Category: Մարզական
Քալիարի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը
Քալչիոյի մրցումներուն ձախող արդիւնքներ արձանագրող եւ Սեւրի Ա.-ին մէջ մնալու համար պայքար մղող Քալիարի, երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Զտենեք Զեմանը, որ 16 մրցումի ընթացքին արձանագրեց միայն երկու յաղթանակ: Չեխ ... Շարն.
Վան Կաալ. «Վիրաւոր Մարզիկները Պիտի Չմասնակցին Նիւքասըլի Դէմ Մրցումին»
Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ` Լուիս Վան Կաալ յայտարարած է, որ բոլոր այն մարզիկները, որոնք վիրաւոր են, տակաւին լիովին ապաքինած չըլլալուն պատճառով իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն յառաջիկայ ուրբաթ օր, Նիւքասըլի դէմ տեղի ... Շարն.
Իպրահիմովիչին Փոխարինող Մը Գտնելու Համար Փարիզ Սեն Ժերմեն Պիտի Ծախսէ 100 Միլիոն Եւրօ
Փարիզ Սեն Ժերմենի սեփականատէր Նասեր Խելայիֆի կատարած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ ակումբը պատրաստ է 100 միլիոն եւրօ ծախսել, որպէսզի կարելի ըլլայ Զլաթան Իպրահիմովիչին փոխարինող մը գտնել: ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Յառաջիկայ Յունուարին Կը Սկսին 2001-2002-ի Ծնունդ Տարիքային Մրցումները
Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ յունուար 2015-ին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի 2001-2002-ի ծնունդ տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` երկսեռ դասակարգերուն յատուկ: Ֆետերասիոնը մասնակցող բոլոր ակումբներէն պահանջեց, որ առաւելագոյնը ... Շարն.
Հրաչեայ Ռոստոմեան. «Եւրոպական Խաղերը Պաքուի Սեփականութիւնը Չեն»
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան երէկ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփեց Հայաստանի մարզական տարին, խօսեցաւ արձանագրուած արդիւնքներուն եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք ծրագիրներուն մասին: Իր խօսքին ... Շարն.
Սարգիս Գրիգորեան. «Հայաստան Չունի Տարբեր Մարզաձեւերու Համար Նախատեսուած Մարզահամալիր»
Հայաստանի հենտպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սարգիս Գրիգորեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ամփոփեց տարին, խօսեցաւ 2015-ի յայտագիրին եւ կարգ մը այլ ծրագիրներու մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւարտելիք տարուած ընթացքին ... Շարն.
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով. Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ
Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբը կը կազմակերպէ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճատրակի մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 26, 27, 29, 30 դեկտեմբերին եւ 2, 3 ... Շարն.
Ֆութսալի Միջազգային Դասաւորում. Հայաստանի Հաւաքականը Բարելաւեց Իր Դիրքը
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը բարելաւեց իր դիրքը միջազգային նոր դասաւորման մէջ: Նախորդ ամսուան հետ բաղդատելով` Հայաստանի հաւաքականը երկու դիրք բարձրանալով, այժմ կը գրաւէ ... Շարն.
Իտալիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Նափոլի Փենալթիներով (6-5) Յաղթեց Եուվենթուսի
Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Տոհայի (Քաթար) Ժասեմ Պըն Համատ մարզադաշտին վրայ, իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսը եւ Նափոլին: Նափոլի, արգելք հանդիսացաւ, որ այս մրցաշարքին ախոյեան Եուվենթուս ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Եւս Արձանագրեց Իր 22-րդ Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ: Թորոնթօ Ռեփթըրզի եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի նման, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւս արձանագրեց տարեշրջանի իր 22-րդ յաղթանակը, երբ 128-108 արդիւնքով ... Շարն.
Պէյլի Համար Ռէալ Մատրիտ 1 Միլիառ Եւրօ Կը Պահանջէ
Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները, երբեք չեն մտածեր ներկայ հանգրուանին իրենց ակումբին մաս կազմող միջնապահ Կերըթ Պէյլին զիջելու, կալեսցի ֆութպոլիստը եւս, չի մտածեր արքայական ակումբը լքելու մասին, որովհետեւ ինքզինք բաւական լաւ կը ... Շարն.
Հայ Լողորդները Թիֆլիսէն Մետալներով Վերադարձան
15 հայ լողորդներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Թիֆլիսի լողարշաւի բաժակի մրցաշարքին, 9 մետալով եւ 1 բաժակով վերադարձան Հայաստան, կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Ոսկի մետալի տիրացան Վահան Մխիթարեան, Անի Պօղոսեան, Վանիկ Բարսեղեան ... Շարն.
Պարսելոնա Հրաժեշտի Մրցում Մը Պիտի Կազմակերպէ Փիւյոլի Համար
Քաթալոնական Պարսելոնայի պատասխանատուները, որոշում տուին ֆութպոլի հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպել խումբին նախկին խմբապետ Քարլես Փիւյոլին հրաժեշտ տալու համար: Մրցումին ժամկէտին կամ մրցակիցին մասին, ցարդ յստակ տեղեկութիւն չկայ: Նշենք, թէ այժմ ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ . Մեծ Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
Երկու շաբթուան վրայ երկարող մեծ ֆութպոլի մրցաշարքը, զոր կազմակերպած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին` ունենալով նոր ախոյեան վարժարան մը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը: ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Փայլուն Յաղթանակ Մը Տարաւ «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի Մէջ
Նիւ Եորքի (Մ. Նահանգներ) աշխարհահռչակ «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի մարզահամերգային համալիրին մէջ աւարտեցաւ Ամերիկայի Քայլ Տրէյքի եւ աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեանի գօտեմարտը: Լուրին մէջ, զոր փոխանցեց հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ը, նշուած ... Շարն.
Փետրուարին Կամ Մարտին. Ղազախստան-Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում
Իր լուրը քաղելով ղազախական sport.zakon.kz կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ փետրուարին կամ մարտին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը տեղի ունենայ Ղազախստանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն ... Շարն.
Մխիթարեան` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստներուն Հարիւրին Մէջ
Անգլիական «Տը Կարտիըն» պարբերաթերթը ներկայացուց տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստներուն հարիւրին ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: 25 տարեկան ֆութպոլիստը կը գտնուի ... Շարն.
Գասպարով. «Արտասահման Չտեղափոխուելու Պարագային, Պայմանագիր Պիտի Կնքեմ Միքային Հետ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին բերդապահ Գէորգ Գասպարով ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի` նկատի ունենալով, որ Միքայի հետ փորձառու ֆութպոլիստին պայմանագիրը աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք: Հայկական լրատու աղբիւրներէն ... Շարն.
Ֆութսալ. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւողները` Յաղթական
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 21-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ դասաւորման առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին: Այս մէկը բնականաբար պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնայ անփոփոխ: ... Շարն.
Քլոփ. «Լաւ Նորութիւնը Այն Է, Որ 2014-ը Աւարտեցաւ»
Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ Պունտըսլիկայի 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին, Վերտըր Պրեմընէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, նշեց, որ ուրախ է, որ ախոյեանութիւնը առաւ իր ձմեռնային դադարը: «Մեր հասցէին ... Շարն.

