Category: Լիբանանեան
Կրթութեան Նախարարութիւնը Յայտարարեց Պետական Քննութեանց Դիմումի Ժամանակացոյցը
Կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք, երէկ շրջաբերականով մը յայտարարեց Պրէօվէի եւ Պաքալորէայի պետական քննութեանց երկրորդ հանգրուանի դիմումներու ժամանակացոյցը` հետեւեալ ձեւով. - Երկրորդականի քննութիւնները` անոնց չորս բաժանմունքներով, 13-էն 20 օգոստոս ... Շարն.
Քանատա Զօրավիգ Կը Կանգնի Լիբանանի Գերիշխանութեան
Պերտ եւ վարչապետ Միքաթի Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պերտ բարձր գնահատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ճիգերը` «Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման գծով, շրջանի այս տագնապալի պայմաններուն մէջ»: Երէկ գիշեր միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ... Շարն.
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յստակացնէ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յստակացուց, թէ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրի երկօրեայ վարչական արձակուրդով Լիբանան ժամանած է` հերքելով, թէ ան լքած է իր դեսպանի պաշտօնը: Շարն.
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Զգուշացնէ Իր Քաղաքացիները
Ամերիկեան դեսպանատունը երէկ զգուշացուց իր քաղաքացիները «ահաբեկչական» յարձակումներու վտանգէն` թելադրելով, որ անոնք աչալուրջ ըլլան իրենց շրջագայութեան ընթացքին: Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ կէսօրէ ետք իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու տեղակալ Կրեկորի Սթարը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ... Շարն.
Միշել Սըմահա Կը Ձերբակալուի Ապահովական Բնոյթի Ամբաստանութիւններով. Ռաատ. «Լուռ Պիտի Չմնանք Պատահարին Գծով»
Միշել Սըմահա Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին ներխուժեց նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ամարանոցը եւ ձերբակալեց զայն: Սըմահայի բնակարանը, որ կը գտնուի Խընշարայի մօտակայ Ժուար շրջանին մէջ, ... Շարն.
Սլէյման Կառչած Կը Մնայ Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքին
Նախագահ Սլէյման` Փլամպլիի հետ հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ: Ան նկատել տուաւ, ... Շարն.
Խմբագիրներու Սենտիքային Հետ Հանդիպումին Ընթացքին` «Սմահա Ձերբակալուած Է Ապահովական Ենթահող Ունեցող Դրդապատճառներով» Կ՛ըսէ Վարչապետ Միքաթի
Միքաթի` խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Աուն յայտնեց, որ ... Շարն.
Ընտրական Օրէնքին Մասին Կարծիքներ
Կառավարութեան վաւերացուցած համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքին մասին նախանցեալ օր բարձրացած քննադատական ալիքը եւ մերթ ընդ մերթ արձանագրուած գնահատանքը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ ... Շարն.
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեղակայուած Թրքական Ջոկատը Մտահոգ Է Առեւանգումի Սպառնալիքներէն
Լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ «Նաու Լեպանոն» կայքէջին յայտնեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասը մտահոգ է իր դէմ ուղղուած առեւանգումի սպառնալիքներէն եւ այդ պատճառով ալ ամրապնդած ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ դէպի Սուրիա արտածումները 29 առ հարիւրի համեմատութեամբ բարձրացած են: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Իրան Հըզպալլան կը գործածէ իբրեւ գործիք` Լիբանանը ... Շարն.
Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին «Լիբանանեան Պետութիւնը Կը Հետեւի Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձի Ջանքերուն» Կը Շեշտէ Միքաթի
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի դրուատեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած էր համամասնական դրութեան վրայ, Լիբանանը կը ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձը Կը Մնայ Անորոշ
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներէն երկուքին փախուստին եւ անոնց գտնուած վայրին վրայ կատարուած յարձակումին մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են: Ան հաստատեց, որ ... Շարն.
Սլէյման Թարապէյի Հետ Քննարկեց Դրամատնային Եւ Ելեւմտական Մարզերուն Իրավիճակը
Նախագահ Սլէյման եւ Ժոզեֆ Թարապէյ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց երկրին դրամատնային եւ ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այն ... Շարն.
Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպումին
Երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստին ընթացքին վաւերացուած ընտրական ... Շարն.
Ժահժահ Եւ Ժոմպլաթ Կը Մերժեն Ընտրական Նոր Օրէնքը
Սամիր Ժահժահ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յետմիջօրէին Մաարապի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որուն ... Շարն.
Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Կ՛առաջադրեն Նախաձեռնութիւն Մը
Ֆարես Սուէյտ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն աւարտին նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛առաջադրեն նախաձեռնութիւն մը, որուն հիմամբ պէտք ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՍՏ «Նաշրա» կայքէջին, Սուրիոյ պաղեստինեան գաղթակայաններէն Լիբանան ժամանած 200 պաղեստինցի ընտանիքներ հաստատուեցան Այն Հելուէ: «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները կրնան վերադառնալ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցին, եթէ ... Շարն.
Կառավարութիւնը Վաւերացուց Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքը
Վարչապետ Միքաթի եւ նախագահ Սլէյման` կառավարութեան նիստին ընթացքին Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ ... Շարն.
«Եթէ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցը Չլուծուի, Լիբանանի Մէջ Թուրքերը Իրենք Զիրենք «Հիւրեր» Թող Նկատեն» Շեշտեց Շէյխ Զղէյպ
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ ուղղուեցան թրքական դեսպանատուն, ուր անոնք նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով արտաքին գործոց նախարարէն իր մօտ հրաւիրել Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ անոր խիստ ոճով ... Շարն.




