Category: Գաղութային
«Մինի Մարաթոն-2014». Պուրճ Համուտը Երէկ Վազեց Թմրամոլութեան Դէմ
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշացման գրասենեակին, երէկ` կիրակի, 29 յունիս 2014-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Մինի մարաթոն-2014» վազքի մրցումը` «Միասնաբար վազե՛նք թմրամոլութեան դէմ» նշանաբանով: ... Շարն.
Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 19-Րդ Տարեդարձին Առիթով
Կիրակի, 29 յունիս 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք` Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Գալուստեան ընտանիքը իրենց զաւկին,ամուսնոյն եւ սիրելի հօր` Սերժ Գալուստեանի յիշատակը անթառամ պահելու եւ անոր երազներէն մէկը իրականացնելու համար, ընկերոջ ապաքինման համար գոյացած գումարով ապահոված է հողատարածք մը` Հայաստանի Քանաքեռաւան շրջանին ... Շարն.
Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Անդրանիկ Ելոյթը
Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի անդրանիկ ելոյթը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ուսուցիչներու, ծնողներու ... Շարն.
139 Շրջանաւարտ` Հայկազեան Համալսարանէն
Հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ունեցաւ իր շրջանաւարտներու 54-րդ հունձքը ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Համալսարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ դիմաւորուեցան 139 շրջանաւարտները, ... Շարն.
Զուքի Պարտէզին Մէջ. Լիբանանահայ Թենոր Ճոնի Քուքեճեանի` Քեսապին Նուիրուած Ելոյթը
Երէկ` ուրբաթ, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Զուքի պարտէզին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Քուքեճեան: Համերգը նուիրուած էր Քեսապի եւ կը կրէր «Կրանատայէն Երեւան» խորագիրը: Ճոնի Քուքեճեան բարի գալուստ ... Շարն.
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Երէկ` հինգշաբթի, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Լիբանանի հայոց թեմի ... Շարն.
Այնճարի Մէջ. Հանդիպում-Զրոյց` «Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքական Հիմնախնդիրները» Նիւթով
Երէկ` հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին ... Շարն.
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Աշակերտները Կը Մասնակցին Վարչապետարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Ձեռնարկին
Լիբանանի վարչապետարանին մէջ սովորութեան վերածուած է պարբերաբար գնահատանքի երեկոներ կազմակերպել եւ պատուել վաստակաշատ արուեստագէտները: Չորեքշաբթի, 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած մշակութային երեկոն նուիրուած էր լիբանանցի ... Շարն.
Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Ամավերջի Զոյգ Հանդէսները
Երէկ` հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը: Արդարեւ, 15 աշակերտներ` Մարիա Անանեան, Ալին Քասունեան, Մայտա ... Շարն.
«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում` 300 Մանուկներու Մասնակցութեամբ
Չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014¬ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ համախմբուեցան աւելի քան 300 մանուկներ` կատարելու Ամառնային դպրոցի ութերորդ տարեշրջանի բացումը: Բացումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ... Շարն.
«Բագին». Գրական Հանդիպում` Նուիրուած Աղուան Վարդանեանի «Ելք Երկրից» Հատորին
«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում մը, ուր ներկայացուեցաւ Աղուան Վարդանեան բանաստեղծը եւ անոր «Ելք երկրից» բանաստեղծութիւններու ... Շարն.
Դամասկահայ Բանակի Սպայ Սեւակ Էօլմեսեքեան Կը Զոհուի
Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի շրջակայքը Խան Շիխուն շրջանի զօրանոցին մօտ կատարուող զինուորական մարտերուն ընթացքին 25 մայիսին զոհուեցաւ սուրիական բանակի դամասկահայ սպայ (1986-ի ծնունդ) Սեւակ Էօլմեսեքեան: Զոհուելուն լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ միայն երէկ: ... Շարն.
Մամլոյ 96-րդ Լսարան. Արտաշէս Շահպազեան Ներկայացուց «Հայ Տեղեկատուութեան Ժամանակակից Խնդիրները» Նիւթով Զեկուցումը
Տեղեկատուական այս դարուն քաղաքական, հասարակական եւ տարբեր մարզերուն մէջ կատարուող արմատական փոփոխութիւնները սերտօրէն առնչուած են տեղեկատուական միջոցներու զարգացման եւ տարածման հետ: Այս մտահոգութենէն մեկնելով` «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կազմակերպած էր մամլոյ 96-րդ ... Շարն.
ԼՕԽ-ի «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան- Ճոմպալաքեան Սրտի Ճաշարան»-Ի Հանդիսաւոր Բացում
Երէկ իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ... Շարն.
Հարցազրոյց Արտաշէս Շահպազեանի Հետ
Երեքշաբթի, 24 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ... Շարն.
Հալէպի Մէջ Վիրաւոր Մը Եւս
Հալէպի լրատուական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 23 յունիսին Հալէպի մէջ հայ մը վիրաւորուած է: Ռամուսիէ թաղամասին մէջ արձակազէնի փամփուշտէն վիրաւորուած է Յակոբ Փայասեանը: Վիրաւորը փոխադրուած է «Ռազի» հիւանդանոց, ուր անոր ... Շարն.
«Լիպանիզ Միւզիք Սքուլ»-ի Ուսուցիչներն Ու Աշակերտները Ներկայացուցին Հայ Եւ Միջազգային Աշխարհահռչակ Երաժշտահաններու Գործերը
Շաբաթ, 21 յունիս 2014-ին «Ֆեթ տը լա Միւզիք» համերգաշարերու ծիրին մէջ իր եզակի եւ բարձրորակ ելոյթը ունեցաւ «Լիպանիզ Միւզիք Սքուլ»-ը` Քրիսթինա Փափազեանի տնօրէնութեամբ, կեդրոնական Պէյրութի Քափուչիններու Սենթ Լուիզ տաճարին մէջ: ... Շարն.
Սերժ Գալուստեանի Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հաւաք
Գաղափարակից ընկերոջ մը մահուան առաջին տարելիցին նուիրուած յիշատակի հաւաք կազմակերպել կը նշանակէ յարգանքի պահ մը ստեղծել եւ անոր յիշատակներուն հետ հաղորդակից ըլլալ: Այս յարգանքին արժանացաւ Սերժ Գալուստեան, որուն մահուան Ա. ... Շարն.
Միջին Արեւելքն Ու Հայկական Գաղութները Նիւթով Զրոյց
Շաբաթ, 21 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքն ու հայկական գաղութները» նիւթով զրոյց մը, մասնակցութեամբ` Յակոբ Գառնեշեանի, Գէորգ Յակոբճեանի եւ Խաչիկ Խաչերեանի: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային ... Շարն.

