Category: Միջազգային
ԱՐԱՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԶԱՐՄԱՆՔ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եգիպտական «Հայաթ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խիստ զարմանք արտայայտեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական լիկային ուղղած քննադատութեան նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ ... Շարն.
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՑՈՅՑԻ ՄԸ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԵԼՈՎ. «ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ԱՆԿԱՍԿԱԾ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆԵՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ
Երեքշաբթի օր Դամասկոսի համալսարանին մէջ իր արտասանած համապարփակ ճառէն 24 ժամ ետք, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի Օմայատներու հրապարակին վրայ սուրիական վարչակարգին զօրակցող բազմամարդ ցոյցի մը անակնկալ մասնակցութիւն բերելով ... Շարն.
ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԻՐԱՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՄԸ ԱՀԱԲԵԿՈՒԵՑԱՒ
Համալսարանի դասախօս եւ իւրանիոմի հարստացման Նաթանզ կայանին մէջ գործող հիւլէական ուժանիւթի 32-ամեայ գիտնական Մոսթաֆա Ահմատի-Ռոշան եւ այլ անձ մը սպաննուեցան, երբ անծանօթ մը մոթորսիքլեթով անոր ինքնաշարժին մօտենալով կպչուն ական մը ... Շարն.
«ԵՒՐՈՅԻ ՃԳՆԱԺԱՄ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Ըստ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի, եւրոյի ճգնաժամ գոյութիւն չունի: Ան գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ «եւրոպական դրամանիշը տակաւին ուժեղ է` նախ եւ առաջ ... Շարն.
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՃԱՌ ՄԸ ԱՐՏԱՍԱՆԵԼՈՎ` ԱՍԱՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ԲՈՒՌՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵՑ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ կէսօրէ առաջ Դամասկոսի համալսարանին մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն սկիզբը նշեց, որ վերջին տասը ամիսներու իրադարձութիւնները բոլոր սուրիացիներուն համար հայրենասիրութեան քննութիւն մըն են: «Ներկայ պայմանները ... Շարն.
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԴԷՊՔ ՄԸ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ 52-ԱՄԵԱՅ ՅՈՐԴԱՆԱՆՑԻ ՄԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀՐԿԻԶԵՑ
Յորդանանի մէջ աննախադէպ քայլով մը, 52-ամեայ յորդանանցի մը մահացաւ, երբ երեքշաբթի գիշեր կեդրոնական Ամմանի մէջ տնտեսական հարցերու պատճառով ինքզինք հրկիզեց: Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ Ահմետ Մաթարինա ... Շարն.
«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԻՐԱՔԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՎԱՂԱԺԱՄ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումը վաղաժամ էր: Էրտողան Անգարայի մէջ Նորվեկիոյ վարչապետ Եանս Սթոլթենկպերկի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ... Շարն.
«ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՖԵԼԹՄԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթման եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսին ամերիկեան օժանդակութեանց խոստումներու գործադրութեան ուշացումին պատճառը Միացեալ ... Շարն.
«ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ
Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ նախանցեալ օր բացատրած է, թէ ինչո՛ւ ամերիկացիներուն ձեռնտու է, որ իշխանութեան գայ ընդդիմադիր միլիառատէր Պիծինա Իվանիշվիլին: «Եթէ Վրաստան աւելի ... Շարն.
«ԹՈՒՆՈՒԶ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՐԴ ՄԸ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՎԵՍԹԸՐՖԵԼԷ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէ Հիւսիսային Ափրիկէ կատարած իր շրջապտոյտի վերջին հանգրուանին ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքիի հետ: Վեսթըրֆելէ Թունուզ կ՛այցելէր յեղափոխութենէն ետք այդտեղ ստեղծուած կացութեան եւ ... Շարն.
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ
Թրքական օրաթերթերը իրենց երեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ անդրադարձան Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղի ձերբակալման վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեանց, Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալահէտտին Տեմիրթաշի դէմ ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոփոխութիւն կը կատարէ: Ան աշխատանքէ հեռացուցած է Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավար Պիլ Տէյլին: Վերջինիս պիտի փոխարինէ պիւտճէական բաժանմունքի ղեկավար ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՆ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղած է Սուրիոյ վարչակազմին ... Շարն.
ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԼՐՏԵՍՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑ ՄԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ Է
Իրանի հետախուզութեան հարցերով նախարար Հէյտար Մոսլեհի յայտնեց, որ Իրանի մէջ ձերբակալուած են անձեր, որոնց շուրջ Միացեալ Նահանգներու օգտին լրտեսութիւն կատարելու կասկածներ գոյութիւն ունին: Անոնք լրտեսութեան մեղադրանքէն զատ կը մեղադրուին նաեւ ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՒՏՃԷՆ 700 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան պիւտճէն 700 միլիոն տոլարով կը բարձրանայ: Ան անցեալ տարի վստահեցուցած էր, որ այդ պիւտճէն պիտի նուազի, որպէսզի ընկերային ... Շարն.
ԹՈՒՐՔ ՄԱՐՔՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱԿԱՆԱՀԱՐՄԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդյատակեայ Մարքս-լենինեան համայնավար կուսակցութիւնը ստանձնած է 5 յունուարին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Քարթալի շրջանի գրասենեակին դիմաց պայթումի կազմակերպումը: Մարքս-լենինեան համայնավար ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՈՐՈՇԵՑ ԴԷՏԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԱՐԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ
Սուրիոյ հարցով Արաբական նախարարական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ ետք Գահիրէի մէջ քննարկեց Սուրիոյ մէջ տեղակայուած արաբ դէտերու առաջին զեկուցումը, որ ժողովին ներկայացուեցաւ դէտերու պատուիրակութեան սուտանցի ղեկավար Մոհամետ Ահմետ Մուսթաֆա Տապիի կողմէ: ... Շարն.
ԻՐԱՆ – ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄ. ԹԵՀՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՓԱԿԵԼ ՀՈՐՄՈՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ
Իրանեան «Խորասան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ալի Աշրաֆ Նուրի յայտարարած է, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը իրանեան քարիւղի ներածումը արգիլող որոշում որդեգրէ, ապա Իրան պիտի փակէ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱԴԷՊ ՄԸ. ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏ ԶՕՐ. ՊԱՇՊՈՒՂ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԵՑԱՒ, ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Համացանցի օրագիրներու» ամբաստանագիրի հարցով թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղի հարցաքննութիւնն ու ձերբակալումը անկասկած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ անհաւատալի նախադէպ մըն է: Արդարեւ, ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Նիու Հեմփշայր նահանգի Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են նախագահութեան հանրապետական թեկնածուներու բանավէճերը: Նախագահութեան հանրապետական թեկնածուի ընտրութեան Նիու Հեմփշայրի հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելու գլխաւոր թեկնածուները կը նկատուին Փենսիլվանիայէն նախկին ... Շարն.

