Category: Մարզական

Ճատրակ. 16 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ողիմպիականին Մասնակցող Հայրենի Կազմը Հրապարակուեցաւ

August 23, 2012

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հրապարակուեցաւ աշխարհի ճատրակի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի կազմը: Հայաստանի կրտսերներու ազգային խումբին մաս կը կազմեն Տիգրան Յարութիւնեան, Արման Միքայէլեան, ... Շարն.

Ճատրակ. Հայրենի Երեք Կրանտմասթըրներ Կը Մասնակցին Ս. Փեթերսպուրկի Մրցաշարքին

August 23, 2012

Armchess.am հայկական ճատրակի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանէն երեք կրանտմասթըրներ` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան եւ Աւետիք Գրիգորեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 25 օգոստոսէն 2 սեպտեմբեր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք ... Շարն.

Ճատրակ. Վարուժան Յակոբեան Հանդիսացաւ Երրորդ` Լոս Անճելըսի Մրցաշարքին

August 23, 2012

Հայրենի կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան,  որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըսի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ: Ան միայն կէս կէտով ետ կը մնայ տիտղոսին ... Շարն.

Կարճ Լուրեր` Հայրենի Ֆութպոլիստներուն Մասին

Կարճ Լուրեր` Հայրենի Ֆութպոլիստներուն Մասին

August 23, 2012

Արթուր Եդիգարեանան Անդրադառնալով հայրենի ֆութպոլիստներուն` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հրապարակէ կարգ մը հետաքրքրական լուրեր, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ` ամփոփ ձեւով. ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ֆութպոլի ախոյեանութեան վարին դիրքերը գրաւող Կովերլան կը պատրաստուի ... Շարն.

Հեծելարշաւ. Լենս Արմսթրոնկ Կրնայ Ցմահ Կախակայուիլ Եւ Կորսնցնել «Թուր Տը Ֆրանս»-ի Իր Եօթը Տիտղոսները

Հեծելարշաւ. Լենս Արմսթրոնկ Կրնայ Ցմահ Կախակայուիլ Եւ Կորսնցնել «Թուր Տը Ֆրանս»-ի Իր Եօթը Տիտղոսները

August 23, 2012

Այնպէս կը թուի, որ ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկ ցմահ պիտի կախակայուի եւ իրմէ պիտի խլուին «Թուր տը ֆրանս»-ին շահած իր եօթը տիտղոսները` նկատի ունենալով, որ անոր դէմ կատարուած զրպարտութիւնները խթանիչ ... Շարն.

Ուելպեք Չորս Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Ուելպեք Չորս Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

August 23, 2012

Տենի Ուելպեք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ անգլիացի միջազգային յառաջապահ Տենի Ուելպեք իր պայմանագրութիւնը չորս տարիով երկարաձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Ան այսպիսով մինչեւ յունիս 2016 պիտի մնայ «Օլտ Թրեֆորտ»: ... Շարն.

«Ճատրակի Ողիմպիականին Թեկնածուներն Են Ռուսիա, Ուքրանիա Եւ Հայաստան» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանցի Թումաքով

August 23, 2012

Ազրպէյճանի ճատրակի հաւաքականի մարզիչ Վլատիմիր Թումաքով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ճատրակի միջազգային ողիմպիականի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուները, իր կարծիքով Ռուսիան, Ուքրանիան եւ Հայաստանն են: Ըստ Armsport.am մարզական լրատուական ... Շարն.

Ատեպայոր Միացաւ Թոթենհամի, Իսկ Պաթնըր` Եունայթըտի

August 23, 2012

Յառաջապահ Էմանուէլ Ատեպայոր իր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթին լքելով միացաւ Թոթենհամի, յայտնեց լոնտոնեան ակումբը: 28 տարեկան թոկոցի յառաջապահը արդէն իսկ նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Թոթենհամի եւ անոր հետ 37 մրցումի ... Շարն.

Նշմար. Լիբանանի Միջազգային Ռելիին Կայացումը` Վտանգուա՞ծ

August 22, 2012

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Այժմ հարցական կը մնայ, թէ այդ ... Շարն.

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Թիֆլիս

August 22, 2012

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ երկուշաբթի, 20 օգոստոսին, Թիֆլիս մեկնեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Վրաստանի մէջ հայրենի կազմը պիտի ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը. Պարսելոնայի Տպաւորիչ Յաղթանակը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը. Պարսելոնայի Տպաւորիչ Յաղթանակը

August 22, 2012

Մեսսի (աջին) Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Անգլիոյ եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները: Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ... Շարն.

Լոնտոնի Փարալիմփիք Խաղեր. Հայաստան Պիտի Ունենայ Երկու Ներկայացուցիչ

Լոնտոնի Փարալիմփիք Խաղեր. Հայաստան Պիտի Ունենայ Երկու Ներկայացուցիչ

August 22, 2012

Յակոբ Աբրահամեան Յառաջիկայ 29 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Փարալիմփիք 14-րդ խաղերը: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այս խաղերուն Հայաստան պիտի ունենայ երկու ներկայացուցիչ: Լողարշաւի մրցումներուն ... Շարն.

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ժողով

August 22, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին ժողով մը տեղի ունեցած է ֆետերասիոնին եւ Ա. դասակարգի ակումբներուն միջեւ: Այս ժողովին ներկայ գտնուած են ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, ... Շարն.

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց

August 22, 2012

Հենրիխ Մխիթարեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող վտանգաւոր միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի հետ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին հեթրիք մը իրագործեց, երբ անոր կազմը ... Շարն.

Պասքեսթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

August 22, 2012

Չինաստանի Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմզ Ճոնզի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց խումբը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` այս անգամ Թայփէ-1-էն` 81-74 արդիւնքով: Այլ գետնի ... Շարն.

Թենիս. Անի Ամիրաղեան Պիտի Մասնակցի Իտալիոյ Մրցաշարքին

Թենիս. Անի Ամիրաղեան Պիտի Մասնակցի Իտալիոյ Մրցաշարքին

August 22, 2012

Անի Ամիրաղեան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Անի Ամիրաղեան, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 515-րդ դիրքը: Ամիրաղեանի առաջին մրցակիցը ... Շարն.

«Մենք Ունինք Ողիմպիական Մետալներ Եւ Անոր Համար Շատ Ուրախ Ենք» Ըսաւ Լեւոն Ջուլֆալակեան

«Մենք Ունինք Ողիմպիական Մետալներ Եւ Անոր Համար Շատ Ուրախ Ենք» Ըսաւ Լեւոն Ջուլֆալակեան

August 22, 2012

Լեւոն Ջուլֆալակեան (աջին) Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի լաւագոյն խումբերէն մէկն է: PanArmenian.Net ... Շարն.

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Միքա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

August 22, 2012

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Միքա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Բանանցի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Միքա, որ այժմ ունի 44 կէտ, երեք ... Շարն.

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Նոր Նախագահը` Իգական Սեռէն

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Նոր Նախագահը` Իգական Սեռէն

August 18, 2012

Մայ Շմէյթըլլի Նախանցեալ օր Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք): Ֆետերասիոնին անդամները իրենց խոր շնորհակալութիւնը յայտնեցին ֆետերասիոնի նախագահ Ռիատ Հատտատի, որ երկար տարիներ ... Շարն.

Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (18 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (18 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

August 18, 2012

Երէկ, Մոնկոլիոյ մէջ սկսաւ Ասիոյ տղոց 18 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու 22-րդ ախոյեանութիւնը: Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր առաջին մրցումին ճակատեցաւ Հնդկաստանի դէմ, քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը ... Շարն.