Category: Հայկական
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԸ, ԱՊԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՍԹԱՆԱ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոս, ուր այդ երկրի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ Լիմասոլի նաւահանգիստին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Արմենիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ նաւարկութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր ... Շարն.
«ԵԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԸԼԼԱՅ, ՄԵՆՔ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ.ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 20-ամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեան յայտարարեց, որ «եթէ պատերազմ ըլլայ, մենք դարձեալ պիտի յաղթենք»: ... Շարն.
ԱՐՑԱԽ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
18 սեպտեմբերին Արցախի 227 համայնքներէն 209-ին մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հերթական հինգերորդ ընտրութիւնները: Նշեալ համայնքներէն 149-ին մէջ տեղի պիտի ունենան համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամներուն, 2 համայնքներու ... Շարն.
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ ԱԼԻՔ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Նախանցեալ օր Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեան խօսեցաւ Կարապի լիճին մօտ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի երիտասարդ գործիչներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին մասին եւ ներկայացուց դէպքին մանրամասնութիւնները: Ան երիտասարդները մեղադրեց ... Շարն.
ԸՍՏ ՌԻՔԱՐՏՈՆԷԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԳՈՐԾԷԻՆ ՄԻՆՉԵՒ 1915, ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԳՈՐԾԵԼ ԻԲՐԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի գրաւոր այն հարցումին, թէ «մինչեւ 1915 ներկայ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործած ... Շարն.
ԷՍԹՈՆԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԳՈՐԾԱԾ ԱՆՁԸ` ԿԱՐԷՆ ԴՐԱՄԲԵԱՆ
Հայաստանէն Էսթոնիա ներգաղթած, 57-ամեայ Կարէն Դրամբեան նախանցեալ օր ներխուժած էր Էսթոնիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ կրակ բացած էր երկու ատրճանակներով: Ան իրեն հետ ունեցած է նաեւ հարիւրի չափ փամփուշտ եւ պայթուցիկ ... Շարն.
ԸՍՏ «ՌԵԿՆՈՒՄ»Ի ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՐՏՔԸ
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով շրջանին մէջ իր աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յուլիսին Թուրքիա այցելութեան ընթացքին ուրուագծուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի նոր հեռանկարային ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՀԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԳԵՐԻԻՆ ԲՈՂՈՔԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ
Հինգ ամիս առաջ ազրպէյճանական գերութենէն վերադարձած Արթուր Բադալեանի բողոքը ընդդէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արդէն ուղարկուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Շուրջ երկու տարի գերութեան մէջ անցուցած Հայաստանի 32-ամեայ քաղաքացին կը բողոքէ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ այցելեց զինեալ ուժերու 2-րդ բանակային զօրամիաւորման ենթակայութեամբ գործող զօրամասերէն մէկը եւ ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան պայմաններուն: Ելոյթ ունենալով զինուորներուն առջեւ, պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուց զինեալ ուժերուն ... Շարն.
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը երէկ դատապարտեց իր գործիչներուն հետ տեղի ունեցածը` զայն որակելով սադրանք եւ դիտարկելով իբրեւ «իշխանութիւններուն արձագանգը երկխօսութեան ծիրին մէջ սկսած արտակարգ ընտրութիւններու մասին բովանդակային քննարկման»: Քոնկրեսին տարածած ... Շարն.
ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼՈՎ ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ. «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով` մեկնաբանելով Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, կը յայտնէ, որ ... Շարն.
ԱՆԳԱՐԱ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԵԼԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԻ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բողոքարկած է Պոլսոյ 10-րդ վարչական դատարանի տուած որոշումը, ըստ որուն, անիկա իբրեւ հատուցում պէտք է Տինքի եղբայրներուն` Խոսրովին եւ Երուանդին ... Շարն.
ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՏԱԳՆԱՊԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ
Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սոչիի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն գլխաւոր նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթն էր: Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ... Շարն.
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակները երէկ աւելի քան հինգ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկեցին օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման հարցը: Երկխօսութեան օրակարգին ... Շարն.
«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ յայտարարեց, որ իշխանութիւնները արտակարգ ընտրութիւններու պիտի չերթան: Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ արտակարգ ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, պարզապէս Հայ ... Շարն.
ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան յայտարարած է, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան պատարագը տեղի պիտի ունենայ 11 սեպտեմբերին: ... Շարն.
ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ
Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը հաւանական չէ: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հարցումին` երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Մարտիրոսեան յայտնեց, որ ... Շարն.

