Category: Հայկական
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուի հայրենիք- սփիւռք կապերուն մէջ եւ նաեւ դերակատար ... Շարն.
ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԿԸ ԴԺԳՈՀԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուի հետ եւ իր դժգոհութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի կառոյցներէն` Հայաստանի մէջ կեղծուած ընտրութիւններուն վերաբերեալ անոնց տուած իրերամերժ գնահատականներուն ... Շարն.
«1 ՄԱՐՏԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ՊԱՏՐՈՒԱԿ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չբացառեց, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան քաղաքական աշխուժութիւն պիտի ցուցաբերէ 2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Սակայն ան նշեց, ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԵԱՀԿ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուն: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿ-ի տարբեր կառոյցներուն, ներառեալ` Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը` ընդգծելով, յատկապէս ժողովրդավարական բարեփոխումներու, անվտանգութեան, մամլոյ ... Շարն.
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը երեքշաբթի օր այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, ուր կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութիւրքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ... Շարն.
«1 ՄԱՐՏԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՁԵՌՆՏՈՒ ԷԻՆ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ԱՅՍՕՐ ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԿԸ ՇԱՀԱՐԿԵՆ ԶԱՆՈՆՔ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տրուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ 1 մարտի ողբերգական իրադարձութիւնները ձեռնտու էին անոնց, որոնք այսօր անընդհատ կը շահարկեն զանոնք, բայց հաստատապէս ... Շարն.
ԸՍՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ. 2012-ԻՆ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՊԻՏԻ ՄՏՆԷ
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր համոզում յայտնեց, որ 2012-ին Հայ ազգային քոնկրեսը պիտի մտնէ խորհրդարան, սակայն ժողովուրդը պիտի որոշէ անոր աթոռներուն թիւը: Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես- իշխանութիւն երկխօսութեան` ... Շարն.
ԷՖԹԻՄԻՈՒ. «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 մայիսին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀկ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուի հետ: Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ ԵԱՀկ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը միջխորհրդարանական համագործակցութեան կայացած ձեւաչափ ... Շարն.
ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ ՇԱՆԹԱԺ Կ՛ՈՐԱԿԷ
Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին օրը` 9 մայիսին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին եւ Ազրպէյճանին զինեալ ուժերու շփման գիծը հանգիստ է: Շուշիի մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան յայտնեց, ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
5-7 մայիսին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիական քաղաքական կուսակցութեանց միջազգային խորհրդաժողովը` նուիրուած բնական աղէտներու եւ կենսոլորտային պաշտպանութեան: Խորհրդաժողովը կը վայելէր Մալեզիոյ Ազգային միացեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը: Խորհրդաժողովին մասնակցողներուն ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇԵՑԻՆ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 19-ԱՄԵԱԿԸ
Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երէկ ուղերձներ յղեցին յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: «Մենք տասնամեակներ շարունակ կը նշենք այս տօնը, որ մեր հայրերու եւ պապերու սխրանքի արդիւնքն ... Շարն.
«ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԻԲՐԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔ ՍՏԵՂԾԱԾ ԵՆՔ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ
«Մեր պայքարի արդիւնքը ուղղակի այնպէս չէ անցած, մենք ստեղծած ենք պետութիւն, մենք ունինք անկախ ապրելու իրաւունք, ազատ ենք այսօր եւ ազատ արարումները կարելիութիւն կու տան աւելի ստեղծագործ մօտեցում ունենալու մեր ... Շարն.
«ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԱՄԷՆԷՆ ՅԱՋՈՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԷՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ընկերակցութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն Տանիել Եոհաննեսը, որ Հայաստան ժամանեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» հիմնադրամին կողմէ երկրին մէջ իրականացուած հինգ տարուան ծրագիրին արդիւնքներուն ծանօթանալու նպատակով: ... Շարն.
«ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՑ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԸՆԹԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան երէկ «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի բանտարկուած գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ... Շարն.
«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ԿԸ ՓՆՏՌԷ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական Պաքուն մեղադրեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը ձգձգելու եւ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսելու առիթ փնտռելու յանցանքով: «Դժբախտաբար Ազրպէյճանը կը շարունակէ իրավիճակը լարել կրկնուող եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան չափանիշներուն ... Շարն.

