետական Քննութիւնները, Այլապէս Կը Խոստանայ Վկայագիրներ Յանձնել Աշակերտներուն
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ կրթութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք դարձեալ առիթ կ՛ուզէ տալ ուսուցիչներուն` սրբագրելու պետական քննութիւնները, այլապէս ... Շարն.
Ա. Նազարեան Քարիւղի Պեղման Աճուրդը Վեց Ամիսով Յետաձգեց
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ կատարուելիք քարիւղի եւ բնական կազի պեղման աճուրդը 14 օգոստոս 2014-էն վեց ամիսով յետաձգեց: Շարն.
Ժեմայէլ – Ասիրի Հանդիպում
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Արսալի կացութիւնն ու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Արսալի մէջ բանակին արձանագրած յաղթանակը անոր նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդած է եւ փաստած, որ բանակը ազգային միասնականութեան բանալին է: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Ապտել Ռահիմ Մրատի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկեր Յակոբ Խաչերեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: ... Շարն.
Բանակին Կողմէ Վեցօրեայ Երկաթեայ Հարուածներէ Ետք Տահեշ-Ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալները Դատարկեցին Արսալը
Ամբողջ գիշեր լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած բախումներէն ետք, երէկ Արսալ գիւղաքաղաքը դատարկուեցաւ վերոնշեալ ահաբեկիչներէն` անորոշ ձգելով լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն առեւանգուած զինուորներուն ... Շարն.
Տիմանի Մէջ . Արեւելքի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Վտանգի Փողեր Հնչեցուցին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով երէկ Տիմանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանին եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան ... Շարն.
Կառավարութիւնը Երկրին Ապահովական Կառոյցներուն Պետերուն Ներկայութեան Գումարեց Իր Նիստը
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին ապահովական կառոյցներուն պետերը, որոնք կառավարութիւնը տեղեակ պահեցին երկրին ապահովական վիճակին, ... Շարն.
Այն Թինէի Մէջ . «Սուրիոյ Եւ Իրաքի Պատահարներուն Դէպի Լիբանան Ընդլայնումը Վտանգաւոր Է» Ըսաւ Ամին Ժեմայէլ
Ժեմայէլ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան ... Շարն.
Զօր. Աուն – Ասիրի Հանդիպում
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, ... Շարն.
Սլէյման Ցաւակցութիւն Յայտնեց Նահատակ Սպաներուն Ընտանիքներուն
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ «Պիել»-ի մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ գնդապետ Նուրէտտին Ժամալի ընտանիքին, ապա ուղղուեցաւ Պատարօ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ գնդապետ Տանի Հարպի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ այցելեց Ժտէյտէի ... Շարն.
Ժոմպլաթ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանները
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ... Շարն.
Հակառակ Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդին Ջանքերուն` Արսալի Մէջ Բախումները Սաստկացան
Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր Արսալի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած, իսկ բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները աւելի եւս կը սաստկանան: Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը ամէն ջանք ի ... Շարն.
Զօր. Աուն – Ժոմպլաթ Հանդիպում
Ժոմպլաթ եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային ... Շարն.
Սալամ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ
Ալի Հասան Խալիլ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութեան համար: Ան հաստատեց, որ Ռիատի կողմէ ... Շարն.
Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Դեսպան Քոչարեան եւ վարչապետ Սալամ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Ա. Քոչարեան Սալամին յանձնեց Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը` ... Շարն.

