Category: Մարզական
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԸ
Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Իւնիվերսիատայի ծանրաբարձութեան մրցաշարքին ծիրին մէջ, 77 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Աղասի Աղասեան, տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ ընդամէնը բարձրացուց 337 քկ` 5 քիլոկրամով գերազանցելով ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 1 ՈՍԿԻ, 2 ԱՐԾԱԹ ԵՒ 3 ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ
Նախանցեալ օր Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումները: Բաղդատմամբ ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները աւելի յաջող ելոյթներ ունեցան` տիրանալով 1 ոսկի, 2 արծաթ ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ՍԻՆՍԻՆԱԹԻԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Սինսինաթիի (Միացեալ Նահանգներ) թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան երէկ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը` Քէա Նիսիքորին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր ... Շարն.
www.haysport.am` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺ ԿԱՅՔԷՋԸ
Ներկայ հանգրուանին համահայկական 5-րդ խաղերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցող եւ նոյն շրջագիծին մէջ հետաքրքրական լուսանկարներ տրամադրող www.haysport.am կայքէջը կը նկատուի բաւական աշխուժ: Անիկա համահայկական լուրերէն բացի կը հաղորդէ նաեւ այլ ... Շարն.
ԺԻՒՏՕ. ԳՈՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ` ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի Ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վանաձորցի Գոռ Յարութիւնեան տիրացաւ արծաթ մետալին, երբ 60 քկ դասակարգին մէջ աւարտականին պարտուեցաւ ռուսահայ Արամ Գրիգորեանէն: ... Շարն.
ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ
Հայազգի յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան նախանցեալ օր վերադարձաւ Ուրուկուէյ` նկատի ունենալով, որ ան աւստրիական Ռետ Պուլէն փոխ տրուեցաւ տեղական կազմերէն Նասիոնալի: Ուրուկուէյական մամուլը յայտնեց, որ Նասիոնալի թեքնիք տնօրէնը անդրադառնալով անոր իր ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԱՀԱՆՋԵՑ
Շաբաթասկիզբին Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց նոր դասաւորումը: Ռոճըրզ-Քափ-2011-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած սերպ Նովաք Տիոքովիչ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ աւելիով հեռացաւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն (Սպանիա): Նոյն ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԽԱՂԵՐԸ
- ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՎԱՌԵՑ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՋԱՀԸ - ԽԱՂԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ 30 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 125 ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3200 ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ Շաբաթ, 13 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԱՅՍՕՐ` ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Այսօր` շաբաթ, 13 օգոստոսին, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Համահայկական 5-րդ խաղերուն պաշտօնական բացումը: Մինչեւ 21 օգոստոս Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան պիտի վայելէ աշխարհի ... Շարն.
17-26 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՓԻԵՌ ԺԵՄԱՅԷԼԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԵՆԻՍԻ 3-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՏԸԼՊ ՔԱՈՒՆԹՐԻ ՔԼԱՊ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Տըլպ Քաունթրի Քլապ ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-26 օգոստոսին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փիեռ Ժեմայէլի անուան թենիսի 3-րդ մրցաշարքը: Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգի մրցումները. ... Շարն.
ԷՏԿԱՐ ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆ ՓՈԽ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ՈՒՐԱԼԻ
Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ ակումբին մաս կազմող Էտկար Մանուչարեան, մէկ տարուան համար փոխ տրուեցաւ Ուրալի, որ մաս կը կազմէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին: Անոր նոր ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսան Գերմանիոյ (Պունտըսլիկա) եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Այսօր կը սկսի նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ
13 եւ 15 օգոստոսին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրանի իր հասակակիցներուն դէմ` Հանքաւանի մէջ: Հայրենի կազմը 9 օգոստոսէն ի վեր ուսումնամարզական հաւաք ... Շարն.
ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ` ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՐԹԻ ՄՐՑՈՒՄԸ
Վաղը` կիրակի, 14 օգոստոսին, Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի երթի մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող եւ աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբներէն Ռէալ Մատրիտը եւ Պարսելոնան: Մրցումը, որ ... Շարն.
ՄԻՆՉԵՒ 2013 ՄԱԹԷՈՒՍ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Պորիսլաւ Միհայլով լրագրողներու հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ գերմանացի Լոթար Մաթէուս համաձայն գտնուեցաւ մինչեւ 2013 մնալու երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: 50 տարեկան ... Շարն.
ԱՂՋԿԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՓՐԻՆՑ ԼՔԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ
Գերմանացի Պիրժիթ Փրինց, որ աղջկանց ֆութպոլի պատմութեան մէջ կը նկատուի ամէնէն շատ յաջողութիւն արձանագրած ֆութպոլիստը, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 33 տարեկան ... Շարն.
ԻՐԱՔ Կ՛ՈՒԶԷ ԵՐԿՐԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ԶԻՔՈՆ
Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Քամել Զըղիար մարզական լրագրողներու հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ֆետերասիոնը կ՛ուզէ, որ պրազիլցի Զիքօ նշանակուի երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Իրաք կ՛ուզէ այժմէն ... Շարն.
«ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՐԳԱՆՔ` ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պատասխանատուներէն Ռիչըրտ Սքուտամոր, երէկ կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանին մարզիկներէն եւ մարզիչներէն յաւելեալ յարգանք կ՛ակնկալէ իրաւարարներուն նկտամամբ, այլապէս այդ յարգանքը չցուցաբերողները պիտի ստանան ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. 125 ՔԱՂԱՔ, 3125 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ
Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէն մինչեւ 5-րդ խաղերուն սկիզբը պիտի շարունակէ մասնակցութեան դիմումներ ընդունիլ: Երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած էր, որ մասնակցող քաղաքներուն թիւը հասած է 125-ի, իսկ մասնակցող ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԻՐԱՆԻ ՍՊԱՀԱՆ ՔԱՂԱՔԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցող նոր Ջուղայի հայ Մ. Մ. Արարատ միութեան (Իրան - Սպահան) մարզական պատուիրակութիւնը երէկ` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին մեկնեցաւ Հայաստան: Պատուիրակութեան ընդհանուր թիւը 74 է: Իրանահայ մարզիկները կը ... Շարն.

