Category: Միջազգային
Վեց Տարուան Ընդմիջումէն Ետք. «Էրոֆլոթ»-ը Վերսկսած Է Մոսկուա-Թիֆլիս Թռիչքները
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թիֆլիսի օդակայանի լրատուական ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ ռուսական «Էրոֆլոթ» օդանաւային ընկերութիւնը վերսկսած է ուղիղ թռիչքները Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի միջեւ: 27 հոկտեմբերի լոյս գիշերը ընկերութեան պատկանող ... Շարն.
Քիւրտերը Արաբ Բունարի Արեւելքը Տարածքներու Կը Վերատիրանան
Արաբ Բունարի արեւելեան ճակատին վրայ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները վերստին ծագեցան: Քիւրտերը կրցան քաղաքին արեւելքը գտնուող տարածքներու վերատիրանալ եւ յաջողեցան ՏԱՀԵՇ-ը վտարել Թել Շահիրի ... Շարն.
Ըստ Ուքրանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքներու. Փորոշենքօ Եւ Եացենիուք Կ’ուղղուին Դէպի Համախոհական Կառավարութեան Կազմութիւն
Ուքրանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու 50,08 առ հարիւրի արդիւնքներուն հիմամբ վարչապետ Արսենի Եացենիուքի Ժողովուրդի ճակատ կուսակցութիւնը կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ եւ հաւաքած է քուէներու 21,61 առ հարիւրը, իսկ նախագահ Փիոթըր ... Շարն.
Վենիզելոս. «Թուրքիան Պիտի Չմտնէ Եւրոպական Միութիւն, Եթէ Չճանչնայ Կիպրոսը»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Եւանկելոս Վենիզելոս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարային յստակ ազդանշան ուղարկած է. Թուրքիան պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, եւ եթէ ... Շարն.
Ուքրանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Արեւմտամէտները Կ՛ուղղուին Դէպի Յաղթանակ
Ըստ ընտրողներու մօտ կատարուած հարցախոյզներուն, արեւմտամէտները պիտի ապահովեն Ուքրանիոյ խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի պլոքը ըլլայ մեծագոյնը, իսկ վարչապետ Արսենի Եացենիուքի Ժողովուրդի ճակատ կուսակցութիւնը` 2-րդ մեծագոյնը: ... Շարն.
Թուրքիոյ Հետ Առկախ Մնացած Թեքնիք Հարցեր Արգելք Կը Հանդիսանան Փեշմերկաներու Արաբ Բունար Ուղղուելուն
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան մէջ փեշմերկաներու հարցերու նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ տակաւին առկախ մնացած թեքնիք հարցեր պատճառ կը դառնան, որ փեշմերկաներու ուժը հիւսիսային Իրաքէն Արաբ Բունար չուղղուի: ... Շարն.
Բրիտանիա Պաշտօնապէս Աւարտած Է Աֆղանիստանի Պատերազմը
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա երէկ պաշտօնապէս աւարտած է Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը: Այդ երկրին մէջ Բրիտանիոյ վերջին ռազմակայանին մէջ վար առնուած է Բրիտանիոյ դրօշը, իսկ ռազմակայանին հսկողութիւնը փոխանցուած է աֆղանական ... Շարն.
Ամերիկեան «Պոյինկ» Ընկերութիւնը Օդանաւերու Նորոգութեան Առնչուած Սարքեր Ծախած Է Իրանին
Ամերիկեան «Պոյինկ» ընկերութիւնը Նիւ Եորքի սակարանին ուղղուած փաստաթուղթի մը մէջ յայտարարեց, որ օդանաւերու նորոգութեան առնչուած սարքեր ծախած է Իրանին: Օդանաւեր արտադրող ընկերութիւնը յայտնեց, որ իրանեան «Իրան Էր» օդանաւային ընկերութեան ծախած ... Շարն.
Փեշմերկաներ Մօտ Օրէն Արաբ Բունարի Մէջ
Քրտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Փեշմերկաները յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին պիտի հասնին Արաբ Բունար եւ այդ ուժը պիտի գործէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութեան տակ: Թուրքիոյ նախագահ ... Շարն.
