Category: Լիբանանեան
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներքին գործոց նախարարութեան թնճուկը լուծուած է` նախարար Զիատ Պարուտը պահելով իր պաշտօնին վրայ: Անոնք նշեցին, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին Միքաթի ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԹԵՒԵՐԸ
Անցեալ ուրբաթ օր` Ս. Աստուածածնի աւետման տօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի նորընտիր պատրիարքին գահակալման արարողութիւնը: Պքերքէի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած գահակալման արարողութեան ներկայ գտնուեցան մարոնի նախկին պատրիարք ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
Երէկ կանուխ առաւօտեան, Զահլէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ ականահարման ոճրային արարքին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Զաքքա Իուաս պատրիարքին հետ` խստիւ դատապարտելով ասորի եկեղեցւոյ ... Շարն.
ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Մինչ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգման դրդապատճառները եւ անոնց ճակատագիրը կը մնան անյայտ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պայթում մը թիրախ դարձուց Զահլէի մէջ գտնուող ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Կանուխ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՑՈՅՑԵՐ Կ՛ՈՂՈՂԵՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ
Համրայի Մաքտիսի փողոցին մէջ գտնուող սուրիական դեսպանատան առջեւ երէկ տեղի ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցող ցոյցեր: Շուրջ երկու հազար սուրիացի աշխատաւորներ Պէյրութի մէջ բացագանչեցին Սուրիոյ նախագահին զօրակցող կարգախօսներ, ինչպէս ... Շարն.
ՉՈՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂՈՂ ՑՈՅՑԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԺԻՊԷՅԼԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Համայնքային խտրութիւնը մերժող, անձնաթուղթին մէջ նշուած յարանուանական պատկանելիութեան ջնջումը պահանջող եւ համայնքային վարչակարգին տապալումին զօրակցող կեդրոնական Դ. ցոյցը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի մէջ: Հազարաւոր ցուցարարներ Ամշիթէն ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախագահութեամբ, երէկ Պէյրութի «Պօ Ռիվաժ» պանդոկին մէջ կուսակցութիւնը գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ ներլիբանանեան առումով զէնքին օգտագործումը, ... Շարն.
ՈՒԱՀԱՊ. «ՍՈՒՐԻԱ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ Սուրիոյ Սուէյտայի նահանգին մէջ հաստատեց, որ Սուրիա ամբողջ շրջանին գոյութեան երաշխիքն է` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը խախտի, ապա ամբողջ Միջին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ապահովական ուժերը երէկ ամբողջ երկրին տարածքին զանազան յանցանքներով ձերբակալեցին 67 յանցագործներ: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ
Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 26 մարտ 2011-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 28 մարտին: Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան երկրագործութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասանն ու Ռայա Հասանը, որոնց հետ քննարկեց անոնց ստանձնած նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր: Նախագահական ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պքերքէ` անձամբ շնորհաւորելու համար շուրջ շաբաթ մը առաջ ընտրուած մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Մարոնիներու պատրիարքին կողքին ներկայ ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ՈՐ ՄԻՔԱԹԻԻ ՎՐԱՅ ՈՒԺԳԻՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԲԱՆԵՑՈՒԻ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ եւ Ժոմպլաթ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
«ԱՐԱՊՆԵԹ 2011-ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ»Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` «ՀԱՊԹՈՒՐ»Ի ՄԷՋ
«Հապթուր» պանդոկին մէջ նախանցեալ օր սկսաւ «Արապնեթ 2011 - թուային անցման շրջան»ի համագումարը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին: Համագումարին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ` նախարար Շարպել ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ այցելեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող գործարանները, որոնք տուժած էին 2006-ի յուլիսեան պատերազմին պատճառով: Նախարար Տէտէեան գործարաններուն մէջ բացումը կատարեց նոր զետեղուած սարքերուն, որոնք Հարաւային արուարձաններուն ... Շարն.
7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Պեքաայի մէջ անյայտ կորսուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքը երէկ շարունակուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Նշենք, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները հեծելանւորդներ էին, որոնք իրենց հեծանիւներով կը գտնուէին Զահլէի ... Շարն.
ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է Լիբանանի ճակատագիրին: Ռայի պատրիարքը Մարոնիներու լիբանանեան միաբանութեան անդամները ընդունելու ընթացքին շեշտեց, որ Պքերքէ բոլորին տունն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին կողմէ հրապարակուող «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին յուլիսեան պատերազմի հանգրուանին, կ՛ըսեն հետեւեալը. - Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ... Շարն.
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
26-էն 27 մարտի լուսցող գիշերը Լիբանան կ՛անցնի ամառնային ժամանակացոյցին: Առ այդ, նախարարաց խորհուրդին որոշումով, շաբաթ, 26 մարտի կէս գիշերին ժամացոյցներուն սլաքները մէկ ժամ առջեւ պէտք է բերուին: Շարն.

