Category: Միջազգային
Հակառակ Արգիլման. Խրիմի Մէջ Թաթարներու Հաւաք
Հակառակ անոր որ Խրիմի իշխանութիւնները ուրբաթ օր հաւաքներ արգիլող յայտարարութիւն մը հրապարակած էին, այսուհանդերձ երկու հաւաքներ տեղի ունեցան նախ Պահչիսարայի մէջ, ապա Սիմֆերոփոլի արուարձաններուն մէջ, ուր տասը հազար թաթարներ ոգեկոչեցին ... Շարն.
Սոմայի Ածխահանքի Փլուզման Հարցով 18 Անձեր Ձերբակալուած Են
Էրտողան կը զգուշացնէ ցուցարարը «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ Թուրքիոյ Սոմա նահանգին մէջ գտնուող ածխահանքի փլուզման արկածին շուրջ կատարուած հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած են շուրջ 18 անձեր, ներառեալ` ... Շարն.
«Արաբական Լիկան Եւ ՄԱԿ-ը Սուրիական Թղթածրարին Մէջ Կատարելապէս Ձախողեցաւ» Ըսաւ Արապի
Նեպիլ Արապի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Արաբական լիկան սուրիական թղթածրարին մէջ կատարելապէս ձախողեցաւ, ինչպէս նաեւ ձախողեցան ՄԱԿ-ը, սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը: «Ո՛չ ոք յաջողեցաւ, ո՛չ արաբական ... Շարն.
«Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Գալը Տակաւին Կարելի Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ
Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ «Վեցեակ»-ի միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերումը տակաւին կարելի է: Աղբիւրը կը նշէ, որ ... Շարն.
Իրանեան Ապահովական Ուժերը Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Ահաբեկչական Բջիջ Մը Կազմալուծած Են
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան ապահովական ուժերը յաջողած են հիւսիսարեւմտեան Իրանի մէջ գտնուող Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգի Մահապատ քաղաքին մէջ կազմալուծել ահաբեկչական բջիջ մը, որուն անդամներէն երեքը ձերբակալուած են: ... Շարն.
Զուիցերիացի Քուէարկողները Մերժեցին Որդեգրել Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Նուազագոյն Աշխատավարձը
Զուիցերիացի քուէարկողները երէկ հանրաքուէի մը ընթացքին մերժեցին աշխարհի ամէնէն բարձր նուազագոյն աշխատավարձը որդեգրելու առաջարկ մը, ըստ որուն, գործատէրերը պիտի ստիպուին աշխատաւորներուն ժամական առնուազն 22 զուիցերիական ֆրանք(25 տոլար) վճարել: Առաջարկին կողմնակիցները ... Շարն.
Ազրպէյճան Կը Պատրաստուի Իր Մեծագոյն Ռազմափորձին
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան` 26 յունիսի նախասեմին Պաքու կը ծրագրէ համազօրային ռազմափորձեր կատարել: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր զինուորական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ ռազմափորձերը պիտի տեւեն քանի մը օր եւ ... Շարն.
Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Պատրաստ Է Ածխահանքի Դէպքին Պատճառով Հրաժարական Տալու
Թաներ Եըլտըզ Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեանց նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է Մանիսա նահանգի ածխահանքի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատճառով հրաժարական տալու իր ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներն Ու Այլ Երկիրներ Թիֆլիսի Հետ Անվտանգութեան Հարցերով Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարեն» Կ՛ըսէ Նորլընտ
Ռիչըրտ Նորլընտ «Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Նորլընտ «Մայեսթրօ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին` մեկնաբանելով Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի երկրի տարածքին հակահրթիռային ... Շարն.
Եւրոպական Խորհուրդի Պաշտօնատարը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսացի Լրագրողներու Ձերբակալութիւնը
Նիլս Մուժնիեքս Ազրպէյճանական kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Նիլս Մուժնիեքս դատապարտած է Պաքուի մէջ ֆրանսացի լրագրողներ Լորան Ռիշարի եւ Էմանուել Պախի ձերբակալութիւնն ու սարքերու ... Շարն.
