Category: Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ. «Մեծ Խաղ»-ը Գեղարուեստական Ժխտողականութեան Տարբերակը

March 13, 2012

Անգարայի հակահայ քաղաքականութիւնը գեղարուեստական բաժին ունի: Ուշագրաւ է թրքական աղբիւրներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը, որ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու նպատակով թրքական ֆիլմարուեստը հրապարակ պիտի հանէ «Մեծ խաղ» անունով պատկերասփիւռի յատուկ ... Շարն.

Ակնարկ. Ամերիկեան Եւ Բրիտանական Գնահատականներ

March 10, 2012

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գնահատած է ընդհանրապէս դրական, կեդրոնացած է Հրազդանի ընտրութիւններուն վրայ` զանոնք յատկանշելով մրցակցային ուժեղ քարոզարշաւով: Ապա, դեսպանը փոխանցած է նաեւ իր վերապահութիւնները, ... Շարն.

Հայագիտութիւն Եւ Մեթոտաբանութիւն(Ուսուցիչներու Օրուան Առիթով)

March 9, 2012

Ուսուցիչներու տօնին առիթով ճիշդ է, որ վերլուծումները պէտք է կեդրոնացնել ընդհանրապէս ուսուցչական ասպարէզի այսօրուան վիճակին, մանկավարժութեան ներկայ խնդիրներուն եւ առհասարակ կրթութեան վերաբերեալ այժմէական հարցերուն վրայ: Այսուհանդերձ, մեր պարագային լուսարձակները բնականօրէն ... Շարն.

Առանց Դասակարգումներու (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

March 8, 2012

Կիներու միջազգային օրուան նշումը տարատեսակ եւ տարաբնոյթ եղանակներով տեղի կ՛ունենայ աշխարհի տարբեր միջավայրերուն մէջ: Չտարածուինք տօնին միջազգային երեւոյթներուն մէջ  եւ կեդրոնանանք մեր ածուին վրայ: Տօնը հանգամանաւոր տարողութիւններով եւ հասարակական ծաւալումով ... Շարն.

Լրագրող Մարդուժ Եւ Ընթերցող Մարդուժ («Ազդակ»-Ի 85-Ամեակին Առիթով)

Լրագրող Մարդուժ Եւ Ընթերցող Մարդուժ («Ազդակ»-Ի 85-Ամեակին Առիթով)

March 5, 2012

«Ազդակ» այսօր դարձաւ  85 տարեկան: Տարին յոբելինական է ընդհանրապէս հայ մամուլին համար, որովհետեւ կը զուգադիպի հայկական տպագրութեան  500-ամեակին: Մամուլ, հրատարակչատուներ, մշակութային պետական հաստատութիւններ թէ միութիւններ հայկական աշխարհով մէկ կը նշեն ... Շարն.

Սահմանադրական Խորհուրդին Քաղաքական Գրաքննութիւնը

March 1, 2012

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի արգելակումը` ժխտողականութեան քրէականացման օրինականացման, հիասթափութեան յուզական նոր ալիք պէտք չէ բարձրացնէ հայութեան մօտ: Այնպէս, ինչպէս Ազգային ժողովին եւ ծերակոյտին քուէարկութիւնները երախտագիտական զեղումնային հակազդեցութիւններ պէտք չէ ստեղծէին հայ ... Շարն.

Իրաւական Պատրաստուածութիւն Եւ Քաղաքական Հզօրացում

February 28, 2012

Լիբանանահայութեան ազգային-քաղաքական կեանքի եռուզեռը կը շարունակուի: Անթիլիասի միջազգային խորհրդաժողովը հազիւ աւարտած,  լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց սումկայիթեան եղեռնագործութեան զոհերուն յիշատակը, այս անգամ յատուկ նշումով: «Ղարաբաղեան վէրքերը» փաստավաւերագրական առումով պատերազմի արհաւիրքը, Պաքուի իրականացուցած ջարդերն ... Շարն.

ՆԱԽԱՔԱՅԼ` ԴԷՊԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ

February 24, 2012

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներն ու քննարկումները կ՛ընդգծեն հայութեան հետ կապուած ամէնէն հրատապ թեմաներու եւ կարեւորագոյն խնդիրներու լիբանանահայ միջավայրի մէջ քննարկման հանգամանքը: Անշուշտ իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. ՇՊԱՐԱՅԻՆԷՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

February 18, 2012

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի յայտարարութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առիթով ուշադրութիւն գրաւող բովանդակութիւն կը պարփակէ: Արդարեւ, Հրազդանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն դեսպանը անձամբ հետեւած է եւ յայտնած. «Ինծի համար ... Շարն.

