Category: Մարզական

Թենիս. Ինտիըն Ուելզ-ի Մրցաշարք- Նալպանտեան Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

Թենիս. Ինտիըն Ուելզ-ի Մրցաշարք- Նալպանտեան Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

March 15, 2012

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, երէկ ապահովեց Դ. հանգրուանին իր տոմսը, երբ թենիսի Ինտիըն Ուելզ-ի միջազգային մրցաշարքին Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, 6-3, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց 10-րդ դասուած սերպ Եանքօ ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ.- Մեճիք, Լէյքըրզ Եւ Նակեթց Յաղթական` Երկարաձգման Ընթացքին

March 15, 2012

Էն. Պի. Էյ.-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ, երեք խումբեր` Օրլանտօ Մեճիք, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Տենվըր Նակեթց, իրենց յաղթանակը արձանագրեցին երկարաձգման ընթացքին: Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Թորոնթօ Ռեփթըրզ ... Շարն.

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

March 14, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Անթունիէ - ՀՄԸՄ Պէյրութ երկրորդ մրցումը, առաջինին դաշտին վրայ (Պաապտա): Իր ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայէրն Միւնիխ 7-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պալը. Ինթեր Միլան Յաղթեց, Բայց Դուրս Մնաց

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ 7-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պալը. Ինթեր Միլան Յաղթեց, Բայց Դուրս Մնաց

March 14, 2012

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Հիւրընկալ երկու կազմերն ալ` Պայէրն Միւնիխ եւ Ինթեր Միլան, որոնք երթին պարտութիւն կրած էին ... Շարն.

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

March 14, 2012

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները: Շաբաթ, 17 մարտին տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի մրցումները` «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, իսկ կիրակի, 18 մարտին` ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անիպալ – Մութթահետ Յետաձգուած Մրցումը

March 14, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Անիպալ Զահլէ - Մութթահետ Թրիփոլի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 14 ... Շարն.

Հայկական Ֆութպոլ. 2012-2013 Տարեշրջանի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

March 14, 2012

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրամանով, հաստատուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2011-2012 ... Շարն.

Պրազիլի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Պրազիլի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

March 14, 2012

ՌՈՅԹԸՐԶ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռիքարտօ Թեքսէյրա ներկայացուց իր հրաժարականը: 64 տարեկան նախագահը յայտնեց, որ այդ քայլին դիմեց առողջական պատճառներով: Սակայն ըստ մամուլին, ան իր ... Շարն.

Քարթինկ. Կիրակի, 18 Մարտին` Ա. Հանգրուանի Մրցումը

March 14, 2012

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի, կիրակի, 18 մարտին, Փիթ Սթափի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 2012-ի Քարթինկի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը` «Ռոթաքս մաքս» անուան տակ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ ... Շարն.

Ըմբշամարտ. Ռոման Ամոյեան Որակազրկուեցաւ

Ըմբշամարտ. Ռոման Ամոյեան Որակազրկուեցաւ

March 14, 2012

Հայկական լրատու աղբիւրներէն, որոնց կարգին` «Արմենպրես» եւ Armsport.am, կ՛իմանանք, որ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ որակազրկեց Եւրոպայի ախոյեան, Հայաստանի 55 քկ դասակարգի ըմբիշ Ռոման Ամոյեանը, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ աւարտած յունահռոմէական ... Շարն.

Վաղը` Հինգշաբթի, 15 Մարտին Պաշտօնական Բացում` Միջազգային Համալսարաններու 2012-ի Պէյրութի Մարզական 3-րդ Մրցաշարքին

March 14, 2012

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական բաժանմունքին, վաղը` հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացումը Միջազգային համալսարաններու ... Շարն.

Յառաջիկայ 15 Մարտին 2011 Տարուան Հրացանաձգութեան Մրցանակաբաշխութիւն

March 14, 2012

Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ յառաջիկայ 15 մարտին տեղի պիտի ունենայ 2011 տարուան հրացանաձգութեան մրցանակաբաշխութիւնը: Այս մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պիտի պարգեւատրուին թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մրցաշարքերու ... Շարն.

Թենիս. Փոքրերու Դասընթացքներ Եւ Մարզիչներու Դասաւանդութիւններ` «Քաունթրի Լոճ»-ի Մէջ

March 14, 2012

Կազմակերպութեամբ «Քաունթըրի լոճ» համալիրին (Պսալիմ), հովանաւորութեամբ «Ուիլսըն» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, յառաջիկայ 9-13 ապրիլ 2012-ին, վերոնշեալ համալիրի թենիսի դաշտերուն վրայ, տեղի պիտի ունենան 7-14 տարեկան երկսեռ փոքրերու թենիսի ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անթունիէ` 1-0

March 13, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ - Անթունիէ առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ ... Շարն.

Ճատրակ. Լիբանանի 2012-Ի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Շաբաթ, 17 Մարտին Տեղի Կ՛Ունենան Ա. Հանգրուանի Մրցումները

March 13, 2012

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 17 մարտին, պիտի սկսին Լիբանանի ճատրակի 2012-ի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները: Շաբաթ օրուան յայտագիրին վրայ են Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնք պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը ... Շարն.

Ֆորմիւլա – Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Լիբանանահայ Շահան Սարգիսեան Հետզհետէ Կը Դառնայ Հանրածանօթ

Ֆորմիւլա – Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Լիբանանահայ Շահան Սարգիսեան Հետզհետէ Կը Դառնայ Հանրածանօթ

March 13, 2012

Պրանտզհաչ Ուտոնինկթըն Փարքի եւ Սիլվըրսթոնի (Անգլիա) վազքուղիներուն վրայ բաւական տպաւորիչ եւ յաջող փորձեր կատարելէ ետք, լիբանանահայ երիտասարդ վարորդ Շահան Սարգիսեան (23 տարեկան) հետզհետէ կը դառնայ աւելի հանրածանօթ եւ փնտռուած անուն ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պալ Եւ Ինթեր Միլան – Մարսէյ

March 13, 2012

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Պայէրն Միւնիխ եւ Ինթեր Միլան ճակատագրական մրցումներ ունին կատարելիք: Նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքը երթին օտար դաշտերու վրայ պարտութիւններ ... Շարն.

Թենիս. Ինտիըն Ուելզի Մրցաշարք. Դաւիթ Նալպանտեան Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. Ինտիըն Ուելզի Մրցաշարք. Դաւիթ Նալպանտեան Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

March 13, 2012

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան թենիսի Ինտիըն Ուելզի միջազգային մրցաշարքին Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթելով Մարին Սիլիչի (Խրուաթիա, 24-րդ), ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը:   Շարն.

Կռփամարտ. Հայաստանի Վեց Կռփամարտիկներն Ալ Մետալներու Տիրացան

March 13, 2012

Հելսինքիի մէջ աւարտած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը Հայաստանի կռփամարտիկներուն համար եղաւ մետալներով հարուստ` նկատի ունենալով, որ վեց մասնակցողներն ալ մետալներու տիրացան (1 ոսկի եւ 5 պրոնզ): 75 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ ... Շարն.

Հաննա Եւ Ազար` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը

March 13, 2012

Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, գիշերուան ժամը 23:00-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Թոնի Հաննա եւ Քարեն Ազար: Առաջինը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ինքնաշարժներու ... Շարն.