Category: Լիբանանեան

ՊԸՐՐԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

July 9, 2011

Ըստ «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անձնական օդանաւով մեկնած է Պէյրութէն`  ընկերակցութեամբ իր ընտանիքին: «Մարքազիա» գործակալութիւնը յաւելեալ տեղեկութիւններ չփոխանցեց Պըրրիի այցելած վայրին եւ անոր վերադարձի հաւանական թուականին մասին: ... Շարն.

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ. «ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է»

July 9, 2011

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ այս հանգրուանին տիրող քաղաքական լարուածութեան եւ սուր երկփեղկումի մթնոլորտին մէջ կարելի չէ համայնքային եւ յարանուանական բանավէճի մէջ մտնել, մանաւանդ նկատի ունենալով ... Շարն.

ԺԱՀԺԱՀ. «ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ Ի ԳՈՐԾ ՊԻՏԻ ԴՆԵՆՔ` ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

July 9, 2011

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան նման կառավարութիւն մը ունեցաւ, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը ամէն բան կը ներկայացնէ, բացի ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 9, 2011

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բոլորին հետ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնել այնպիսի պետութիւն մը, որ բոլոր քաղաքական կողմերուն երազն է: ... Շարն.

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

July 8, 2011

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը երէկ հասան իրենց աւարտին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան շնորհելով 68 թեր քուէներ, այսինքն` խորհրդարանի ներկայ մեծամասնութեան անդամներուն քուէները: Երեսփոխաններ Ռոպեր Ղանեմ եւ Իմատ Հութ ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

July 8, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Քաթարի փոխվարչապետ շէյխ Ապտալլա Համատ Աթիէն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մհաննատիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս ... Շարն.

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

July 8, 2011

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին քաղաքական ... Շարն.

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՎ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՎ

July 7, 2011

Կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհման նիստերուն գումարումը շարունակուեցաւ երէկ: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պաշտօնապէս բաց յայտարարեց երրորդ նիստը, որուն ընթացքին առաջին խօսքը արտասանեց երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որ յայտնեց, ... Շարն.

ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

July 7, 2011

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ազգային եւ կրօնական ... Շարն.

ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

July 7, 2011

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստացաւ նամակ մը, որ յղուած էր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան ծագումով աւստրալիացի երեսփոխան Թոնի Իսա, որուն ընկերակցեցաւ ... Շարն.

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ  ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԵՐ

July 6, 2011

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը երէկ սկսան` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Խորհրդարանի նիստերուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին` ներկայութեամբ երեսփոխանական տարբեր պլոքներու ներկայացուցիչներուն: Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԸ

July 6, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Զուիցերիոյ կառավարութեան յատուկ պատուիրակ Ժան Տանիէլ Ռոշը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի: Հանդիպումին ... Շարն.

«ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

July 6, 2011

Երէկ, Դիմադրութեան վիրաւորներու օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ Դիմադրութեան պայքարի պատմութեան մէջ նոր հանգրուան մը սկսած է, եւ այդ հանգրուանը ... Շարն.

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՍԱՅԻՏ ԱՔԼ` 100 ՏԱՐԵԿԱՆ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՍԱՅԻՏ ԱՔԼ` 100 ՏԱՐԵԿԱՆ

July 6, 2011

Լիբանանցի համբաւաւոր բանաստեղծ Սայիտ Աքլ տօնեց իր ծննդեան 100-ամեակը` Լուէյզիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր բազմաթիւ հրաւիրեալներու կողքին ներկայ եղաւ նաեւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ան օրհնեց բազմաբեղուն գրիչի տէր, ... Շարն.

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ՊԷՏՔ Է ՏԱԼ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ

July 6, 2011

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ դրուատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի շաբաթ երեկոյեան արտասանած խօսքը` նկատել տալով, որ այդ խօսքին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ այն փաստը, որ սէյիտ Նասրալլա ... Շարն.

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՔԱՍՍԱՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

July 6, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Զուիցերիոյ պատուիրակ Ժան Տանիէլ Ռոշը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան կարելիութիւնը, ինչպէս ... Շարն.

ՊԱՐԱՔ. «ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԼԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՍՈՎՈՐ ՑՆՑՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ»

July 6, 2011

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երէկ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով Հըզպալլայի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը Լիբանանի մէջ անսովոր ցնցումներ կը յառաջացնէ: Պարաք նկատել տուաւ, որ տակաւին յստակ ... Շարն.

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ՞

July 6, 2011

Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի քննարկէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատին աշխատանքներուն եւ կեցութեան մէկ տարիով երկարաձգումը` սկսեալ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերէն: Նշենք, որ թրքական ուժերը հարաւային ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

July 5, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ կառավարութեան տրուելիք վստահութեան քուէի նիստերուն ներկայանալու ... Շարն.

«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ Է, ԻՍԿ ԵՐԿՐԻՆ ՔԱՆԴՈՒՄԸ` ՈՃԻՐ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

July 5, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նիստը դարձեալ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութիւնը շահագործած է` իր ... Շարն.