Category: Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ. Անպատժելիութիւն Եւ Հաշուետուութեան Բացակայութիւն` Տարբեր Մակարդակի Վրայ

May 30, 2012

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը` Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, կը գնահատուի ընդհանրապէս բացասական: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած դրական յայտարարութիւններէն ետք պաշտօնական Ուաշինկթընը կարեւոր յետընթաց կ՛արձանագրէ Հայաստանի ... Շարն.

Խմբագրական. Մայիսեան Դիմադրողականութիւնը Վաստակելու Համար

May 28, 2012

Առաջին հանրապետութեան կերտումի պայմանները,  անոր ունեցած անժխտելի ճակատագրորոշութիւնը, ամբողջ ազգի լինելութեան խորհուրդի պարփակման փաստը եւ տակաւին հայրենիքի ու հայութեան շարունակականութեան բացարձակ երաշխաւորի հանգամանքը ժամանակակից պայմաններու լոյսին տակ վերլուծելը բազմակողմանի քննարկումներու ... Շարն.

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան Երաշխիքը. (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրութեան Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով)

May 25, 2012

Հարաւային Լիբանանի ազատագրումը կը նշուի լարուած իրավիճակի մէջ: Համալիբանանեան նշումի արժանի ազատագրումը այս պայմաններուն մէջ կը կորսնցնէ իր առաջնային կարեւորութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացին այսօրուան խորհուրդի վերլուծման փորձին առընթեր կը տուայտի ... Շարն.

Ակնարկ. Շիքակօ Չմեկնելու Բուն Շարժառիթը

May 23, 2012

ՕԹԱՆ-ի Շիքակոյի վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին չմասնակցիլը  տեղի կու տայ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Պաշտօնական հիմնաւորումը այն է, որ ՕԹԱՆ-ի ձեւակերպումը կը հակասէ միջազգային ընտանիքին կողմէ համաձայնեցուած միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի որդեգրած ... Շարն.

Ակնարկ. Գնահատականներ` Ինքնակառավարման, Խորհրդարանական Եւ Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասին

May 21, 2012

Միացեալ Նահանգներու դեսպանին գնահատականը` Հայաստանի խորհրդարանական  ընտրութիւններուն մասին, նախատեսելի էր: Որոշ ուշացումով, ընտրութիւններէն տասնմէկ օր ետք կատարուող այս յայտարարութիւնը նախ փորձ կը կատարէ յայտարարութեան բովանդակութեան քաղաքական էութեան վրայ քող ծածկելու, ... Շարն.

Ակնարկ. Անգարա – Թրիփոլի Աշխուժ Եռուզեռը Եւ Բախումնային Պատկերը

May 16, 2012

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն ծայր առած բախումները հերթական անգամ մթագնած են լիբանանեան համապատկերը: Միջազգային լրատուամիջոցներուն հրապարակած լրատուութիւնները թէ պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ անվերջ պատկերասփռուող նկարահանումները պատերազմական ընդհանուր իրավիճակի տպաւորութիւնը կը ... Շարն.

Բազմակուսակցական Ներկայացուածութեամբ Միակուսակցական Գերակայութիւն

May 10, 2012

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններն ու անոր վրայ ձեւաւորուած  Ազգային ժողովի 5–րդ գումարման պատկերը որոշ դիտարկումներու տեղի կու տայ եւ կը յանգեցնէ կարգ մը եզրակացութիւններու: Նախ եւ առաջ պէտք է մտաբերել ... Շարն.

Համալիր Ծրագիրներու Անհրաժեշտութիւն (Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով)

Համալիր Ծրագիրներու Անհրաժեշտութիւն (Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով)

May 9, 2012

Շուշիի ռազմավարական կարեւորութեան, քաղաքի բնակեցման, մշակութային մայրաքաղաքի վերածման անհրաժեշտութիւններուն մասին խօսիլը բացառապէս յոբելենական առիթներու պէտք չէ ըլլայ: Անկասկած, որ ողջունելի է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւններու համապետական մակարդակներով Շուշիի ... Շարն.

Ընտրութիւններէն Շատ Աւելին

May 5, 2012

Վաղը կարեւոր փորձաքար է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններուն մասին չէ խօսքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ամենաբարձր մակարդակներէ յայտարարուած հրապարակային յանձնառութիւնները` ընտրութիւններուն նոր որակ հաղորդելու կամ որակական յեղափոխութիւն յառաջացնելու  խորքին ... Շարն.

Ճեղքել Ներքին Շրջափակումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

May 1, 2012

Մայիսմէկեան ժամանակակից խորհուրդը այս օրերուն առաւելաբար հայ մարդուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հայաստանեան կողմն աշխարհի, այնտեղ շատ արագօրէն նկատելու համար, որ ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ընկերային հարցերը բոլոր ժամանակներէն աւելի գրաւած են ... Շարն.

