Category: Գաղութային
«ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Վերոնշեալ շեշտաւորումով Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբաններուն յիշեցուց հոգեմտաւոր կազմաւորման կարեւորութիւնը միաբանութեան ծառայական կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ապրինք զարգացման արագ ընթացքի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ: ... Շարն.
«ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐ ՉՋԱՐԴԵՑ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՈՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Արամ Ա. կաթողիկոս երեքշաբթի, 17 յունուար 2012-ին ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետ Հարես Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Հանդիպումին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն` ՀՅԴ-էն, ՌԱԿ-էն եւ ՍԴՀԿ-էն, ՀԲԸՄ-էն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինէն ներկայացուցիչներ ... Շարն.
Հ. ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»
Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. վարդան եպս Աշգարեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումը հրաժեշտի այցելութիւն էր. գերապայծառը երկար տարիներ այս գաղութին մէջ ... Շարն.
Ի ՆՊԱՍՏ «ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏԻՆ «ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌՈԶՎԱՐԴ ՍԻՍԵՌԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ ՌոզՎարդ Սիսեռեանի իւղաներկ եւ աքրիլիք գործերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան: ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 42-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 9-17 յունուար 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: Ժողովը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը լսելէ ետք քննարկումի առարկայ ... Շարն.
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»
Երէկ` երկուշաբթի, 16 յունուար 2012-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Թռչնոց բոյն» այցելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Ընդունելութիւնը եղաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան, Գայեանեանց ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ` ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐԸ»
Կիրակի, 15 յունուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ «Հայ գիրքի տարի»-ն: ինչպէս ծանօթ է, հայ գիրքի տպագրութեան ... Շարն.
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան դոկտ. Քաթրին Պուրան ուրբաթ, 13 յունուար 2012-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի մայրավանքը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին ... Շարն.
ՀԱՅԱՇԷՆԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
75 տարիներ առաջ ժողովուրդին ճիգով, աշխատանքով եւ քրտինքով կառուցուած եւ կեանքի կոչուած Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին երէկ` կիրակի, 15 յունուարին նշեց իր անուանակոչութիւնն ու հիմնադրութեան 75-ամեակը: Ս. պատարագը մատուցեց ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երէկ` ուրբաթ, 13 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենակին մէջ ընդունեց Ղազախիստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեանը: Յայտնենք, որ Վազգէն Գաւլաքեան Լիբանանի առաջին դեսպանն է Ղազախիստանի մէջ եւ ... Շարն.
ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Սեւան», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն երէկ` ուրբաթ, 13 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Երէկ` հինգշաբթի, 12 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջեկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ վեհափառին եւ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսին միջեւ` իբրեւ ... Շարն.
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՀԱՅ ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին նախաձեռնութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 12 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը լեցուցած էին հայ մամիկներ ու պապիկներ, որոնք հրաւիրուած էին Նոր տարին ու ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երեքշաբթի, 10 յունուար 2012-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդական շարժումները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Տասը հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին նախկին երեսփոխան տոքթ. Փիեռ Տաքքաշ եւ ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-Ի ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ԴԷՄ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչը երէկ «Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտագիրի մը ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումի եւ պատմական անճիշդ տեղեկութեանց հաղորդման ու փաստերու խեղաթիւրման հարցով կապ հաստատեց նշեալ կայանի ... Շարն.
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿԸ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ԿԱՅԱՆԻՆ
Արձագանգելով նախանցեալ օր «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ պատկերասփռուած` պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ զրոյցին, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան կայանին ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ ԴԷՄ
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը երէկ ընդարձակ անդրադարձով մը հակազդեց նախանցեալ օր «Էյ. Էն. Պի.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտագիրի սփռումին եւ բանավիճային նոյն յայտագիրին ընթացքին օրուան հիւրին` Հանի Սիպահիի ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ՀԵՐՔՈՂ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ
«Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ պատկերասփռեց զրոյց մը` Պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ: Սիպահի ոչ միայն հերքեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հաղորդեց պատմականօրէն անճիշդ ... Շարն.
«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երէկ` երկուշաբթի, 9 յունուար 2012-ի առաւօտուն, վեհարանին մէջ ընդունելով սիւննի եւ շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց երկու միաստուածեան կրօններուն ունեցած հասարակաց արժէքները եւ աւանդութիւնները ամրապնդելու ... Շարն.

