Category: Լիբանանեան
Ժոմպլաթ. «Հանրի Հըլուի Թեկնածութեան Կառչած Կը Մնանք»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր այն լուրերը, թէ կուսակցութիւնը յետս պիտի կոչէ երեսփոխան Հանրի Հըլուի նախագահական թեկնածութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան խիստ ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Իրանի Դեսպանը Եւ Զինուորական Կցորդը
Զօր. Քահուաժի` իրանեան դեսպանատան պատուիրակութեան հետ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ զօր. ... Շարն.
Սլէյման. «Անհրաժեշտ Է Կառավարութեան Շուրջ Համախմբուիլ Եւ Դիւրացնել Հաստատութիւններուն Աշխատանքը»
Զօր. Սլէյման եւ դեսպան Ասիրի Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս ... Շարն.
Մուսթաքպալ Պլոքը Կտրականապէս Կը Մերժէ Իսրայէլի Դէմ Հրթիռ Արձակելու Համար Լիբանանի Օգտագործումը
Պլոքի նիստէն պահ մը Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու Արաբական լիկան պէտք է ամէն ջանք ի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի մտավախութիւն յայտնեց ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքին ստացած ընթացքէն` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուի: «ՆԱՀԱՐ» ... Շարն.
Պըրրի Քանաանի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Հարցերը
Քանաան եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի պատրաստութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանն ու ... Շարն.
Սլէյման Միքաթիի Հետ Քննարկեց Երկրին Հարցերը
Սլէյման եւ Միքաթի Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները: ... Շարն.
Վարչապետարանին Մէջ. «Ոչ Մէկ Քաղաքական Ուժ Նպատակադրած Է Խանգարել Կառավարութեան Աշխատանքը» Շեշտեց Ապու Ֆաուր
Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան աշխատանքին կապուած հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ապու ... Շարն.
Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք համախմբումի անդամ Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականները պէտք է կոչել սուրիացի եկուորներ` նշելով, որ գաղթականութիւն կամ ... Շարն.
Պասիլ Պրազիլէն Վերադարձաւ Լիբանան
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելով Պրազիլ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ֆրանսական Ցամաքային Ուժերու Հրամանատարը
Լիբանանեան - ֆրանսական զինուորական բարձր մակարդակի հանդիպումէն պահ մը Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ֆրանսական ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Պերթրան Մատոն` ներկայութեամբ Լիբանանի ... Շարն.
Երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի Կ՛այցելէ Աուտէ Եպիսկոպոսին
Մաժտալանի եւ Աուտէ եպիսկոպոսը Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաժտալանի յայտնեց, որ նախագահական ... Շարն.
Հաժ Հասան. «Պէտք Է Ամրապնդել Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները»
Հաժ Հասան եւ Իրանի դեսպանը Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: ... Շարն.
Կէս Գիշերին Իսրայէլ Ռմբակոծեց Հարաւային Լիբանանը
Ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ տիրած զգուշաւոր հանդարտութենէն եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատներուն խիստ հսկողութենէն ետք, գիշերուան ժամը 10:30-ին, հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրի ... Շարն.
Ռիֆի. «Ռումիէի Բանտին Ապահովութեամբ Պէտք Չէ Մտահոգուիլ»
Ռիֆի` Պաապտայի արդարութեան պալատին մէջ Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեց Պաապտայի Արդարութեան պալատը, ուր հետեւեցաւ պալատին աշխատանքներուն եւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքային հոլովոյթին: Ռիֆի յայտնեց, որ լիբանանցիները հսկայ սխալ մը ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Ապու Սաապի Հետ Քննարկեց Կրթութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր
Ապու Սաապ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ ... Շարն.
Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Հարցերը
Ղանեմ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան եւ վարչական հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական շարք մը հարցեր: Պըրրի ... Շարն.
Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Հողերէն Հրթիռարձակում Կատարողներուն Հետ Խիստ Վերաբերելու
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է զգուշ վարուի` նկատի ունենալով Իրաքի, Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, որպէսզի անոնց հետեւանքները չկրէ: ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Իսրայէլի Պատերազմները Պետական Ահաբեկչութենէ Բացի Ոչինչ Կրցան Իրագործել»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները Համասի հետ ոչ մէկ կապ ունին, այլ` ուղղակիօրէն թիրախ կը դարձնեն պաղեստինցիները, որ շուրջ դարէ մը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանին եւ լիբանանցիին ապահովութեան համար ապահովական ցանց մը երաշխաւորել: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ... Շարն.