Նախա-100-Ամեակ

April 30, 2012

Լիբանանահայութեան հերթական ապրիլ  24-ի ստեղծած մթնոլորտը, կազմակերպուած տարբեր բնոյթի ձեռնարկները, համագաղութային մակարդակի վրայ արձանագրուած իրադրութիւնները դիտարկումներու եւ վերլուծումներու դուռ կը բանան անկասկած: Ի հարկէ նկատուած են բացթողումներ, յառաջիկային վերանայելի գործունէութեան ... Շարն.

Զանգուածային Ցոյցով Փաստենք, Որ Տէրն Ենք Մեր Իրաւունքներուն

April 24, 2012

Այսօր կարեւոր օր է լիբանանահայութեան համար: Անթիլիասի Նահատակաց  յուշարձանին առջեւ լսելէ ետք վեհափառ հօր պատգամն ու վերանորոգելէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներուն կտակին հաւատարիմ մնալու մեր համազգային ուխտը, լիբանանահայութիւնը պիտի քալէ դէպի ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. Հանրային Պարտէզն Ու Թուրքիոյ Անվտանգութեան Համակարգը

April 20, 2012

Մեր ընթերցողները  նկատեցին, որ առաջնային կարեւորութեամբ «Ազդակ» հաղորդած էր հիւսիսային Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին հետ կապուած միջադէպին լուրը: Մեր թերթը իր նախանցեալ օրուան խմբագրականով կը փոխանցէր իր ... Շարն.

Խմբագրական. Ազդանշանը Տրուած Է

April 17, 2012

Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի ձեռնարկները սկսած են արդէն: Յայտարարուած է այս ամսուան ընթացքին Ցեղասպանութեան նիւթով տեղի ունենալիք յիշատակի բնոյթի ձեռնարկները` հոգեւոր արարողութիւններով թէ գեղարուեստական  ելոյթներով յատկանշուած,  երիտասարդութեան կողմէ պահանջատիրական կեցուածքներու փոխանցման ... Շարն.

Խմբագրական. Նախընտրական Քարոզարշաւի Փուլը` Ըստ Ձեւի Եւ Ըստ Էութեան

April 10, 2012

Հայաստանի 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզարշաւը պաշտօնապէս սկսած է արդէն: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ համամասնական թէ մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած կուսակցութիւններն ու պատգամաւորական թեկնածուները իւրաքանչիւր օր ու ժամ լիարժէք ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. Սպառած Խաղեր

April 6, 2012

Քոնկրեսին մէջ կայացած լսումներուն ժամանակ` հանրապետական քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ուղղած է քանի մը հարցում, որոնք կը վերաբերին ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական ... Շարն.

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Հայկական Կողմն Ու «Եւրոնեսթ»-ը` Կրկնակի Թիրախներ

April 4, 2012

Պաքուի մէջ կայացած  «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին տեղի ունեցաւ ակնկալուածը: Հիւրընկալող Ազրպէյճանի նախագահը հիւրընկալուող Հայաստանը անուանեց  «ցեղապաշտ», «բռնագրաւող» եւ «գերեզմաններ պղծող»: Երկուշաբթի օրուան նիստերուն որեւէ ձեւով չէր շօշափուած հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը: Երեքշաբթի ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. Վտանգին Տեսանելիութիւնը Եւ Միտումնաւոր Կարճատեսութիւնը

March 28, 2012

Երեւութական որոշ դադարէ ետք, Անգարայի ներկայացուցիչները վերայայտնուած են լիբանանեան հրապարակներուն վրայ` կրթական եւ մշակութային տարազներով: Երկուշաբթի, Պէյրութի մէջ, լիբանանցի  իր գործընկերոջ ներկայութեան Թուրքիոյ կրթութեան նախարարը բացումը կը կատարէր թրքական մշակութային ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. Թիւեր Եւ Մրցակցային Պատկերներ

March 24, 2012

6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական եւ մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած ուժերու եւ թեկնածուներու գրանցման համապատկերը կ՛առաջնորդէ մեկնաբանութիւններու: Նախ, այդ պատկերը կազմող թիւերը: Համամասնական ընտրակարգով առաջադրուած 9 քաղաքական ուժերն են. Հայաստանի հանրապետական ... Շարն.

Օթան-ն Ու Կովկասը` Երեւանէն Դիտուած

March 19, 2012

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՕԹԱՆ-ը մտադիր չէ Արցախի բանակցային գործընթացին միջնորդի դեր վերցնելու, կը վկայէ  անոր համաձայնութիւնը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման: ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այլ բաժիններ եւս ... Շարն.