ՄԱԿ. «Իրան Կը Շարունակէ Միջցամաքամասային Հրթիռներու Ստեղծման Ծրագիրը»
ՄԱԿ-ի հիւլէական փորձագէտներու խորհուրդը Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ հրապարակած է նոր զեկուցում մը, որուն մէջ կը նշուի, որ թէեւ Թեհրանը վերջին շրջանին զգալի կերպով նուազեցուցած է ծրագիրին զարգացման համար անհրաժեշտ ... Շարն.
Մասնագէտները Բացայայտած Են «Ֆուքուշիմա-1»-ի Ճառագայթման Արտահոսքին Վայրը
«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ճափոնական «Ֆուքուշիմա-1» հիւլէական կայանը բանեցնող ԹԵՓՔՕ ընկերութեան մասնագէտները առաջին անգամ ըլլալով կրցած են յստակ կերպով ճշդել այն վայրը, ուրկէ ճառագայթուած ջուրի արտահոսում տեղի կ՛ունենայ: Մասնագէտներու կարծիքով` ... Շարն.
Ամերիկացիներուն Կէսը Կ՛ուզէ Նախագահի Պաշտօնին Վրայ Տեսնել Հիլըրի Քլինթընը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան եւ «Իփսոս» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները կը վկայեն, որ ամերիկացիներու կէսէն աւելին դրական կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթընը երկրի նախագահի պաշտօնին ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ. Ածխահանքի Փլուզումէն Ետք Բողոքի Ցոյցեր
Էրտողանի խորհրդականը` ցուցարար մը հարուածելու ընթացքին Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Սոմա շրջանին մէջ գտնուող ածխահանքի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 282-ի: «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Ձերբակալած Են Հոլլանտի Այցելութիւնը Լուսաբանող Ֆրանսացի Լրագրողները
Լորան Ռիշար «Կալաթիվի» կը հաղորդէ, որ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի վերլուծական հաղորդումներէն մէկուն խմբագիրը` Պենուա Պրինկեր, ազրպէյճանական «Ազատլիք» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Ֆրանսացի յայտնի լրագրող Լորան Ռիշար եւ անոր քամերամենը ... Շարն.
Ուաշինկթըն Կը Քննարկէ Ռուսիոյ Մէջ Նոր Ներդրումներէն Հրաժարելու Հարցը` Իբրեւ Հաւանական Նոր Պատժամիջոց
Վիքթորիա Նուլընտ Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հաւանական պատժամիջոցները Ռուսիոյ տնտեսութեան ... Շարն.
Քիեւ Կը Դատապարտէ Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութեան Օրը Տեղի Ունենալիք Ռուսիոյ Ռազմափորձերը
Ռուսական «Տոժտ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգուած է նախագահական ընտրութեան ընթացքին ռազմափորձեր կատարելու Ռուսիոյ ծրագիրներով եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ հեռացնելու զօրքերը սահմանէն: «Ռուսական կողմի ծրագիրները ... Շարն.
Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Պայթում Մը Զոհեր Կը Պատճառէ
ՌԻԱ-Նովոսթի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով առնուազն 17 զոհ արձանագրուած է եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ` վիրաւորուած: Ինքնաշարժը պայթած է սահմանամերձ Պապ Սալամ ... Շարն.
Ժիրինովսքի Կ՛առաջարկէ Ուքրանիան Պատժելու Համար Փոխել Տնեփրի Հունը
Վլատիմիր Ժիրինովսքի Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի առաջարկած է փոխել Տնեփր գետի հունն ու այդ ձեւով պատժել Ուքրանիան` Խրիմի ջրամատակարարումը դադրեցնելուն համար: Ժիրինովսքի այդ յայտարարութիւնը ... Շարն.
Եւրոպական Միութեան Մէջ Ներգաղթեալներու Թիւը Սուր Աճ Արձանագրած Է
«Տէօչը Վելլը» կը հաղորդէ, որ Սահմանային պահպանութեան եւրոպական գործակալութեան` «Ֆրոնթեքս»-ի տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու թիւը 2013-ին սուր աճ արձանագրած է: Գործակալութեան տուեալներով` 2013-ին Եւրոպական ... Շարն.

