Category: Միջազգային

Պաքու Պատասխանած Է Թեհրանի Բողոքագիրին

February 25, 2012

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Թեհրանի կողմէ Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին յանձնուած բողոքագիրին, որուն մէջ Թեհրան Պաքուն մեղադրած էր իրանցի հիւլէական ուժանիւթի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ըլլալու համար: «Հաշուի առնելով, ... Շարն.

Ռուսիոյ Նախագահական Թեկնածուները Չեն Ստորագրեր Փութինի Համաձայնագիրը

Ռուսիոյ Նախագահական Թեկնածուները Չեն Ստորագրեր Փութինի Համաձայնագիրը

February 25, 2012

«Gazeta.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահական թեկնածուներ` Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով, ընկերվարականներու ղեկավար Սերկէյ Միրոնով, Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի եւ միլիառատէր Միխայիլ Փրոխորով մտադիր չեն Վլատիմիր Փութինի ... Շարն.

Ալիեւ Ընդունած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

February 25, 2012

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Նայիմ Շահին հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին ընթացքին թուրք նախարարը նախ Ալիեւին փոխանցած է ... Շարն.

Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն 100 Կործանիչ Պիտի Գնէ

February 24, 2012

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտարարած է, որ Թուրքիա մինչեւ 2015 Միացեալ Նահանգներէն պիտի գնէ 100 «Էֆ-35» տիպի կործանիչ: Այս սպառազինութեան համար Թուրքիա պիտի վճարէ շուրջ 16 միլիառ տոլար: Իւրաքանչիւր ... Շարն.

Լիբանանէն Եւ Ռուսիայէն Ետք` Չինաստան Եւս Չի Մասնակցիր Այսօր Թունուզի Մէջ Տեղի Կ՛Ունենայ «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովը

Լիբանանէն Եւ Ռուսիայէն Ետք` Չինաստան Եւս Չի Մասնակցիր Այսօր Թունուզի Մէջ Տեղի Կ՛Ունենայ «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովը

February 24, 2012

Այսօր Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին արաբական եւ օտար բազմաթիւ երկիրներ: Մինչ Լիբանան յայտարարեց, որ մեկնելով իր հաստատ կեցուածքէն, «ինքզինք զանց կը կացուցէ» խորհրդաժողովի մասնակցութենէն, ... Շարն.

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Տերսիմի Ջարդերը Ուսումնասիրելու Համար Ենթայանձնախումբ Ստեղծուած Է

February 24, 2012

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 1937-1938-ին Տերսիմի շրջանին մէջ մեծամասնութեամբ քիւրտերու դէմ կատարուած ջարդերը ուսումնասիրելու նպատակով ենթայանձնախումբ ստեղծուած է: Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը գրէ, որ ենթայանձնախումբը պահանջած է ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով պետական ... Շարն.

Մոսկուայի Մէջ Փութինի Զօրակցող Մեծ Ցոյց

Մոսկուայի Մէջ Փութինի Զօրակցող Մեծ Ցոյց

February 24, 2012

Մոսկուայի կեդրոնին մէջ երէկ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածութեան: Անոնք փուչիկներով, դրօշներով եւ «Մեր քուէն Փութինին է», «Փութինն է մեր նախագահը» ցուցապաստառներով ... Շարն.

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հարաւային Կովկաս Պիտի Այցելէ

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հարաւային Կովկաս Պիտի Այցելէ

February 24, 2012

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր կը ծրագրէ ապրիլի սկիզբը Հարաւային Կովկաս այցելել: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի այցելութեան յստակ թուականը ճշդելու: «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան հետ ... Շարն.

ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ «ՄԱՆԱՍ» ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻԼ

February 23, 2012

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու պարագային չի բացառուիր այն տարբերակը, որ Խըրխըզիստանի մէջ գտնուող ամերիկեան «Մանաս» ռազմակայանը օգտագործուի: «Չի բացառուիր, որ Իրանի հետ հաւանական տագնապի ... Շարն.

ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՎԵԹՈՅԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐ

ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՎԵԹՈՅԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐ

February 23, 2012

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ «Մոսկուա որոշ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին վերաբերող միջազգային կարեւոր որոշումներ աշխուժ քարոզարշաւներու ազդեցութեան տակ տալը կը մերժէ»` նշելով, որ անոնք «իբրեւ ձեւ եւ խորք ... Շարն.

ԸՍՏ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԱՆՑԱԾ ԵՆ

ԸՍՏ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԱՆՑԱԾ ԵՆ

February 23, 2012

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ Իրան ՄԱԿ-ի քննիչներուն չէ արտօնած այցելել Փարչին զինուորական կարեւորագոյն կառոյցը: «Պի. Պի. Սի.» կը գրէ, որ այսպիսով երկու օր տեւած բանակցութիւնները ապարդիւն ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ «ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»-ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ «ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»-ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

February 22, 2012

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խոստացաւ Ռուսիան եւ Չինաստանը Սուրիոյ հարցով իրենց կեցուածքը փոխելու գծով համոզելու համար դիւանագիտական բոլոր միջոցառումները որդեգրել: Ան նշեց, որ Մոսկուա եւ Փեքին Սուրիոյ ... Շարն.

ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

February 22, 2012

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիի ելեւմուտքի նախարարները երեքշաբթի օր հաստատած են Յունաստանին 130 միլիառ եւրոյի ելեւմտական օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրը: Եւրոպական երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք կազմած են ... Շարն.

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ  ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒՇՔՈՎ

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒՇՔՈՎ

February 21, 2012

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները թիրախ կը դարձնեն սուրիական պետութիւնն ու ընկերութիւնը եւ Սուրիոյ կայունութիւնը ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ

February 21, 2012

Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միխայիլ Լաւոն Լոթեմ ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չէ բացառած Իրանի դէմ զինուորական յարձակումի մը կարելիութիւնը: «Զինուորական բնոյթ կրող Իրանի հիւլէական ... Շարն.

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԼԱԹՎԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

February 21, 2012

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռիկա արհամարհած է իր միջազգային պարտաւորութիւնները` հրաժարելով Ռուսիոյ Հանրային պալատի պատուիրակութեան դէտի կարգավիճակ շնորհել հանրաքուէին, որուն ճամբով ... Շարն.

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԸ ԵՒ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԸ ԵՒ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

February 20, 2012

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքական հարցերով խորհրդական Տամիեն Լորասի շաբաթ օր Ազրպէյճան այցելելով ... Շարն.

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒԱԾ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԶԱՅՆ ՄԱՍՆԱՏԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒԱԾ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԶԱՅՆ ՄԱՍՆԱՏԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

February 20, 2012

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չայ Ժունի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւադրութեան հիմնական նպատակը «զայն մասնատելը, անոր աշխարհաքաղաքական դիրքին վնաս հասցնելն ... Շարն.

«ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՆԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ. ԿԱՆՑ

«ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՆԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ. ԿԱՆՑ

February 20, 2012

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի առաջին եւ երկրորդ կայաններուն հետ անջատ հարցազրոյցներու ընթացքին նշեց, որ «Իսրայէլ իրանեան թղթածրարին շուրջ իր որոշումը առանձին պիտի տայ` նկատի ... Շարն.

ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳՐԱՒԸ ԿԸ ԴՆԷ ԱՅՍՕՐ 130 ՄԻԼԻԱՌ ԵՒՐՕ  ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ

ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳՐԱՒԸ ԿԸ ԴՆԷ ԱՅՍՕՐ 130 ՄԻԼԻԱՌ ԵՒՐՕ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ

February 20, 2012

Յունաստանի նախարարաց խորհուրդը շաբաթ օր որդեգրեց Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ պահանջուած տնտեսական սեղմումի վերջին միջոցառումները: Տնտեսական յաւելեալ սեղմումները մաս կը կազմեն 3.3 միլիառ եւրոյի թղթածրարի մը, որ ... Շարն.