Category: Հայկական
Նուլընտ Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատակամ են շարունակելու կողմերուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ նախարարութեան ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Միացաւ Ազատութեան Հրապարակի Հանրահաւաքին. Դաշնակցութիւնն Այստեղ Է` Ժողովրդի Կողքին
Երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուար 2013-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին սկսած Ժառանգութիւն կուսակցութեան հանրահաւաքին նախ ելոյթ ունեցաւ կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Ապա ելոյթներով հանդէս եկան կուսակցութեան երիտասարդ ներկայացուցիչները: ... Շարն.
Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ներկայացուց Սարգսեանի Հետ Ունեցած Իր Զրոյցին Մանրամասնութիւնները
Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանրահաւաք, որուն ընթացքին բազմահազար ցուցարարներու ներկայութեան խօսք առնելով կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց օր մը առաջ նախագահական նստավայրին ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Պաքուի Հեղինակած Խնդրագիրներուն Հարցով Դիմած Է Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին
Էլման Ապտուլլա Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կից Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին` խնդրելով նախքան Պաքուի հեղինակած հակահայկական եւ հակաարցախեան ... Շարն.
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ընդառաջելով Ազրպէյճանի Պահանջին Կը Յայտարարէ. «Սերժ Սարգսեանին Ուղղուած Շնորհաւորանքը Կատարուած Է Թրքական Դիւանագիտութեան Աւանդութիւններուն Համապատասխան»
Ի պատասխան ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թրքական գրասենեակի հարցադրումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակի մը մէջ կը նշէ, որ նախագահ վերընտրուելու կապակցութեամբ Սերժ Սարգսեանի յղուած շնորհաւորական ուղերձը կատարուած է թրքական ... Շարն.
Չանաքքալէի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Սուֆիական Ծէսեր Կը Կատարուին
Չանաքքալէի հայկական եկեղեցւոյ մէջ թուրքերը վերջերս սուֆիական խորհրդապաշտական ծէսեր կը կատարեն: Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Գէորգ եկեղեցին հայ համայնքին հեռացումէն ետք վերածուած է ... Շարն.
Ազրպէյճան Հայաստանի Նախագահին Շնորհաւորելու Վերաբերեալ Թուրքիայէն Բացատրութիւններ Կը Պահանջէ
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի փոխնախագահ, արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է յստակութիւն մտցնէ այն շնորհաւորանքի հարցով, որ Թուրքիոյ նախագահ ... Շարն.
Նախագահական Նստավայրին Մէջ Սարգսեան Ընդունեց Րաֆֆի Յովհաննիսեանը
Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ 18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւններուն եւ յետընտրական շրջանին վերաբերող ... Շարն.
Հանրապետական Կուսակցութիւնը Հրաժարեցաւ Ազատութիւն Հրապարակին Վրայ Հանրահաւաք Կատարելէ
Էդուարդ Շարմազանով Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ կուսակցութիւնը կը հրաժարի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ ծրագրած իր ... Շարն.
Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպան. «Խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի Մուտքը Պիտի Յանգեցնէ Շրջանի Նոր Խնդիրներու»
Մոհսեն Փաք Այեն «Երկիր» կայքէջը` յղում կատարելով իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաք-Այեն յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ խաղաղապահներու մուտքը պիտի յանգեցնէ շրջանի ... Շարն.
Րաֆֆի Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը երէկ հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Րաֆֆի Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն ... Շարն.
Նախարար Օհանեան Մեկնեցաւ Պրիւքսէլ
Սէյրան Օհանեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ` մասնակցելու 22 փետրուարին Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած գործողութիւններուն մասնակցող երկիրներուն պաշտպանութեան ... Շարն.
Րաֆֆի Յովհաննիսեան Սարգսեանը Ազատութեան Հրապարակ Հրաւիրեց` Կազմակերպելու Իշխանութեան Փոխանցման Արարողութիւնը
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ դիրքը գրաւած Րաֆֆի Յովհաննիսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ իր աջակիցներուն հետ պիտի մնայ հրապարակին վրայ եւ այսօր ... Շարն.
Շփման Գիծին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է
Նախանցեալ օր հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ` հակառակորդի կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացու վէրք ստացաւ 21-ամեայ ժամկէտային զինուոր Գոռ Ղազարեան: Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Ժողովրդի Կողքին Է, Համատեղ Ուժերով Լուծումներ Գտնելու Կողմնակից
Յայտարարութիւն Յարգելի՛ քաղաքացիներ Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրուայ ընթացքին, տեղամասերում քուէարկութեան ամփոփմանը, վերլուծելով ստացուած տեղեկատուութիւնը եւ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի յայտարարած նախնական արդիւնքները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ներկայացնում է իր ... Շարն.
ՀՅԴ-ի Շնորհաւորական Ուղերձը` Արցախեան Շարժման 25-ամեակին Առիթով
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր, փետրուարի 20-ին, լրանում է Արցախեան շարժման 25-րդ տարեդարձը: Արցախեան պայքարի շնորհիւ ազատագրուեց մեր հայրենիքի մի հատուածը, ստեղծուեց մեր նորօրեայ անկախ պետականութիւնը: Արցախեան շարժումը հայ ժողովրդին վերադարձրեց հպարտութիւն, ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Ընտրութիւններուն Արձանագրուած Յառաջընթացը
Եւրոպական Միութեան փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթըն եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ նախանցեալ օր իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ նշեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Կապոյտ Գիրք»-ը Նամակատունով Ուղարկուած Է Թուրք Երեսփոխաններուն
Ռակըփ Զարաքոլու «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները համախմբող «Կապոյտ գիրք»-ը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարան: Գիրքը Թուրքիոյ խորհրդարան ուղարկուած էր նաեւ չորս տարի առաջ, սակայն օրին խորհրդարանի ... Շարն.
Ֆրանսացի Երեսփոխանը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Սեփական Անցեալի Հետ Հաշուի Նստելու Եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Ֆրանսուա Ռոշպլուան Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի փոխնախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի մէջ անպայման ... Շարն.
Աքրամ Այլիսլի Կը Պատրաստուի Հայտար Ալիեւի Յանցագործութիւններուն Մասին Գիրք Մը Հրատարակելու
Աքրամ Այլիսլի Ազրպէյճանական contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերու մասին «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլի կը պատրաստուի նաեւ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի կատարած յանցագործութիւններուն մասին ... Շարն.