ՄԵՐ ԹԻՒ 1 ԽՆԴԻՐԸ (ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ)

February 16, 2012

Արցախեան հիմնահարցի հոլովոյթի վերջին զարգացումները նկատի ունենալով կարելի է բանաձեւել, որ քաղաքական Աւարայր մղելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի (եթէ ոչ այդ ընթացքին մէջ է արդէն) հայութիւնը: Իրան-Ազրպէյճան ստեղծուած աննախադէպ լարուածութիւնը, ... Շարն.

ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ-ԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

February 11, 2012

Շրջանային կացութիւնը անմիջականօրէն տագնապալի բնութագրուելու բոլոր բաղադրիչները կը լրացնէ: Հալէպի մէջ կատարուած ականահարումները, զոհերուն թիւը, ընտրուած վայրերը աւելիով կը խորացնեն Սուրիոյ տագնապը` նախանշելով դէպքերուն նոր տարողութեան մը ահագնացումը: Սուրիոյ զարգացումները ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՀՈՍՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԸ

February 6, 2012

Արաբական երկիրներու տարածքին արձանագրուող զարգացումներուն մասին հայկական կարգ մը լրատուամիջոցները, ինչպէս շրջանային նման իրադարձութիւններու պարագային, կը շարունակեն առնուազն ոչ ինքնուրոյն լրատուութիւններ հրապարակել: Աւելի մանրամասնելու համար ըսենք, որ միջազգային լրահոսի տրամադրածը ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. ԿԵՍՈՅԻ ՕՐԷՆՔԻՆ ԵՒ ՊՈՒԱՅԷԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՄԻՋԵՒ ՊԱՐԶԵԼԻՔ ԿԷՏԵՐ

February 2, 2012

Ֆրանսական օրինագիծին Սահմանադրական խորհուրդ յղումին եւ վիճարկումի որոշումին առիթով քանի մը հարցումի պատասխան պէտք է յստականայ. ա.- Ի՞նչ հիմնաւորումներով ժխտումի քրէականացումի աշխատանքներուն առաջին հանգրուանին, Ֆրանսայի նախագահին միջամտութեամբ օրինագիծին ծերակոյտին կողմէ ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃԻԳԵՐ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

January 31, 2012

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումը եւ անոր առիթով կատարուած յայտարարութիւնները հայկական հայեցակէտերէ դիտուած խորհրդածութիւններու առիթ կու տան: Նախ, հանդիպումին համար ընտրուած ժամանակը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ օրինագիծի ... Շարն.

ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

January 28, 2012

Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւններուն շքեղագոյնը հայոց բանակի շքերթն էր, որ իր ստեղծած զգացականութեան անմիջական ալիքէն զատ յստակ պատգամներ ունէր ուղղուած մեր երկիրը շրջապատած ու շրջափակած թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանին: ... Շարն.

ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ X 2

January 25, 2012

Ֆրանսայի ծերակոյտին քուէարկութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ բեկումնային հանգրուան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Որոշումի յանգման դրդապատճառները, շարժառիթները տարատեսակ են: Այդ բոլորի մասին տակաւին կ՛անդրադառնան ինչպէս միջազգային եւ ֆրանսական լրատուադաշտը, ... Շարն.

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԽԱԲԿԱՆՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

January 24, 2012

Հրատապ-այժմէական նիւթ  որդեգրած է Անթիլիասի մէջ այսօր սկսող համագումարը: Քրիստոնեայ-իսլամ միջինարեւելեան գոյակցութիւնը հայկական առումով եւս ռազմավարական նշանակութիւն ունի, պարզ այն պատճառով, որ անիկա ուղղակի կը վերաբերի միջինարեւելեան մեր գաղութներու լինելութեան ... Շարն.

ՁԳՁԳՈՒՈՂ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՄԱ

January 20, 2012

«Ակօս»-ի նախկին գլխաւոր խմբագիրին սպանութիւնը հրահրողներուն, կազմակերպողներուն եւ գործադրողներուն  դատավարութեան երկու օր առաջուան վճիռը ցնցիչ գործօնի դեր ունեցած է թրքական հասարակութեան համար: Ընտրուած ժամանակի (թայմինկ) գործօնը միշտ կարեւոր է  նկատի ... Շարն.

ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԷՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ

January 17, 2012

ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առիթով Լիբանան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հանդիպումներուն հետեւելով կարելի է որոշ դիտարկումներ կատարել եւ փորձել անոնց հիման վրայ եզրայանգումներու ընդհանուր ուրուագիծեր ... Շարն.

ԱԿՆԱՐԿ. ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

January 14, 2012

Թուրքիոյ նախագահին տուած հարցազրոյցը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին առաջին հայեացքով նորութիւն չի բերեր Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Անգարայի պաշտօնական կեցուածքներուն վրայ: Հետեւեալ կէտերուն մէջ կ՛ամփոփուին նախագահ Կիւլին յայտնածները. ա.- Փորձ կը կատարուի ... Շարն.