Category: Մարզական
կռփամարտ. տարբեր երկիրներ` տարբեր կազմերով
Հայաստանի կռփամարտիկները Եւրոպայի ախոյեանութեան պատրաստուելու համար պիտի մասնակցին միջազգային քանի մը մրցաշարքերու: «Ա1+» հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ 13-16 մարտին չեխական Ուսթի Նատ Լապեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող միջազգային ... Շարն.
«Ռետ Իկըլզ»-ը` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Պաշտօնական «Ֆեն-Քլապ»-ը
ArmSport.am հայկական մարզական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ «Ռետ Իկըլզ» շարժումը պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին պաշտօնական «Ֆեն-Քլապ»-ը: Անիկա պիտի համագործակցի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, որուն պաշտօնական կայքէջին միջոցով ... Շարն.
15-17 Մարտին Անթալիոյ Մէջ Հայ Պատանիները Կը Մասնակցին Ժիւտոյի Միջազգային Մրցաշարքին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 15-17 մարտին Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունենալիք ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, հայ պատանիները պիտի մասնակցին անոր այն կազմով, որ այժմ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ... Շարն.
Լեւոն Արոնեան Իր Խումբին Հետ Մեկնեցաւ Լոնտոն
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ իր խումբին հետ մեկնեցաւ Լոնտոն` մասնակցելու համար ճատրակի զտումի այն մրցաշարքին, որուն յաղթականը պիտի մրցի աշխարհի ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի դէմ, որպէսզի ի յայտ գայ նոր ... Շարն.
Գագիկ Ծառուկեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը նախորդ շաբաթավերջին ըսաւ, որ Գագիկ Ծառուկեան վերընտրուեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: ... Շարն.
Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ-Սեւան Ակումբին. Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 17 Մարտին
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Անդրանիկ-Սեւան ակումբը կը կազմակերպէ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 17 մարտին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ` Հըրշ Թապեթ: Այս մրցաշարքը, որ պիտի սկսի ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Սատաքա Եւ Նըժմեթ Խալիժ Հասան Կիսաւարտական
Լիբանանի ֆութսալի 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեան Սատաքա ապահովեց Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը` 7-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Ղըպէյրին: Քառորդ աւարտականին իր կարգին յաղթանակ արձանագրած ... Շարն.
Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մովսիսեան Հեթրիք Մը Իրագործեց
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուա իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թերեք Կրոզնին: Մայրաքաղաքի կազմին այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա այսօր քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը: Այս ... Շարն.
Աշխարհի Մարմնամարզութեան Բաժակի Մրցաշարք. 5 Հայ Մարմնամարզիկներ Պիտի Մեկնին Քաթար
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ 26-30 մարտին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին յայտնած է Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ եւ միջազգային կարգի իրաւարար ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Միջազգային 23-րդ Շաբաթ. Լիբանան Հանդիսացաւ Առաջին
Լուսանկարը ՏրամադրեցՄիշել Սապպաղ Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մըզար-Քֆարզըպիան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ դահուկարշաւի միջազգային 23-րդ շաբթուան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 14 երկիրներէ ... Շարն.
Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» Դաշտին Վրայ
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի («Քինկզ Քափ») մրցաշարքին աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Մայեմի Հիթի 18-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 18-րդ յաջորդական յաղթանակը` 105-91 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ինտիանա Փէյսըրզը: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. 33-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները
Նախորդ շաբաթավերջին իր ձմեռնային արձակուրդը աւարտեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան բարձրագոյն դասակարգի 33-րդ հանգրուանի մրցումները: Եթէ Ուլիս, Միքա եւ Գանձասար յաղթեցին իրենց դաշտերուն վրայ, միւս կողմէ Փիւնիկ իր ... Շարն.
Ճատրակ. 61 Երկսեռ Մասնակցողներ Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ Տեղի Ունեցած Մրցաշարքին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 10 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 9 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 59-44 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս ամրապնդեց ... Շարն.
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-ի Մեծ Ֆութպոլի Արդիւնքները Եւ Վերջնական Դասաւորումը
Տիտղոսին տիրացած Ճեմարանի կազմը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը աւարտեց մեծ ֆութպոլի մրցաշարքը, որ սկիզբ առած էր նախորդ շաբաթավերջին: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Նոել Քէշիշեան Եւ Աւօ Մումջողլեան Հանդիսացան Երրորդ
Նախորդ շաբաթավերջին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի գարնանային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան մեծ աղջկանց եւ տղոց մրցումները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Ռիթա Պըսէյպես (Անդրանիկ Պէյրութ), որ ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք.Պրուս Քաֆէն Եւ Լիբանանեան Բանակը Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ այս տարեշրջանին Լիբանանի Ա. դասակարգի փոխախոյեան հանդիսացած Պրուս Քաֆէն եւ Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքներն Ու Դասաւորումները
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները կարգ մը խումբերու համար եղան նպաստաւոր, մանաւանդ պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող կազմերուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք ամրապնդեցին իրենց դիրքերը` ... Շարն.