Ուաշինկթըն Օդուժի Զօրակայան Կը Ստեղծէ Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով իրաքեան «Պաս Նիուզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ ձեռնամուխ եղած են հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլէն 50 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող «Հարիր» օդակայանին մէջ ... Շարն.
Քիւրտերը Ետ Կը Մղեն Արաբ Բունարի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը
Արաբ Բունարի արեւելեան մուտքին քիւրտ զինեալներու եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու միջեւ բուռն բախումներ ծագեցան: Քրտական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը ետ մղած են ՏԱՀԵՇ-ի` քաղաքին դէմ երկու առանցքով կատարած ... Շարն.
Չիքունկունիա Ժահրը Արագօրէն Կը Տարածուի Կեդրոնական Ամերիկայի Մէջ
«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ կը տարածուի չիքունկունիա վարակը: Վտանգաւոր ժահրով վարակուելու դէպքերու զգալի աճ արձանագրուած է Սալվատորի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի եւ Քոսթա Ռիքայի մէջ: Ամէնէն լարուած իրավիճակը ... Շարն.
Արաբունարի Մէջ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին
Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն օդանաւերը ռմբակոծեցին ՏԱՀԵՇ-ի` Արաբունարի արեւելքը գտնուող մէկ դիրքը: Մինչ այդ, Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ մասնաւորաբար քաղաքի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ կատաղի բախումներ ... Շարն.
ՄԱԿ ՏԱՀԵՇ-ը Մեղադրած Է Իրաքի Եզիտիները Ցեղասպանութեան Ենթարկելու Փորձի Համար
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ ՏԱՀԵՇ-ը մեղադրած է Իրաքի եզիտիները ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձ կատարելու համար: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` մարդկային իրաւանց հարցով տեղակալ Իվան Սիմոնովիչ Իրաքի հիւսիսային շրջաններէն վերադառնալէ ետք ... Շարն.
Հրացանաձգութիւն Օթաուայի Մէջ
Երէկ Քանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւններու շարք մը, որուն ընթացքին զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ արձանագրուեցան վիրաւորներ: Դէպքը պատահեցաւ Քանատայի կողմէ ահաբեկչական սպառնալիքի հաւանականութեան մակարդակի բարձրացումէն ժամեր ետք: Նշենք, ... Շարն.
«Փութին Պատրաստ Է Հանդիպելու Վրաստանի Նախագահին» Կ՛ըսէ Փեսքով
Տմիթրի Փեսքով Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է հանդիպելու Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի: «Վրացական կողմէն պէտք է համապատասխան քաղաքական ... Շարն.
Մելիա. «Միացեալ Նահանգներ Կարծր Բանակցութիւններ Կը Վարեն Ազրպէյճանի Հետ»
Թոմաս Մելիա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Թոմաս Մելիա «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ իր ներկայացուցած կառոյցը «Ազրպէյճանի հետ կարծր բանակցութիւններ կը վարէ արտասահմանեան ... Շարն.
Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը ՏԱՀԵՇ-ն Ու Զայն Պաշտպանողները Կը Զգուշացնէ Քիւրտերու Վրէժխնդրութենէն
Ապատի եւ Ռուհանի Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասան Ֆէյրուզ Ապատի յայտնեց, որ իսլամութեան թշնամիները դժուար խաղ մը սկսած են եւ պէտք է պատրաստուին շատ խիստ պատիժի` զգուշացնելով զայրոյթէն քիւրտ ... Շարն.
Ուաշինկթըն. «Ըստ Ամերիկեան Օրէնքի, Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութիւնը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Մը Չէ. Թուրքիա Պէտք Է Անոր Աջակցութիւն Տրամադրէ»
Մարի Հարֆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ 20 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ըստ ամերիկեան օրէնքին, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, հակառակ ... Շարն.
Ֆրանչիսկոս Պապը Թուրքիա Իր Այցելութեան Ընթացքին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Էրտողանի Եւ Բարթողիմէոս Պատրիարքին Հետ
Ֆրանչիսկոս պապը «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը նոյեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպի երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսի ... Շարն.

