Category: Միջազգային
ԸՍՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐՃԱՏԵՍ Է
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Նահիան Իրանին կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու Արաբական ծոցի շրջանին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, «որովհետեւ ներկայ քաղաքականութեան հեռատեսութիւնը կը պակսի»: Ան ըսաւ, ... Շարն.
ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Քազզաֆիի ուժերը երէկ շարունակեցին ռմբակոծել Միսրաթան, հակառակ Արեւմուտքի կողմէ այդ ուժերուն դէմ զինուորական գործողութիւնները աշխուժացնելու սպառնալիքներուն: Ռմբակոծումին պատճառով երեք ըմբոստներ սպաննուեցան եւ 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Չորեքշաբթի օր Միսրաթայի մէջ արձանագրուած ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃՈՂ, ՍԱԿԱՅՆ ԽՈՑԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Միջազգային դրամական ֆոնտի դրամական եւ ելեւմտական յանձնախումբերը 15-17 ապրիլ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կը յայտնեն, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը կը վերականգնուի, սակայն կը շարունակէ մնալ ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ԵՆ
Ամերիկեան-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերը անյայտ պատճառներով յետաձգուած են: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Թերի Տէյվիտսըն այս կապակցութեամբ յայտարարած է, ... Շարն.
«ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ
Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, ազրպէյճանցիները մտադիր չեն Ստեփանակերտի օդակայան ուղղուող քաղաքացիական օդանաւերը վար առնել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԼԻՊԻՈՅ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ
Մինչ շրջափակուած Միսրաթայի մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենային, Ֆրանսա երէկ լիպիացի ըմբոստներուն խոստացաւ, որ պիտի աշխուժացնէ Քազզաֆիի ուժերուն դէմ օդային հարուածները եւ զինուորական կցորդներ պիտի ուղարկէ` օժանդակելու համար ըմբոստներուն: Զինուորական ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ԻՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն Ուաշինկթընի Մամլոյ միջազգային ակումբին մէջ կազմակերպուած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատեն ... Շարն.
ՎՐԱՍՏԱՆ ԻՐ ՏԱՐԱԾՔՈՎ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՏԱՐԱՆՑՈՒՄԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Նինօ Քալանտածէ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ 2008-ին ռուս-վրացական պատերազմին պատճառով Թիֆլիս կը հրաժարի Վրաստանի տարածքով զինուորական բեռներու եւ անձնակազմի տարանցման վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ 31 ... Շարն.
ԱԶՀԱՐԻ ՇԷՅԽԸ ԻՐԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՉՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ
Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայեպ Իրանին կոչ ուղղեց` Պահրէյնի եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող տագնապները նկատելու բացառապէս ներքին հարցեր, որոնց լուծումը շրջանի ... Շարն.
«ՕԹԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՄԵՔԱՆԻԶՄ ԿԸ ՄՇԱԿԷ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ
Վրացական «Ճի. Էյչ. Էն.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն ամփոփելով Պերլինի մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի նախարարներու մակարդակով հանդիպումը ... Շարն.
ՕԹԱՆ-Ի ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏԱՌԵԼԻ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ…
ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի ատենապետ ծովակալ Ճիամփաուլօ Տի Փաոլա երէկ Հռոմի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ թէեւ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւնները լիպիական վարչակարգի ծանր զէնքերուն «նկատառելի վնաս» պատճառած են, սակայն Քազզաֆիի տրամադրութեան տակ գտնուող ... Շարն.
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԵՄԷՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կը պատրաստուի առաջին անգամ ըլլալով քննարկելու Եմէնի տագնապը, որ մուտք գործած է իր երրորդ ամիսը: Դիւանագէտներ կը յայտնեն, որ ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու վարչութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ... Շարն.
ԸՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջին դէպքերու ընթացքը բացայայտած է, թէ սուրիական մէկէ աւելի նահանգներու մէջ տեղի ունեցածները` բանակի եւ ոստիկանութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններու սպանութիւնը եւ ... Շարն.
ԹՐՔԱՄԷՏ ԲԱՆԱՁԵՒ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Վըրճինիա Ֆոքս քննարկման ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ մը, ըստ որուն, «Թուրքիան կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկերներէն ... Շարն.
ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ. ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐԱՆԵԱՆ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարաց խորհուրդը միջազգային ընտանիքին եւ նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու նպատակով այդ երկիրներուն մէջ Իրանի միջամտութիւններն ... Շարն.
ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ 5-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼ ՄԻՍՐԱԹԱՆ
Մինչ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը 5-րդ օրն ըլլալով ռմբակոծեցին իշխանութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշի վերածուած Միսրաթան, նաւ մը հազար օտար աշխատաւորներ եւ լիպիացի վիրաւորներ հեռացուց քաղաքէն: Լիպիոյ երրորդ մեծագոյն ... Շարն.
ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԱՒԱԶԱԿԻ ՆՄԱՆՑՈՒՑԱԾ Է
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ Ֆրանսա կ՛այցելէ` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին մասնակցելու համար, երեքշաբթի օր Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած է ֆրանսաբնակ ... Շարն.
ՓՈՒԹԻՆ ԵՏԻՆԱՅԱ ՌՈՍԻԱՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ԱՌԱՅԺՄ ՉՄՏԱԾԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին իր ղեկավարած Ետինայա Ռոսիա կուսակցութեան անդամներէն խնդրած է «չբորբոքիլ» 2012-ի մարտին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն առիթով, այլ կեդրոնանալ Տումայի մէջ ընթացիկ աշխատանքներուն եւ դեկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵԼԻ ԵՂԱԾԻՆ ՉԱՓ ՇՈՒՏ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Լիպիոյ ակնարկելով յայտնեց, որ արտաքին զինուորական որեւէ միջամտութիւն կարելի չէ մարդասիրական ազդակով արդարացնել եւ պէտք է ... Շարն.
ԻՆՔՆԱՀՌՉԱԿ ՆՈՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ԱԶԱՆԻԱ
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սոմալիի տարածքին մէջ վերջերս ի յայտ եկած է ինքնահռչակ նոր պետութիւն մը` Ազանիան: 1991-էն սկսեալ, երբ գահընկէց եղաւ բռնակալ Մոհամետ Սիատ Պարեն, եւ ... Շարն.

