Category: Գաղութային
100-Ամեակի Մարմինի Աշխատանքային Նիստը` Զմմառու Վանքին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական աշխատանքային նիստը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ` մասնակցութեամբ պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի: Օրակարգը կը վերաբերէր միօրեայ ... Շարն.
Մեր Կորուստները. «Հայերն Այսօր» Ելեկտրոնային Թերթի Գլխաւոր Խմբագիր Հայկ Կարապետեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
Երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութենէ ետք, 59 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր, ճանչցուած լրագրող եւ մշակութային գործիչ Հայկ Կարապետեան: Աւարտելով Երեւանի պետական ... Շարն.
«Ազդակ» Կը Մասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի Ցուցահանդէսին
Հանրային բնոյթի հրատարակութիւններ անուանակարգին տակ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ս. Փեթերսպուրկի հայերու կազմակերպութեան կողմէ «Ազդակ» հրաւէր ստացաւ մասնակցելու այդ ցուցահանդէսին: «Ազդակ»-ի օրաթերթի, բացառիկներու ... Շարն.
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Հազարաւոր Հաւատացեալներու Ներկայութեամբ
Շաբաթ, 16 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ... Շարն.
Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին. «Դաշնակցութիւնը Սովորական Օրերու Կուսակցութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ճգնաժամի Կուսակցութիւն Է» Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պանք Օթոմանի գրաւման 118-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Ցոլեր Թալաթինեան Արծիւ Տէր Խաչատուրեան ... Շարն.
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Խաղողօրհնէք, Պարգեւատրում Եւ Սիրոյ Սեղան` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եւ Ֆէյթրունի «Սաթելիթի» Համալիրի Մար Ժըրժոս Եկեղեցիներուն Մէջ
Վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած աւանդութեան համաձայն, երէկ` կիրակի, 17 օգոստոս 2014-ին, Ժունիէի եւ մերձակայ շրջաններու ամարանոցներու հայութիւնը իւրայատուկ ձեւով ոգեկոչեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը ... Շարն.
Զմմառու Մայրավանքի` Փոխումն Սրբոյ Կուսին Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն
16 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքոյ գործող Արծիւեան միաբանութեան վարչական հայրերը, վերափոխման օրը յաւուր պատշաճի մեծարեցին իրենց բարեխօսին: Արաբերէն լեզուով Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Գէորգ ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամը Կ’ընտրուի Համաշխարհային Սկաուտական Կոմիտէի Անդամ
11-14 օգոստոսին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային սկաուտական կոմիտէի Ընդհանուր ժողովը եւ կոմիտէի նոր կազմի ընտրութիւնը: Ժողովին կը մասնակցէին չորս ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին ... Շարն.
«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն
«Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: «Խաղաղութիւն» բնաբանը կրող հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը քառամեայ նստաշրջանի (2011-2015) իր երրորդ լիագումար նիստը գումարեց 3-5 օգոստոս 2014-ին, Երեւանի մէջ: Կեդրոնական վարչութիւնը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ երկրորդ լիագումարով տրուած որոշումներու գործադրութեան եւ հետապնդելի կարգ ... Շարն.
Կրկին Հրթիռաձգութիւն` Նոր Գիւղի Մէջ. Երեք Զոհերու Մարմինները Յանձնուեցան Հողին
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 11 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կազի տակառով շինուած հրթիռ մը նետուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի կողքին գտնուող ազգապատկան «Օշական» շէնքի պողոտային վրայ: ... Շարն.
Զրոյց` Ասպետ Գոչիկեանի Հետ
Շաբաթ, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը` Պոսթոնի «Պենթլի» համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքական գիտութեանց աւագ դասախօս, «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր Ասպետ Գոչիկեանի հետ: ... Շարն.
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին
10 օրեր Արագածի լանջերուն` Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ` հաղորդակից դառնալով հայրենի օդին ... Շարն.
Սեւրի Դաշնագիրին 94-Ամեակին Առիթով. «Սեւրի Պարտամուրհակը Պէտք Է Տեղափոխել Իրաւական Դաշտ» Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան
Լենա Պալեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեւրի դաշնագիրին 94-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Լիբանանեան եւ ... Շարն.
Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Նախավերջին Օրը
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ ընդհանուր բանակումին մասնակցող հարիւրաւոր սկաուտները սկաուտական աշխատանքներով բեղուն օր մը անցուցին ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ` փակումէն մէկ օր առաջ: Արդարեւ, աւելի քան 700 սկաուտները բաժնուեցան ... Շարն.
Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումին 8-րդ Օրը Նուիրուեցաւ Հայկական Բանակին. Բանակողներ Այցելեցին Հայկական Բանակի Վիրաւորներուն Եւ Տողանցեցին Ի Պատիւ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին 8-րդ օրը` երէկ, նուիրուեցաւ հայկական բանակին: Կէսօրէ առաջ, բանակումի մասնակից պատուիրակութիւններուն ներկայացուցիչները, բանակումի գործադիր խմբապետութեան ընկերակցութեամբ, այցելեցին կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց եւ բարի ապաքինում մաղթեցին շաբաթ մը առաջ հայ-ազրպէյճանական ... Շարն.
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վաստակաշատ Գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեան Արժանացաւ Համազգայինի Շքանշանին
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի ... Շարն.
Դամասկոսի Զանազան Թաղամասեր Ռմբակոծումի Կ՛ենթարկուին
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ ըստ որոշ աղբիւրներու, զինեալ խմբաւորումներէն Ժունտ Շամը հանդէս եկած էր սպառնալիքով մը, որ Դամասկոսի վրայ հրթիռարձակումները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ Տումա եւ ... Շարն.
Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան
Երէկ` երեքշաբթի, 5 օգոստոս 2014-ի կանուխ ժամերուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ իր մահկանացուն կնքեց մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան: Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան ծնած է Կիպրոսի մէջ: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ... Շարն.
Իբրեւ Երախտիք` Պօղոս Սնապեանի Վաստակին
Վաստակաշատ գրականագէտ եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի մահուան տխուր առիթով` Լոնտոնէն Մովսէս Չափարեան Փարիզի «Նոր Յառաջ» շաբաթաթերթի մէկ տարուան թիւերը կը նուիրէ Այնճարի Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպենկեան վարժարանին: Նոյնպէս, «Ազդակ»-ի ... Շարն.

