Category: Լիբանանեան

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 28, 2011

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստէն ետք ընտանեկան արձակուրդով մը պիտի մեկնի երկրէն: ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման  լրջօրէն կ'աշխատի յառաջիկայ տարեսկիզբին վերսկսելու լիբանանեան ... Շարն.

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

December 27, 2011

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ մենք խաղաղութիւնը կերտող անձնաւորութիւններէն կ՛ըլլանք, երբ երկրին ընկերային-տնտեսական կացութիւնը ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

December 27, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթավերջին Ամշիթի իր բնակարանին մէջ շարունակեց ընդունիլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնցմէ շնորհաւորութիւններ ընդունեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Շնորհաւորողներուն շարքին ... Շարն.

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

December 27, 2011

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին կատարեց շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընդմէջէն ան շնորհաւորեց քրիստոնեայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթով: Այս ծիրին մէջ, միւֆթի Քապպանի ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

December 27, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, վարչապետարանին մէջ կազմակերպեց իւրայատուկ խրախճանք եւ ընդունելութիւն` Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներուն եւ մարդասիրական հիմնարկներուն համար: Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, ... Շարն.

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ»

December 27, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ս. Ծնունդի տօնին եւ Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց խոստանալով շարունակել բարեկարգումի ուղին, բարելաւել կառավարութեան աշխատանքի եղանակը, ինչպէս նաեւ բոլոր ... Շարն.

ՂՈՍԸՆ. «ՔԱՅԻՏԱՅԻ ՄԱՍԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԵՆ ՅՍՏԱԿ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ»

December 27, 2011

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանէն Սուրիա թափանցած Քայիտայի անդամներուն մասին իր կատարած յայտարարութիւնները հիմնուած էին յստակ տեղեկութիւններու վրայ եւ կարելի չէր զանոնք երեւակայութիւն կամ օդին մէջ կատարուած ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

December 27, 2011

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ լոյս ընծայուած իր գրութեամբ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 27, 2011

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց իրաքեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իզզաթ Շահպանտարի: Քննարկուեցան իրաքեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ առնչութեամբ Իրաքի նախաձեռնութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ խորհրդարանի ... Շարն.

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

December 24, 2011

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2011-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին: Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ

December 24, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ արձանագրուած պայթումները` դիտել տալով, որ այսօր արաբ դէտերուն առաջին ... Շարն.

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ

December 24, 2011

Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Ֆրանսական խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ թրքական բուռն  հակազդեցութիւններուն: Այս շրջագիծին մէջ, «Անուար» օրաթերթը կը գրէ. «Ֆրանսական խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ... Շարն.

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

December 24, 2011

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ  Պերթրան Մատու Ռաքը, որուն հետ քննարկեց զինուորական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ: ... Շարն.

ՄԱՆՍՈՒՐ. «ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ»

ՄԱՆՍՈՒՐ. «ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ»

December 24, 2011

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան խրախճանքին ընթացքին շեշտեց, որ նախարարութեան ուսերուն բեռցուած պատասխանատուութիւնը յաւելեալ աշխատանք եւ լուրջ ծրագիրներու ... Շարն.

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԵՒ ՖՐԵՆԺԻԷ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ

December 24, 2011

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը երէկ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը թիրախ դարձուցած երկու ահաբեկչական պայթումները, որոնք պատճառեցին տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Հըզպալլա այդ պայթումներուն յանցանքով ամբաստանեց Միացեալ Նահանգները` ... Շարն.

ԼԻՆՕ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԻՐ ԹԻԿՆԱՊԱՀԸ ՍՊԱՆՆՈՂԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է

December 24, 2011

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսայի (ծանօթ` Լինօ ծածկանունով) երէկ «Ախպար» օրաթերթին հաստատեց, որ իր թիկնապահներէն Ամեր Ֆըսթոքը սպաննող յանցագործը` Ապըտ Ապտալլա Ղազզի, ձերբակալուած է: Լինօ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 24, 2011

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք Քասսար յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

December 23, 2011

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ յատկապէս ֆրանսական զօրամասին դէմ գործուած պայթումէն ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խորհրդանշական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան եւ այցելեց ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ

December 23, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի շեշտեց իր վստահութիւնը դրամատնային մարզին նկատմամբ` աւելցնելով, որ անիկա ... Շարն.

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ  ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

December 23, 2011

Կառավարութեան կողմէ նախանցեալ օր երրորդ անգամ ըլլալով ճշդուած աշխատավարձի յաւելումը երէկ մերժուեցաւ տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ: Տնտեսական խորհուրդները երէկ գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, թէ կառավարութեան կողմէ ճշդուած ... Շարն.